Thursday, November 1, 2012

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 6 Նոյեմբեր 2012

1
                              ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ
2      Խմբագրութեան Խօսքը
3      Աղօթքի երեկոյ – Նայիրի Մելքոնեան
5      Մահացած է արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան
5      Հասան Ճէմալ փլցուց հայկական թապուն
6      Թէքնոլոճի
7      Սայաթ Նովա - Յասմիկ Սաղտճեան
10      Հայկական նուագարաններ - Վանիկ Գլնճեան
        Մեր պատանի գրիչ շարժողներ
12     -Մօր մը քաջութիւնը - Արփի Ինճէճիկեան
13     -Կասիոս լեռ - Մակի Աբէլեան
14      Լաւ խօսքի առաջին նշանը - Լեւոն Հախվերտեան
16      Յաջողութեան գաղտնիքը -Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան
18      Վերնատունը -Րաֆֆի Ճուրեան
21      Քեսապի դափնին -Ստեփան Աբէլեան
22      Գարատուրանի Ծովեզերքին - Վանիկ Գլնճեան
23      Շնորհակալիք
       Հայերէն Ճիշդ Գրենք եւ Խօսինք
 
24     Ժամանց – Խաչբառ թիւ 6 եւ թիւ 5ի լուծումը
 
2

Խմբագրութեան խօսքը
 
Փառք ի Բարձունս Աստուծոյ :
Ամերիկեան տօն է Շնորհակալութեան Տօնը , սակայն խոր է իր իմաստով եւ իր ունեցած բարոյական նշանակութեամբ :
Քեսապի մէջ մենք բազում պատճառներ ունինք փառք տալու առ Բարձրեալն .
Փա՛ռք որ առողջ ենք բոլորս ֆիզիքապէս:
Փա՛ռք որ մեր տրամադրութիւնները բարձր պահել գիտենք հակառակ Հայրենիքի դիմակալած վտանգներուն :
Փա՛ռք որ խժդժութիւն յառաջացնողներուն դիմաց մեզի զօրաւիգ կանգնողներ կան աշխարհի ամէն կողմ:
Փա՛ռք որ տակաւին մեր կրթա-մշակութային կեանքը հայօրէն կրնանք շարունակել հակառակ նիւթական ու ապահովական ոչ նպաստաւոր պայմաններուն :
Փա՛ռք որ տակաւին մեր Հայրենիքը կանգուն է եւ կայուն : Առանց կայունութեան չկայ ապահովութիւն, չկայ յառաջդիմութիւն , չկայ մարդավայել կեանք:
Մեր ձայնը կը միացնենք բոլոր բարի կամեցողութիւն ունեցող անձերու աղօթքին , որ հայրենիքն ու անոր քաղաքական, կրթական, ռազմական , տնտեսական , ընկերային թէ մշակութային կեանքը անսասան պահէ : Թող Բարձրեալը Քեսապահայութեան շնորհէ միասնականութիւն եւ ապահովութիւն :
Փա՛ռք Բարձրեալին , որ Կասիոս Լրատուի վեցերորդ թիւի հրապարակումը չընդմիջուեցաւ տիրող կացութեան պատճառաւ . ընդհակառակը, մեր ուրախութիւնը կը բաժնենք մեր ընթերցողներուն հետ , նոր ստորագրութեան մը յաւելման առիթով:
Փառք ի Բարձունս Աստուծոյ Իր մեզի շնորհած այս օրուան համար :
                                                                                                           Խմբագրութիւն
Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ , Տիկ. Անի Չիւրիւքեան- Աբէլեան - Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան , Պրն. Րաֆֆի Ճուրեան :
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին .gasioslradou@gmail.com
 
3

Աղօթքի Երեկոյ Նուիրուած Սուրիոյ Խաղաղութեան
«Եթէ Աստուած մեր կողմն է , ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ:» (Հռ 8.31)
Կիրակի՝11 Նոյեմբեր 2012-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ,Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աղօթքի Երեկոյ նուիրուած Սուրիոյ խաղաղութեան, մասնակցութեամբ Քեսապի երեք համայնքներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Միաբանութեան անդամ՝ Հոգեշնորհ Տէր Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան հրաւիրեց ներկաները հաւատքով աղօթելու, խաղաղութիւն խնդրելու Աստուծմէ նախ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն ու յետոյ մեր շրջանակին,մեր Սուրիական հայրենիքին եւ մեր Քեսապին, կատարելապէս վստահելով Աստուծոյ եւ ապաւինելով Անոր:
Երեք եկեղեցիներու դպրաց դասերը հոգեւոր երգերով ու շարականներով երկիւղածութիւն եւ շնորհակալութիւն բարձրացուցին առ Աստուած:Քեսապի Ս.Աստուածածին եւ Ս.Միքայէլ Եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու երկու ուսուցչուհիներ կատարեցին Սաղմոսի ընթերցում:
Հայ Աւետ.Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Սեւակ Թրաշեան ընթերցեց Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած Բ.նամակէն 4.8-10 համարները եւ բացատրեց ըսելով թէ այս ճգնաժամային օրերուն, հետեւելով Պօղոս Առաքեալի օրինակին, մեզմէ կը պահանջուի չյուսահատիլ եւ Քրիստոսի մէջ տեսնել միակ յոյսը եւ լոյսը,որովհետեւ կը հաւատանք որ Քրիստոս Ինքն է մեր առաջնորդը:
Պէյրութէն ժամանած Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ երկիրը խաթարող բոլոր վտանգներուն, կարողացաւ Քեսապ գտնուիլ իր հոգեւորականի պարտականութիւնը կատարելու:Ան վստահեցուց թէ՝ Աստուած մեր ժողովուրդին հետ է եւ մենք կը վայելենք Անոր պաշտպանութիւնը: Իր խօսքը աւարտեց ընթերցելով Պօղոս Առաքեալի Հռոմայեցիներուն ողղած նամակէն
(8.31 – 39):
 
4

Հայր Վարանդ վրդ.Քորթմոսեան ընթերցեց Մատթէոսի Աւետարանէն 10.26-31 համարները եւ շեշտեց թէ առանց Աստուծոյ գիտակցութեան ոչինչ կրնայ պատահիլ մեզի:«Մի վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել: Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ,որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ:»:Հայր սուրբը աւելցուց ըսելով.-«Մենք բոլորս ալ ունինք այն գիտակցութիւնը, որ ոչ մէկ զօրութիւն երկրի վրայ կրնայ մեզ Աստուծոյ սէրէն հեռացնել եւ ոչինչ կրնայ պատահիլ առանց Հօր Աստուծոյ կամքին:Ան յիշել տուաւ , որ մեր բոլոր մեծ սուրբերը իրենց կեանքով եւ իրենց մարտիրոսութեամբ մեզի օրինակ հանդիսացած են ,գիտակից՝ որ կ'երթային դէպի յաւիտենական սէր:Արդ,մենք պէտք չէ վախնանք:Մեր հոգին կրթե՛նք եւ լեցնե՛նք Աստուածային զօրութեամբ: Պօղոս Առաքեալի նման համբերութեամբ տանինք ոեւէ դժուարութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք որ ինչ որ ալ պատահի մենք Աստուծմէ չենք հեռանար:»
Հայ Կաթողիկէ Ս.Միքայէլ եկեղեցւոյ հովիւ՝ գերապատիւ Տէր Գարեգին վրդ. Քէօշկէրեան ընթերցեց Նարեկէն Թ.հատուածը:Իր խօսքին մէջ յիշեց թէ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ամենամեծ սուրբերէն մէկն է Նարեկացին:«ՆԱՐԵԿ» աղօթագիրքը եղած է մեր ժողովուրդին համար երկրորդ Աստուածաշունչը:Ան խնդրեց որ մեր աղօթքները բարձրացնենք Սուրիոյ խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար:
Ապա խումբ մը երիտասարդներ ընթերցեցին վեց կէտերու մէջ ամփոփուած խնդրանքներ եւ հաւատացեալ ամբոխին մասնակցութեամբ խնդրեցին Աստուծմէ, որ իր հովանին անպակաս ընէ Սուրիոյ վրայէն , իմաստութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն արիւնահոսութիւնն ու անմարդկային ոճիրները:
Աւարտին,Հայր Վարանդ իր պատգամով պատուիրեց որ «Ան որ կը խնդրէ պիտի գտնէ:Եթէ դուռը զարնենք , Աստուած պիտի պատասխանէ » : Ան խնդրեց Աստուծմէ որ օրհնէ մեր աւանը եւ անոր զաւակները , քեսապահայութեան պարգեւէ անխախտ հաւատք,սէր եւ
 
5

եւ միութիւն,որովհետեւ Քեսապը իր երեք համայնքներով, դպրոցներով եւ միութիւններով զօրութեան մարմնացումն է:Ինչպէս նաեւ յիշեց բոլոր անոնք որոնք գերի ու պատանդ բռնուած են: Խնդրեց Աստուծմէ,որ զանոնք ողջ առողջ վերադարձնէ իրենց տուները եւ անոնց ծնողներուն համբերութիւն ու մխիթարութիւն պարգեւէ:
Պահպանիչով եւ «Հայր Մեր»ով վերջ գտաւ այս երեկոն,որ հոգեկան մեծ խաղաղութեամբ եւ հաւատքի առաւել կայունութեամբ զօրացուց հաւատացեալներուն սրտերն ու հոգիները:
                                                                                                                     Նայիրի Մելքոնեան 

Մահացած Է Արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան 
20 Նոյեմբեր 2012 -ին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան: Ան հիւանդանոցը կը գտնուէր լեղապարկի վիրահատութեան ենթարկուելու համար, սակայն վիրահատութեան ընթացքին ծագած բարդութիւնները պատճառ դարձած են անոր մահուան: 5 փետրուար 1957-ին Գիւմրիի մէջ ծնած Ֆլորա Մարտիրոսեան հիմնադիրն է Կոմիտասի անուան միջազգային երաժշտական դպրոցին, Արուեստագէտներ խաղաղութեան համար բարեսիրական կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ «Երբեք կրկին» մշակութային շարժման նախաձեռնողը հանդիսացած է:
 
Հասան Ճէմալ Փլցուց Հայկական Թապուն
Յայտնի լրագրող Հասան Ճէմալ վերջերս հրատարակեց «1915-ի Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ գիրք մը, որ յատկանշական է շատ մը առումներով, մանաւանդ՝ անով, որ Հասան Ճէմալ թոռն է Ճէմալ Փաշային, որ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն մին է:
Գիրքին մասին արձագանգեց նաեւ ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթը, որ գրեց թէ Հասան Ճէմալ Թուրքիոյ մէջ փուլ տուաւ հայկական թապուները: Թերթին Իսթանպուլի աշխատակիցը Կիյոմ Փէրիէն է որ ստորագրած է թղթակցութիւնը, ուր կը նշուի որ այս գիրքին հրատարակութիւնը անցեալի հարցերը լոյս աշխարհ բերելու տեսակէտէն շատ կարեւոր քայլ մըն է: Փէրիէ, «Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը գրէ որ Հասան Ճէմալին գիրքին միայն անունն իսկ անցեալի մէջ կը բաւէր , որպէսզի հեղինակը
 
6

բանտարկուէր: Բայց հիմա այս գիրքը թապուները կը փլցնէ երկրի մը մէջ, ուր այսօր ալ կը ժխտուի այն վարկածը, թէ աւելի քան մէկ միլիոն հայ մարդ սպաննուեցաւ 1915-ին: Փէրիէ կարեւոր յառաջդիմութիւն կը նկատէ այն փաստը, թէ Հասան Ճէմալի գիրքը հիմա Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ գրախանութներու ցուցափեղկերուն մէջ կը ցուցադրուի առատօրէն:
Փէրիէ եւս կը յիշեցնէ, թէ Հասան Ճէմալ հայկական ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն Ճէմալ Փաշային թոռն է եւ ան հիմա ամենայն հանգստութեամբ կ'ընդունի ու կը գործածէ «ցեղասպանութիւն» բառը: Ֆրանսացի լրագրողը դիտել կու տայ, որ այսօր բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ՝ ցեղասպանութիւն բառը գործածելու կամ չգործածելու երկընտրանքին դիմաց մնացած են: Թուրքիոյ մէջ, մեծամասնութիւնը այս բառը լսել իսկ չուզեր, ոմանք կը նախընտրեն գործածել բառեր, ինչպէս «ողբերգութիւն», «աղէտ», որոնք նուազ պահանջատիրութեան ճամբայ կը բանան: Բայց Հասան Ճէմալ անոնցմէ չէ: Ան Մորկընթաուի մասին Լոս Անճէլոսի մէջ ունեցած հրապարակային ասուլիսի ընթացքին եւս հանգիստ կերպով գործածեց ցեղասպանութիւն բառը: Գիրքի կողքին վրայ ալ արդէն ցեղասպանութիւն բառը գործածուած է առանց չակերտի:

Թէքնոլոճի
Դիւրացման բանալիները կրնան օգնել մեզի ձեռք բեռել կատարուած աշխատանքը աւելի արագ եւ դիւրին կերպով:
Եթէ ձեր ամենօրեայ աշխատանքը կ՛ապաւինի օգտագործելով"Windows", այստեղ են կարեւորագոյն ստեղնաշարի կարճուղիներ(shortcuts): (խմբ.)

● Ctrl+A (select all) բոլորը ընտրել
● Ctrl+B (bold) հաստ
● Ctrl+C (copy) պատճեն
● Ctrl+F (search) փնտռել
● Ctrl+I (italicize) շեղակի
● Ctrl+L (align text left) նիւթը շարել ձախ կողմէն
● Ctrl+N (new file) նոր թղթածրար
● Ctrl+P (print) տպել
● Ctrl+R (align text right) նիւթը շարել աջ կողմէն
● Ctrl+S (save) պահել
● Ctrl+U (underline) ընդգծել
● Ctrl+V (paste) կպցնել
● Ctrl+W (close all windows) բոլոր պատուհանները գոցել
● Ctrl+X (cut) կտրել
● Ctrl+Y(redo) կրկնել
● Ctrl+Z (undo) ետդարձ
 
7

Սայաթ-Նովա
(1712-1795թթ.)

           «Մարդ իր խօ՛սքով կը ճանաչուի, թէկուզ շահի վեզիր կարգէն, 
        Անա՛զնիւն ազնիւ չի՛ դառնայ, թէկուզ դեսպան, նազիր կարգէն,
           Թէ ուզո՛ւմ ես, որ ամենուր քու ասա՛ծները միշտ յարգեն, 

       Սա՛յաթ-Նովա, խօսքդ ասա՛ ճարտար նետաձիգի նման»:
2012 թ.-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մեծ շուքով կը նշուի մեծատաղանդ երգիչ-աշուղ, երաժիշտ ու բանասէր, հոգեւորական, մշակոյթի առաքեալ Տէր Ստեփանոս քահանայի ծննդեան 300-ամեայ յոբելեանը:Առիթն է մէկ անգամ եւս վերյիշելու 300-ամեայ հայ երաժշտարուեստի իւրօրինակ հարուստ պատմութիւնը, որը, գալով ժամանակներու խորքէն՝ այսօր ալ կենսունակ կը համարուի եւ իր արժէքները կը մատուցէ հայ ժողովուրդին: Խօսքը՝ Սայաթ-Նովայի՝ համամարդկային արժէք ներկայացնող բանաստեղծի գրական ժառանգութեան մասին է: Մե՛ծն Սայաթ-Նովա, հայ ժողովուրդի անմահ աշուղ-բանաստեղծ, խաղերգու, մեզ աւանդած բարձրարժէք ստեղծագործութիւններդ ամէն մէկ հայու համար պատիւ է ո՛չ միայն կատարելը, այլեւ ունկնդրելն անգամ: Ամէն մարդ չէ, որ կարող է ընկալել աշուղի ստեղծագործութիւններու ոգին, ինչպէս եւ ինքը՝ բանաստեղծը կը գրէ.
 - «Ամէն մարդ չի կանայ խըմի՝ իմ ջուրըն ո՜ւրիշ ջըրէն է.
    Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ՝ իմ գիրըն ո՜ւրիշ գըրէն է.»
Սայաթ-Նովա (Յարութիւն Սայաթեան, թրգմ.՝ որսորդի թոռ կամ երգի որսորդ) ծնած է 1712թ. Թիֆլիս, Վրաստան: Նախնեաց հայրենիքը, ամենայն հաւանականութեամբ ,եղած է Կիլիկեան Հայաստանը:
Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ պահպանուող՝ Ս.-Նովայի ձեռքով գրուած կրօնական ժողովածուի յիշատակարանի մը մէջ յիշուած է , որ անոր հօր անունը Կարապետ էր՝ ծնունդով Ատանայ կամ Հալէպ:
Մայրը՝ Սառա , մեծանուն հայ բանաստեղծ Նաղաշ Յովնաթանի թոռնուհին, ծագումով Լոռեցի էր:
Սայաթեաններու ընտանիքը կանուխէն տեղափոխուած է Թիֆլիսի մերձակայ գիւղ մը, ուր մանուկ Յարութիւն ջուլհակութիւն սորված է ծնողքին կամքով։ Հայրական եւ մայրական կողմի տաղանդաւոր աշուղներէն, բանաստեղծներէն եւ արուեստագէտներէն ժառանգեց ոչ միայն ընտիր հայերէնն ու բանաստեղծական մշակումի արուեստը, այլեւ՝ հայ ժողովրդական երգ ու պարի աւանդները։ Յարութիւն Սայաթեան, հայերէնի կողքին, կը տիրապետէր նաեւ վրացերէնի եւ ազերիական թրքերէնի, ինչպէս եւ կարեւոր չափով պարսկերէնի ու մասամբ արաբերէնի։
 
8

Կ'ենթադրուի, որ 15 տարեկանին ան գերեվարուած է եւ շուրջ 4 տարի դեգերած է Արեւելքի երկրներում: Ճամբորդած է Պարսկաստան եւ հասած մինչեւ Հնդկաստան։ Ուխտի գացած է Տարօն աշխարհի Ս. Կարապետ վանքը, որ կը նկատուէր ժամանակի աշուղներուն հոգեմտաւոր հասունացման ուխտատեղին։
Արդէն հռչակաւոր աշուղ էր եւ Սայաթ¬Նովա (պարսկերէն՝ Երգի Որսորդ) անունով մկրտուած, երբ հրաւիրուեցաւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին կողմէ արքայական պալատ՝ պաշտօնապէս արքունի աշուղ կարգուելով։
Մեծն Աշուղին կնոջ անունը Մարմար էր, իսկ զաւակները չորսն էին՝ Մելիքսեթ, Օհան, Սառա, եւ Մարիամ: Ըստ տեղեկութիւններու, Մելիքսեթ որդու ժառանգը՝ Տէր Մովսէս Սայաթեանը, Խաչատուր Աբովեանին պսակադրող քահանան եղած է, իսկ նրա ծոռնուհիներէն մէկը՝ Պերճ Պռոշեանի կինը: Թիֆլիսի Խոջեվանքի գերեզմանատանը պահպանուած է Ս.Նովայի կնոջ շիրմաքարը, վրացերէն հետեւեալ մակագրութեամբ.
«Էս գերեզմանում կա Սայաթ-Նովու կողակից Մարմարը: Ինձ ողորմի ասէք»:
Սայաթ¬Նովա երկար ծառայեց Հերակլ Բ.ի, վրացական աշուղական բանաստեղծութիւնը հարստացուց հայկական եւ պարսկական պատուաստումով, ինչպէս նաեւ հայ մեծ գուսանը վճռորոշ դեր ունեցաւ պարսկական արշաւանքներու դէմ հայ¬վրացական¬թաթարական զինակցութիւն առաջացնելու գործին մէջ։
Բանասէրները տարակարծիք են, յատկապէս, վրաց արքունիքէն ներս Սայաթ¬Նովայի ապրած մեծ սիրոյ ողբերգութեան մասին, որ կենսայորդ աղբիւրը եղաւ իր երգերուն եւ բանաստեղծութեան։ Վրաց թագաւորին մօտ Սայաթ¬Նովայի վայելած վստահութիւնը ծանր հարուած ստացաւ, երբ արդէն ամուսնացած ու զաւակներու տէր բանաստեղծը սիրահարուեցաւ թագաւորի դստեր կամ քրոջ՝ Աննային։ Անյոյս այդ սէրը այնքան մեծ էր ու խոր, որ Սայաթ¬Նովա մինչեւ իր վախճանը տառապեցաւ ու երգեց անոր ներշնչումով։
Հազարը անցնող աշուղական իր երգերն ու խաղերը, երեք լեզուներով, տարածուեցան բերնէ բերան, ջերմացուցին եւ ծաղկեցուցին ժողովուրդի կեանքին ուրախ եւ տխուր պահերը հաւասարապէս։ Եւ արժանացան յաւերժութեան։ 1759ին Սայաթ¬Նովա քահանայ ձեռնադրուեցաւ Տէր Ստեփանոս անունով՝ ոմանց կարծիքով վրաց Հերակլ Բ. թագաւորի ճնշումին տակ, որ կ'ուզէր իր պալատէն հեռացնել զինք, իսկ այլ բանասէրներու կարծիքով՝ սիրահար բանաստեղծը պարզապէս ապաշխարելու նպատակով նուիրուեցաւ հոգեւորականի ծառայութեան։
 
9

Ան հոգեւոր հովիւ եղած է Պարսկաստանի Գիլան նահանգի Էնզելի քաղաքի, ուր 1761 թ.-ին արտագրած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» պոեմը:
Դեռ արքունիքէն վտարուելէն առաջ, յոգնած աշխարհէն, ան կը գրէ.«Երէկ լաւ էր, քանց վուր էսօր-վաղերում էն բեզարել իմ. մարդ համաշա մէկ չի ըլի- խաղերումէն բեզարիլ իմ.չունիմ վաղուան քաղցր փառքս, հիմի դառն շատացիլ է»:

1795թ–ի Սեպտեմբերին Հայաստան Աշխարհի վրայ արշաւած Աղա Մոհամմէտ խան անունով ասպատակի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող պոկուեցաւ կեանքի թելը հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն Սայաթ-Նովայի։ Հասուն տարիքին (1759ին) քահանայ ձեռնադրուած՝ հայ մեծ Աշուղն ու Բանաստեղծը իր վերջին շունչը աւանդեց Հաղբատի վանքին մէջ, իբրեւ կտակ արձանագրելով, թէ «Չըխմամամ քիլիսէտէն, տէօնմէմէմ իսա՛տէն (ազերիական թրքերէնով‘ դուրս չեմ գար եկեղեցիէն, չեմ հրաժարիր աղօթքէն)...

Այսօր Սայաթ¬Նովայէն ունինք, գրաւոր պահուած, աւելի քան 230 հայերէն բանաստեղծութիւն։ Սայաթ¬Նովայի անզուգական ժառանգութիւնը փրկելու եւ մեր ժողովուրդին մատչելի դարձնելու դժուարին, այլեւ երախտաշատ գործին մէջ հիմնական եղաւ ներդրումը Սայաթնովագիտութեան հիմնադիր՝ հայագէտ Գ. Հախվերդեանի։ 1848ի Մայիսին ձեռք բերելով աշուղի «Դավթար»ը (Տետր), հետազօտական քրտնաջան աշխատանքէ ու որոնումներէ յետոյ, 1852ին ան լոյս ընծայեց Սայաթ¬Նովայի հայերէն խաղերու առաջին ժողովածուն (46 խաղ)՝ կցելով բանաստեղծի կենսագրութիւնը, Թիֆլիսի բարբառի քննութիւնը եւ առանձին ոտանաւորներու բառապաշարին վերաբերեալ արժէքաւոր մեկնաբանութիւններ։

Սկսեալ 1914թ. ամէն տարի Մայիս ամսուն Ս.Կրիկոր եկեղեցւոյ բակի մէջ կը մեծարուի Սայաթ Նովայի յիշատակը՝ ժողովրդական այցելութեամբ եւ վարդատօնով (նախաձեռնողը եղած է Յ.Թումանեան):
Սայաթ¬Նովան իր ներաշխարհով ու արուեստով մեր ժողովուրդին ծանօթացնելու գործին մէջ մեծ եղան Նիկոլ Աղբալեանի, Պարոյր Սեւակի, բանասէր Մօրուս Հասրաթեանի գիտական եւ ճանաչողական աշխատանքները:
Մեծն աշուղը հսկայական դեր ունի ուշ միջնադարի հայ գրական, հոգեւոր եւ մշակոյթի զարգացման եւ պահպանման ասպարէզին մէջ: Ան հայ գուսանական-աշուղական ժողովրդային քնարերգութեան բարձրակէտն է, բնութիւնէն շռայլօրէն օժտուած արուեստագէտ, որ վերածնած է գուսանական
 
10

արուեստը՝ հայոց կեանքի մասնատման ու անկման հետեւանքներէն յետոյ: Հայ իրականութեան մէջ առաջին բանաստեղծն է , որ բազմալեզու ստեղծագործութեամբ մեծ դեր խաղացած է Կովկասի ժողովրդի հոգեւոր մերձեցման գործում:

-«Կ'ուզեմ կեանքս անցկացնել, որ՝ օրս սեւերես չըլնի, 
Թէկուզ հազար վիշտ ունենամ՝ դարըս սեւերես չըլնի, 
Ջանք անեմ, բարու հանդիպեմ՝ չարըս սեւերես չըլնի, 
Գլուխս չարից ազատեմ՝ որ այն սեւերես չըլնի, 
Երեսս ամօթխած պահեմ՝ պատիւս սեւերես չըլնի»:
Ս. Նովան եղած է ու կը շարունակէ մնալ գերազանցապէս մտերմիկ, նուրբ ու զգաստ զգացողութեամբ մաքուր եւ զուսպ սիրոյ ամենազեղուն երգիչը: Իր հրաբորբոք սիրտը թեւեր առած կը գեղգեղէ իր գոզալին ներկայութիւնը, խորհրդաւոր ու անտեսանելի նուրբ յատկանիշներն ու առաքինութիւնները: Արդ, մեր մեծագոյն աշուղին լաւագոյնս սպասարկելու առաջադրութեամբ, ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, դեռ Խորհրդային օրերէն, յատուկ բեմական սարքաւորում, Ս. Ն.ի մեղեդիներուն ընկերակցող լարային նուագարաններով գործիքաւորման համակարգ մը, որուն գլխաւոր միտք բանին եղած է սայեաթնովեան ժողովրդային համերգները ճոխացնել եւ, լայնօրէն ընդարձակելով անոնց կատարողական հնչիւնածաւալը, ընդգրկել լայնանիստ դահլիճներ եւ հոծ հասարակութիւն:
                                                                            Համադրեց՝ Յասմիկ Սաղտճեան

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐ
Մեծ է ազգային նուագարաններու դերը ժողովուրդներու երաժշտական, մշակոյթի ասպարէզին մէջ:Ամէն ժողովուրդ ստեղծած է իր ինքնատիպ նուագարանները:Աստիճանաբար, դրացի ժողովուրդներու նուագարանները անցած են միւսին եւ ատոր համար յաճախ նոյն նուագարանը կամ անոր տարատեսակը կը հանդիպի տարբեր ժողովուրդներու քով:
Բազմաթիւ պեղումներէն յայտնաբերուած նիւթերը, ժայռեր, տապանաքարերու վրայի քանդականաշխեր, միջնադարեան մանրանկարներ ,ինչպէս նաեւ պատմիչներու վկայութիւններ ցոյց կուտան որ հին Հայաստանի մէջ օգտագործուած են բազմաթիւ ու բազմատեսակ նուագարաններ Գառնիի մէջ եղած պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած է ոսկորէ պատրաստուած սրինգ մը, որը վերագրուած է Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին: Գոյութիւն ունին նուագարաններու երեք տեսակներ՝ փողային,լարային եւ հարուածային: Հայկական ժողովրդական փողային նուագարաններէն են, եղջերափողը,սրինգն ու շուին,սուսուկն ու փեփուկը, թութակը, բազմափող սրինգն ու բլուլը,
 
11

պարկապզուկն ու պկուն,տուտուկն ու զուռնան: Այս նուագարանները կը պատրաստուին փայտէն, եղեգէն, կենդանիներու կաշիէն ոսկորներէն ու եղջիւրներէն եւ կը գործածուին տարբեր նպատակներով ու առիթնիրով :
Այսպէս հին ժամանակ եղջերափողը կը գործածուէր որսի, նաւագնացութեան, պատերազմներու ժամանակ:Սրինգն ու բլուլը հովուական գործիքներ են, մինչեւ հիմա ալ կարելի է հանդիպիլ լեռնային շրջաններու գիւղերուն մէջ:Սրինգով ու բլուլով կատարուող քնարական հարուստ մեղեդիներով հովիւն իր շուրջը կը հաւաքէր ցրուած անասունները,ազդարարելով տագնապ,ահազանգ գայլերու մօտալուտ յարձակումին: Սրինգի ու բլուլի միջոցով հովիւն արտայայտած է նաեւ իր զգացումները՝ կարօտն ու վիշտը, սէրը:Հովուական մեղեդիներն ալ ստացած են իրենց համապատասխան անունները (Արոտի մեղեդի) (Հովիւի կանչը), (Գառների պար),(Հովիւի վիշտը):

Հայկական փողային նուագարաններու շարքին առանձնայատուկ տեղ ունի տուտուկը:Անոր ջերմ,գեղեցիկ ձայներանգի շնորհիւ տուտուկահարներու երգերու ցանկին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն յատկապէս քնարական մեղեդիները:Տուտուկը անսամպլային նուագարան է,երկու տուտուկահարներէն մէկը կը վարէ հիմնական մեղեդին,իսկ միւսը կը պահէ ձայնարութիւնը:
Զիլ եւ հնչեղ ձայնի շնորհիւ պարկապզուկն ու զուռնան դարձած են ժողովրդական բազմա-թիւ տօնակատարութիւններու, հարսանիքներու եւ այլ հանդիսութիւններու անբաժան ուղեկիցները:
Լարային խումբի կսմիթաւոր նուագարաններէն են բամբիռը, տաւիղը,վինը,շեղթան,սազն ու թառը, քանոնն ու ուտը,իսկ աղեղնաւորներէն՝քամանչան:Լարային այս նուագարաններով նուագած են հայ գուսանական արուեստի յայտնի ներկայացուցիչներ, Նաղաշ Յովնաթանն ու Սայաթ Նովան, Ջիւանին ու Շերամը, Շիրինն ու Աշոտը եւ ուրիշներ:

Հարուածային գործիքներէն են ծնծղան,տափը,նաղարան ու տհոլը որոնք օգտագործուած են ինչպէս զանազան ծիսակատարութիւններու այնպէս ալ ռազմերթերու ժամանակ: Յատկապէս տարածուած են տափն ու տհոլը՝ տափը կը պատրաստեն ձկան,իսկ տհոլը՝ ոչխարի կամ հորթի կաշիէն,ասոնք անսամպլային նուագարաններ են,տհոլը երեակ կը կազմէ տուտուկին եւ զուռնային հետ,իսկ տափը կը մտնէ լարային նուագարաններու անսամպլին մէջ:
Փարիզի համերգասրահներէն մէկուն մէջ միջազգային երաժշտական համաժողով կար:Ելոյթ կ՛ունենային տարբեր երկիրներէն եկած երաժիշտներ եւ կը ներկայացնէին իրենց ազգային երգն ու նուագը:Բեմ կ՛ելլէ Կոմիտաս վարդապետը գրպանէն կը հանէ փոքրիկ նուագարան մը եւ մօտեցնելով շրթունքներուն կը սկսի նուագել:Դահլիճը աստիճանաբար կը լեցուի հեռաւոր Հայաստանի՝ ներկաներուն մինչ այդ անյայտ հրաշալի գոյներով ու ձայներով... պարզ ու համեստ այդ նուագարանը հայկական սրինգն էր:
                                                                                                   Համադրեց՝ Վանիկ Գլնճեան

 12

Մեր Պատանի գրիչ շարժողները
Ուրախութեամբ կը հրապարակենք Քեսապցի երկու պատանիներու ստեղծագործութիւնները եւ կը յուսանք որ յետագային ամէն թիւի մէջ կ'ունենանք նման գրութիւններ որոնք պիտի ճոխացնեն եւ հարստացնեն Կասիոս լրատուի էջերը: (Խմբ.)

Մօր մը քաջութիւնը

Շատ տարիներ առաջ խոր ձորի մը մէջ կար գիւղ մը: Շատ գեղեցիկ գիւղ մըն էր: Ունէր ընդարձակ դաշտեր եւ պարտէզներ՝ լեցուն բազմաբոյր ծաղիկներով, ինչպէս նաեւ լճակ մը ՝գոյնզգոյն ձկնիկներով: Գիւղին անտառներուն մէջ կային նաեւ տարբեր վայրի կենդանիներ:
Գիւղացիները ազատ եւ ուրախ կ'ապրէին , աշխատելով պարտէզներուն եւ դաշտերուն մէջ: Գիւղին ձորին վրայ կար փլատակ հին կամուրջ մը: Օր մը գիւղացիները որոշեցին մագլցիլ ձորը եւ շինել հին կամուրջը: Անտառին մէջ պահուած էին չարագործ աւազակներ, որոնք փախած էին զինւորներէն: Տեսնելով, որ գիւղի տղամարդիկը դուրս ելան գիւղէն՝ անոնք յարձակեցան գիւղին վրայ: Գիւղին կիները եւ պզտիկները պոռացին ՝աւազակներ, աւազակներ... Աւազակները սպառնացին գիւղացիներուն, գողցան փոքրիկ տղայ մը եւ տարին իրենց հետ :
Գիւղը ալ ուրախ չէր: Գիւղացիներու ուրախութիւնը փոխուեցաւ տխրութեան: Պզտիկ տղուն մայրը որոշեց իր կեանքը վտանգել, բայց փրկել իր զաւակին կեանքը:
Օր մը ան շինեց քաղցրահամ օշարակ, մէջը դրաւ գիւղի շրջակայքը աճող տարբեր բոյսերէ շինուած թոյն , իրիկուն մը քալեց դէպի աւազակներուն որջը: Զարկաւ դուռը: Աւազակ մը նայեցաւ դուռի
 
13

անցքէն եւ կասկածանքով հարցուց. «Ի՞նչ կուզես, այ կ'ին»: Կինը պատասխանեց. «Քաղցրահամ օշարակ բերի ձեզի, յուսամ կը սիրէք»: Աւազակը հաւատաց կնոջը, առաւ ձեռքէն օշարակը եւ կանչեց ընկերները խմելու զայն: Յաջորդ առտու գյուղացիները տեսան, որ գողերը ծանր վիճակի մէջ են: Մինչ այդ պզտիկ տղուն մայրը լուր տուած եղած է ոստիկաններուն ,որոնք եկան եւ պաշարեցին աւազակներուն տունը, դուրս հանեցին թոյնէն տկարացած աւազակները եւ ազատեցին պզտիկ տղան:
Աւազակները խստօրէն պատժուեցան, իսկ վախցած պզտիկ տղիկը վերադարձաւ իր ընտանիքին:
Եւ այսպէս, քաջ մայրը կրցաւ խորամանկութեամբ յաղթել աւազակներուն եւ գիւղը դարձեալ սկսաւ ապրիլ խաղաղ, հանգիստ եւ ուրախ :
                                                                             Արփի Ինճէճիկեան (է.կարգ)
 
Կասիոս լեռ

Ի՞նչ պիտի գրեմ . թուղթ մատիտը ձեռքս , նստած կրակարանին մօտ կը մտածեմ , բայց կ'երեւի թէ ջերմութենէն մրափեր եմ:
Ինքզինքս գտայ լայն դաշտի մը մէջ , վեր նայելով տեսայ լեռ մը , որ գլուխը բարձր կը հսկէ իր չորս կողմի գիւղերուն :
Հարցուցի ինքզինքիս արդեօք ի՞նչ է այս լերան անունը ... լեռը լեզու առաւ ու ըսաւ.-
-Ես Կասիոս լեռն եմ:
-Կարծես լսած եմ այս անունը ... Դուն այն լեռն ես որ կանգնած է Քեսապի եւ շրջանի բոլորող հողաշերտին վրայ , չէ՞...
-Այո՛ , կանգնած եմ եւ կը դիտեմ քեսապի ժողովուրդը մեծէն պզտիկ . բայց ափսո՜ս , որովհետեւ շատ կը նեղուիմ երբ Քեսապի ապագան կերտող սերունդը կը ձգէ Քեսապը ու կ'երթայ օտար քաղաքներ ուսանելու կամ աշխատելու : Գիտե՞ս աղջիկս , որ ես շատ կ'ուրախանամ երբ այդ երիտասարդները կ'երթան վերադառնալու խոստումով . բայց ափսոս , որ մեծամասնութիւնը կ'երթան օտարութեան եւ իրենց ընտանեկան օճախը հոն կը կազմեն . ահա այդ մէկը զիս շատ կը նեղացնէ :
 
14
- Այդ մէկը զիս ալ շատ կը նեղացնէ Կասիոս . ես ալ կ'ուզեմ որ ամէնը մնան հոս , իրենց հայրական օճախը շինեն , պահեն իրենց աւանդութիւնները , պահպանեն Քեսապի հայկական դիմագիծը , որպէսզի օր մը պատմութեան մէջ չյիշուի թէ՝ հոս ժամանակին հայաշատ գիւղ մը եղած է :
-Կասիո՛ս , դուն քանի տարի է որ վիթխարի հասակովդ քեսապին կը հսկես:
-Հազարաւոր տարիներէ ի վեր :
-Կասիոս լեռ երկու հարցում կ'ուզեմ հարցնել քեզի, արդեօ՞ք կարելի է :
-Հարցուր , աղջի՛կս , սիրով կը պատասխանեմ .
-Ի՞նչ է կարծիքդ ներկայ քեսապահայութեան մասին :
- Անոնք իմ զաւակներս են . տեսած եմ անոնց նախահայրերը, որոնք տարագրուեցան թուրքերու կողմէ , բայց վերադարձան իրենց պապենական հողերը : Բայց հիմա կը լքեն զայն կամաւոր ...
Կ'ընդմիջեմ զինք ըսելով .-
Իսկ Թուրքե՞րը ...
Անոնք մեր թշնամիներն են , մեզ ջարդեցին ... ի՞նչ կ'ուզես որ ըլլայ իմ կարծիքս անոնց մասին ... բան մը կ'ուզեմ ըսել ...
-Ըսէ՛ :
-Դուն բարեբախտաբար թուրքիոյ հողերուն վրայ չես ապրիր եւ այդ վատ զգացումը ամէն օր չես զգար , բայց ես որպէս պատմութեան վկայ , արդէն իմ կէս մարմինս անոնց հողին վրայ է . ես ամէն օր կը տեսնեմ այդ աւազակները ...
Կ'արթննամ , ափսոս որ երազ էր . բայց հաճելի էր որ խօսակիցս հսկայ լեռ մըն էր եւ կը բաժնեկցէր իմ զգացումներս , որպէս Քեսապցի ...
                                                                        Մակի Աբէլեան (Ժ. Կարգ)

Յաջորդական լրատուի թիւերուն մէջ պիտի հրապարակենք մաս առ մաս գրականագէտ, բանասէր եւ հրապարակագիր՝ Լեւոն Հախվերտեանի « Զրոյցներ հայերէնի մասին » հատորէն շահեկան բաժիններ : (Խմբ.)

 
15

1.- Լաւ խօսքի առաջին նշանը

Մի կարծէք թէ «լաւ խօսք» ը բոլոր մարդիկ նոյն ձեւով կը հասկնան: Մարդիկ կան որ «լաւ խօսք» , գրաւոր թէ բերանացի , կը նկատեն դժուարամատչելի բառերով հիւսուած փարթամ խօսքը : Ուրիշներ ալ կան որ յստակ , պարզ , ամէնուն մատչելի խօսքը կը հաւնին: Ոմանց դիւր կու գայ մաքուր գրական խօսքը , ուրիշներուն ՝ ժողովրդական ոճերով , մինչեւ իսկ գաւառաբարբառային դարձուածքներով համեմուած խօսքը : Ճաշակի խնդիր է:
Կ՛ըսուի թէ ճաշակի մասին չեն վիճաբանիր (թող որ ատոր վրայ յաճախ վիճաբանին , եւ բաւական մեծ կիրքով , անզիջում ) : Ի՜նչ որ ըլլայ , լաւ խօսքը յատկութիւն մը ունի որ անվիճելի է , բոլոր ճաշակներուն համար պարտադիր :
Ի՞նչ է այդ:
Անտարակոյս ՝ խօսքին ճիշդ , ստոյգ ըլլալը :
Հասկնալու համար թէ ասով ի՜նչ ըսել կ'ուզենք , փորձեցէք երեւակայել թէ ի՜նչ պիտի ըլլար , եթէ մարդիկ զրկուած ըլլային խօսելու , ճիշտ խօսելու ընդունակութենէ : Շոգեկառքերը պիտի կենային , որովհետեւ մեքենավարը պիտի չգիտնար թէ ո՛ր ուղղութեամբ մեկնելու է : Թերթեր պիտի չտպագրուէին, ձայնասփիւռը , պատկերասփիւռը պիտի լռէին , ու մենք պիտի չգիտնայինք թէ ի՛նչ կ'անցնի կը դառնայ երկրագունդի վրայ , աշխարհի տարբեր ծայրերը : Հեռաձայնը պիտի դառնար անպէտ առարկայ մը . մարդիկ պիտի չկարենային հաղորդակցիլ , բացատրուիլ , ուրեմն ՝ շարունակել իրենց համատեղ գոյութիւնը , եւ պիտի թուէր մեզի թէ անծանօթ մոլորակ մը ինկած ենք ուր ոչինչ մատչելի է մեզի :
Կը յիշէ՞ք Բաբելոնի աշտարակաշինութեան առասպելը : Բաբելացիք կ'որոշեն այնպիսի աշտարակ մը կառուցանել որ մինչեւ երկինք հասնի : Կը սկսին գործի : Մարդոց այս յանդգնութիւնը մեծապէս կը բարկացնէ զԱստուած , եւ իրենց ծրագիրը վիժեցնելու համար Ան ամենէն լաւ միջոցը կը գտնէ . կը խառնէ անոնց լեզուն : Մինչ այդ պահ մը առաջ զիրար հասկցող մարդիկ կը սկսին խօսելու տարբեր լեզուներով , եւ այնպիսի շփոթ մը ծայր կու տայ իրենց մէջ, որ կատարեալ իրարանցում կը սկսի : Այլեւս ի՜նչ շինարարութիւն , ի՜նչ բան . գործը փառաւորապէս կը ձախողի :
 
16

Առանց զիրար հասկնալու ՝ մարդիկ ոչինչ կրնան ընել ,- կը խրատէ այս հինաւուրց իմաստուն առասպելը :
Ըսենք նաեւ թէ լեզուն ոչ միայն ներկայիս մարդոց հաղորդակցութեան գործիքն է , այլեւ այն միակ միջոցը որով տարբեր սերունդներ , տարբեր դարաշրջաններ «կը խօսին» իրարու հետ : Լեզուն է որ կ'արձանագրէ , կը պահպանէ , յաջորդաբար սերունդներուն կը փոխանցէ մարդկութեան ձեռք ձգած գիտելիքները, փորձառութիւնը : Գիտենք թէ Իսահակ Նիւթըն գտած է Երկրի Քաշողութեան օրէնքը : Ի՞նչպէս պիտի կարենար ան իր ժամանակակիցներուն եւ յաջորդող սերունդներուն հաղորդել իր գիւտը , եթէ ոչ միայն լեզուի միջոցով : Լեզուի շնորհիւ է որ մենք իրազեկ կ'ըլլանք թէ ի՛նչպէս աշխատած , ապրած , մտածած են մարդ արարածները , մեզմէ հազարաւոր դարեր առաջ: Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր գիտնականները գլուխ կը կոտրեն գտնելու համար հեռաւոր ժամանակները ապրած ու անհետացած , բայց իրենց գիրերը ձգած լեզուներու բանալին . որպէսզի գիտնան թէ ինչե՛ր եղած են այն ատենները , եւ ի՛նչպէս եղած են :
Վերջապէս՝ Լեզուի միջոցով է որ մենք կարելիութիւնը ունինք ուրիշին հաղորդելու մեր միտքերը , զգացումները , մեր վիշտերը եւ ուրախութիւնները , մեր համակրանքը եւ հակակրանքը :
Ուրեմն՝ որքան ճիշտ , ստոյգ ըլլայ մեր խօսքը , ան այնքան աւելի լաւ պիտի ծառայէ կէտ նպատակի մը ՝ մարդոց իրերահաղորդակցութեան : Իսկ ստոյգ խօսքը աւելորդաբանութիւններէ զերծ , միտքի կամ յուզումի էութիւնը ճիշդ ընտրուած բառերով արտայայտող խօսքն է անշուշտ :
Այդպիսի խօսքը ձեռք ձգելու , մշակելու է . այդ ինքնիրենը չի գար , այլ ջանք եւ աշխատանք կ'ուզէ ... (Շարունակելի)


Վերնատունը

Այս տողերը կարդացողներէն ոչ ոք տեսած է «Վերնատունը».Բայց արդեօք լսա՞ծ էք վերնատան մասին: «Վերնատունը» ,այն պատմական վայրը որուն նմանը չէ տեսած մեր հայ մշակոյթի երկարամեայ պատմութիւնը.չէ տեսած գրական, ստեղծագործական ,ընկերային ու մարդկային այսքան մտերմութիւն վայելած ուրիշ ոչ մէկ շրջանակ:
Եկէք այսօր փակ աչքերով փորձենք տեսնել «Վերնատունը» հետեւելով Լեւոն Շանթի Վանահօր խորհուրդին,«Աշխարհիս երեսին եթէ կ'ուզես տեսնել ինչ որ սրտիդ ուզածն է՝պէտք է նայիս փակ աչքերով»: Փակելով մեր աչքերը դիմենք դէպի Թիֆլիսի Բեհբութեան փողոցի 44րդ տունը,բարձրանանք առանց վերելակի տան 5րդ յարկը , մագլցելով 102 աստիճան եւ մտնենք վերնատուն:Եթէ մեր այս առաքելութիւնը կատարենք վերադառնալով 1899-1904 թուականները եւ մտնենք այդ տունէն ներս, ովքե՞ր պիտի տեսնենք հոն: Նախ պիտի հանդիպինք տանտիրոջ՝մեծն Յովհաննէս Թումանեանին, որ «Նստած դահլիճին մէջտեղը կամ առանձնասենեակի թիկնաթոռին կամ սեղանատան սեղանի գլխին,պիտի զգանք որ սենեակը լիքն է:Թումանեան կը լեցնէ բնակարանը,մարդոց հաւաքոյթը»ինչպէս կ'ըսէ այլ վերնական մը, ամենակրտսերը՝Դերենիկ Դեմիրճեանը,որը այդ օրերուն 22 տարեկան էր միայն:Պիտի տեսնենք նաեւ Ղազարոս
 
19

Աղայեանը,որ համեմատաբար միակ տարեցն էր եւ զոր նահապետ կը կոչէին:Հոն պիտի տեսնենք նաեւ Լեւոն Շանթը , որ տարեկից էր տանտիրոջ եւ երեսուն չկար,Նիկոլ Աղբալեանը որը 26 տարեկան էր եւ վերջապէս Աւետիք Իսահակեանը , որ 24 էր:Մենք կը պատկերացնենք վերոնշեալ վեցը իբր տարիքոտ, պատկառազդու մարդիկ,բայց երբ անոնց «Վերնատան» օրերու տարիքը կ'իմանանք , կ'ըսենք՝ «մարդուս հաւատալն իսկ չի գար»:

Ասոնք էին Վերնատուն «բնակող» վեցեակը,այն օրերուն երբ միջազգային եւ ազգային երկնակամարը համեմատաբար խաղաղ
էր...: Երիտասարդ էին անոնք այդ օրերուն եւ համեմատաբար անհոգ մարդիկ, որ դեռ կամ երեխաներ չունէին կամ երեխաները դեռ փոքր էին, ուստի եւ՝ հայրական հոգերը :

Միասնական էին մանաւանդ գրականութեան դերին ընդհանուր հասկացողութեամբ: Անոնք չէին գիտեր այդ օրերուն ,որ պիտի դառնային հայ գրականութեան դասականները: Չէին գիտեր, որ իրենց վերնատունը գրական մարդոց մտերմութեան փաստացի իրողութիւնն էր եւ թէ օր մը այդ վերնատունը պատմութեան պիտի անցնէր:Չէին գիտեր որ այդ մի քանի տարին իրենց կեանքի ամենաերջանիկ տարիները պիտի համարուէին: Անոնք պարզապէս տաղանդաւոր մարդիկ էին , արուեստի, գրականութեան, պատմութեան, գեղագիտութեան մարզերէն ներս, ազգային կեանքի մասին անոնք ունէին խոր մտահոգութիւններ, ունէին տեսլական:Մարդիկ էին անոնք, որոնք իրարու ըսելու եւ լսելու շատ բան ունէին :Կ'ըսէին ու կը լսէին ժամերով,երբեմն մինչեւ լուսաբաց:Կ'ըսէին ու կը լսէին շաբաթը մէկ- երկու անգամ հաւաքուելով ամենահիւրասէր հայ մարդու յարկին տակ:

Իսկ ի՞նչ կ'ըսէին ու կը լսէին անոնք.եթէ կ'ուզենք իմանալ, լաւագոյնը չէ՞ ունկնդիրը ըլլալ անոնցմէ մէկուն ,այնպիսի անխարդախ վկայի մը՝Աւետիք Իսահակեանին . «Ընթերցում էինք մեր նոր գրած բաները, քննադատում, կարծիքներ փոխանակում : Խօսում էինք հայ,ռուս եւ օտար գրական նորութիւնների մասին ,հաղորդում իրար մեր տպաւորութիւնները:
«Ինչ նիւթերի շուրջ ասես ՝չէր դառնում մեր զրոյցը: Խօսում էինք ազգերի պատմութիւններից, ժողովուրդների կեանքից, արուեստներից,
 
20
փիլիսոփայութիւնից: Կարդում էինք դասական հեղինակներից՝ արեւմուտքի եւ արեւելքի, նոյնպէս նոր հեղինակների գործերը: Մեզնից իւրաքանչիւրն իր սիրած հեղինակն ունէր,որ,ի մի գումարած ,ընդգրկում էր վերջ ի վերջոյ գրեթէ բոլոր հեղինակները...»:

«Անմոռանալի գեղեցիկ ժամեր ենք անցրել «Վերնատան»ը, իմաստաւորուած, բովանդակալից,ներշնչող պահեր»: Վերնականներէն մէկ ուրիշը՝Լեւոն Շանթը այսպէս կը գրէ վերնատան մասին իր մէկ նամակին մէջ ուղղուած Թումանեանին. «Այսպէս ուրեմն`մնացեր ես դուն մեր վերնատան հաւատարիմ պահապան . կու գանք, Հանէս ճան,կու գանք ,կը ժողվուինք նորէն , կը կարդանք նորէն, կը խօսինք նորէն ամբողջ ձմեռուան երկար գիշերներով հինէն–նորէն, գիւղէն ու «Խաչախներէն», տակնուվրայ կ'ընենք նորէն մեր ամբողջ գրականութիւնը ու կը տաքնանք ու
կ'ոգեւորուինք մեր սկզբունքներով,մեր տաղանդով,մեր գրածովն ու գիտելիքներով...»:

Իսկ Դեմիրճեան աւելի՛ն կ'ըսէ վերնատան մասին, գրական հաւաքոյթներէ անդին, եւ վեցեակէն զատ հոն միշտ եռուզեռ կար. «Թումանեանի դահլիճը «Մեճլիս» էր: Իսկ այդքան հիւրերու բազմութիւնը ,յաճախութիւնը , հազար ու մէկ առիթներով երթալ-գալը ,այդ հացկերոյթները, աշխոյժը, անոր տունը վերածած էին վանքի, տօնախմբութեանց ու շարունակական յարատեւ տեսակցութիւններու վայր»:

Վկայութիւններ կան նաեւ որ վերնականները կ'ուտէին քիշմիշ-լաբլաբու,որ վերնահատիկ կը կոչէին:Բայց բանը վերնահատիկով չէր վերջ գտներ այլ միայն կը սկսէր անով...Անոնք նաեւ քիմքի եւ ախորժակի մարդիկ էին,եւ ունէին իրենց գոհացում տուող տանտիրուհի Օլկա Թումանեանը եւ յետագային նաեւ հասակ առած բազմաթիւ դուստրերը եւ ուստրերը որոնք մեծ նուիրումով ծառայած են ամենուն, գիտակցելով թէ որու կը ծառայեն եւ ինչու կը ծառայեն: Ահա այս է եղած «Վերնատուն»ը որուն պատմական խորհուրդը մեծ է եղած ինչպէս նաեւ անոր պատմական կշիռը հայ գրականութեան մէջ: Թերեւս առաւել մեծ է բարոյականը:Եւ ափսոս որ՝ անհասանելի, թէեւ մշտապէս բաղձալի...:
 
21

Տեսանք վերնատունը փակ աչքերով, այսօր հարցումն է հետեւեալը. –Կա՞ն ներկայիս «Վերնատուներ«նման հին օրերու վերնատան: Վստահ նմանը բնաւ չէ կարելի տեսնել.չկան այսօր Թումանեան, Իսահակեան ,Շանթ,չկան Դեմիրճեան ,Աղայեան,Աղբալեան: Բայց անոնք ալ այն օրերուն չէին,մեզի ծանօթ հայ մեծ հսկաները. երիտասարդներ էին շատերու նման ,այո ի վերուստ շռայլօրէն օժտուած տաղանդներով , ճոխ մտքերով հարուստ երիտասարդներ, գրականասէր մտաւորականներ : Այսօր ես կը վստահեցնեմ ,կան բազմաթիւ երիտասարդներ ,թերեւս նուազ տաղանդաւոր, նուազ ձիրքերով բայց բաւականին ճոխ մտքերով ու խոհերով օժտուած,եւ մանաւանդ ու մանաւանդ գրականասէր երիտասարդներ: Ուստի , տրամաբանօրէն կարելի է ունենալ նոր «Վերնատուն», նոր «վերնականներով»:                           
                                                                                              Համադրեց՝ Րաֆֆի Ճուրեան
                                                 Օգտագործուած աղբիւր՝«Վերնատունը ինչպէս եղել է»,
                                                                                              Հեղինակ՝Լեւոն Հախվերտեան

Քեսապի Դափնին

Դարաւոր պատմութիւն ունեցող եւ բազմատեսակ յատկութիւններով օժտուած բոյս մըն (ծառ մը) է Դափնին , որ Քեսապի ժողովուրդին համար յատուկ իմաստ եւ արժէք ունի :

Մեր նախնիները , ինչպէս նաեւ Միջերկրականի ափին ապրող ժողովուրդները, դափնիին տուած են յատուկ խորհրդանշական եւ աւանդական իմաստ : Դափնին գործածուած է հին Հռովմէական կայսրութեան օրերէն որպէս խորհրդանիշ յաղթանակներու , յաջողութեանց, յաւերժութեան . ան առնչուած է հեթանոսական աստուածներու , անոնց մարտական գործունէութեան որպէս կարեւոր նիւթ եւ առարկայ :

Յաջողութիւն , յաղթանակ խորհրդանշող բառեր են «դափնեպսակ», «դափնեկիր» բառերը : Անոնք գործածական են պատերազմներու , գիտութեան եւ այլ մարզերու մէջ մարդու ձեռք բերած նուաճումներուն իբր գնահատանք կամ չափանիշ :

Քեսապահայեր վաղուց իմացած են այս հրաշք ծառին մասին եւ գնահատած անոր բազմապիսի օգուտներն ու գործածութիւնները : Պատմութեան ընթացքին , հարիւրաւոր տարիներ առաջ , մարդիկ տնտեսապէս օգտուած են դափնիէն : Դափնին ծառ մըն է , որուն գրեթէ բոլոր մասերը ՝ արմատներ , բուն , տերեւներ , կեղեւ եւ պտուղ կարելի է օգտագործել այլեւայլ լաւ նպատակներու :
 
22

Տնտեսական գլխաւոր արժէք ներկայացնող արտադրութիւնը դափնեիւղն է, որ կը գործածուի բժշկական եւ գեղեցկագիտական մարզերէն ներս: Արտադրողական մեծաքանակ գործածութիւն ունի դափնեիւղը օճառաշինութեան մէջ , կը վաճառուի բարձր արժէքով Միջին Արեւելքի եւ այլ երկիրներու մէջ : Ազնիւ դափնեիւղը աւանդական բժշկագիտութեան մէջ ունի բազմատեսակ գործածութիւն, ցաւազրկումի , մորթային հիւանդութիւններու , հականեխումի եւ այլ բնագաւառներէ ներս :

Բայց եւ այնպէս դափնին եւ դափնեծառը միջազգային բուսաբանական կազմակերպութիւններու դասումով կ'որակուի որպէս տնտեսական մեծ արժէք ունեցող բոյս , սակայն անտեսուած, թեր գնահատուած, անմշակ եւ կորուստի ենթակայ ծառ :

Այս վիճակէն դափնին դուրս բերելու համար յատուկ գիտական աշխատանքներ կը տարուին միջազգային բուսաբանական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ: Գիւղատնտեսութեան մարզէն ներս բնութիւնը պաշտպանելու եւ չարաշահութեան դէմ պայքարելու նպատակով Սուրիական պետութեան որդեգրած խիստ պահպանողական օրէնքները ցարդ խոչընդոտ դարձած են դափնեմշակութեան զարգացման: Օրէնքը խիստ ազնիւ է եւ նպատակ ունի երկրին ընդհանրական շահերու պաշտպանութիւնը, սակայն օրէնքը շեշտը աւելի կը դնէ պատժամիջոցներու վրայ ՝ անոր գործադրութիւնը ճիշդ եւ կազմակերպուած ընթացքի մէջ դնելու փոխարէն :

Քեսապցին բոլոր այս դժուարութիւնները եւ սպառնալիքները կրցած է հակակշռել շնորհիւ իր ճկուն նկարագրին եւ աւանդական դափնեիւղի արտադրութիւնը շարունակած է մինչեւ օրս եւ կրցած է ձեռք բերել յատուկ ճանաչում Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիայէն դուրս , մինչեւ հեռաւոր Ճափոն...
Այս ճանաչումը վաւերագրական եւ օրինական հաստատում ստացաւ մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ , երբ կրցանք գրանցել «Քեսապի Դափնին»
(غار كسب ) որպէս Աշխարհագրական Յատկանիշ – Մատնենիշ ( مؤشر جغرافي - Geographic Indicator GI) , որ պիտի ունենայ ընդհանրական բնոյթ բոլոր Քեսապցիներուն համար եւ պիտի աւելցնէ տնտեսական (նիւթական) արժէքը Քեսապի Դափնեիւղին:

Հոս կ՛արժէ յիշել որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին հազարի շուրջ արտադրութիւններ , որոնք կը կրեն իրենց շրջանի համապատասխան Յատկանիշ-Մատնանիշը : Ասոնցմէ միայն 5 արտադրութիւններ արձանագրուած են Սուրիոյ մէջ ,անոնցմէ մէկն է « Քեսապի Դափնին » :
                                                                                                                      Ստեփան Աբէլեան
 
23

ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆԻ ԾՈՎԵԶԵՐՔԻՆ

Ինչ գեղեցիկ, ի՜նչ գեղեցիկ,
Զոյգ լեռներուն փէշին հպած...
Քեզ կը դիտեմ ես հիացած,
Կապոյտ ջուրի անհուն տարածք:

Կ՛ուզեմ մտնել ջուրերուդ մէջ,
Լողալ, հասնիլ Կիլիկիայիս...
Զոր կը սիրեմ՝ սիրով անշէջ,
Բայց ոսոխին թումբն է դէմիս...:

Ծովեզերք է սա հրաշալի,
Բայց ինչ ափսոս որ դեռ անի
Որպէս հեգնանք ճակատագրի,
Թուրք ոսոխին կը պատկանի:
                                                 Վանիկ Գլնճեան

Շնորհակալիք
Խմբագրութիւնս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Պէյրութաբնակ մտաւորական Պրն. Գէորգ Եազըճեանին, իր կատարած նիւթական եւ իր խմբագրած գիրքերուն նուիրատուութեանց համար` « Վկայարան հայկական ցեղաստանութեան» գիրք բ. գ. եւ դ. , պատրաստութիւն՝ Յարութիւն Իսկահատեանի : Պրն. Եազըճեան խոստացած է իր մասնակցութիւնը բերել Լրատուին իր ուսումնասիրութիւններով : (Խմբ.)

Հայերէն ճիշդ գրենք ու խօսինք
-ԱՄԷՆ-
-Ամէն բառը կը գրուի Է-ով ըստ օրէնքին որ կ՝ըսէ .Է-ով կը գրուին «ԷՆ» վերջաւորութեամբ ոչ բայական բառերը, ինչպէս՝ պարէն, արդէն, ամէն եւ այլն:
-Թելադրելի է ամէն բառի հոլովները Է-ով գրել.ամէն,ամէնուն, ամէնէն, ամէնով:
 
24

-Ամէն բառէն կազմուած ածանցաւորները կը գրուին Ե-ով, այսպէս՝ ամենեւին, ամենայնդէպս,ա յսու ամենայնիւ,բայց ամէնքը բառը Է-ով:
-Բարդութիւններու մէջ ունինք Ե եւ Է:Այսպէս՝Ա յօդակապով կազմուած իսկական բարդութիւններուն մէջ Ե կը գրենք:Այս ձեւով կը կազմենք ածականներու գերադասական աստիճանը , ինչպէս՝ ամենալաւ, ամենաթոյլ, ամենաքաջ ամենագէշ եւ այլն:Նոյնը կարելի է արտայայտել նկարագրական ձեւով,ինչպէս՝ամէնէն լաւ ,ամէնէն թոյլ եւ այլն:

-Ամէնը բարդ բառեր կը կազմէ նաեւ բայահիմքերէ, որոնք «ամէն բան ...ընող» կամ «ամէն բան...եղող» իմաստները ունին, ինչպէս՝ ամենատես, ամենահաս եւ այլն: Նոյն կարգի բառերէն ոմանք անյօդակապ են: Անյօդակապ բարդութիւններուն մէջ ամէն բաղադրիչը Է-ն կը պահէ, ինչպէս՝ ամէնստեղծ (ամէն ինչ ստեղծող), ամէնիմաստ(ամէն իմաստ ունեցող),ամէնիմաց (ամէն ինչ գիտցող) ,ամէնատեաց (բոլորէն ատուած), ամէնընտիր (բոլորէն ընտրուած) եւ այլն: -Է-ն նոյնը կը մնայ կցական բարդութիւններուն մէջ եւս, ինչպէս՝ ամէնուր, ամէնուրեք, ամէնօրեայ:
-Ոմանք Է-Ե տառափոխութեան երեւոյթին մէջ կ՝առնեն մեծ թիւով այլ բառեր եւս:Թելադրելի է Է-Ե տառափոխութեան նշուած պարագաներէն դուրս չելլել:
 
25

Խաչբառ թիւ 5-ի լուծում
Հորիզոնական
1-Կորիւն,ամոլ:2-Սեղմ,հեգէ’:3-Խոհ,Աղասի:4-Մխա’,օն:5-Ալոճ:6-Վռամշապուհ:
7-Անթել:8-Իր,խակ:9-Բանտ,որ:10-Խցիկ,Սիփան:
Ուղղահայեաց
1-Խաժ,տրեխ:2-Ոսոխ:3-Մհեր,ռաբբի:4-ԻՒղ,ման, ակ:5-Նման,մթին:6-Օղ, շերտս:7-Ահա,լաճ:
8-Մեսրոպ,խոփ:9-Ոգի,լու,Արա:10-Էլ,Սահակ:

Խաչբառ թիւ ՕՕ6                                 Պատրաստեց Րաֆֆի Ճուրեան

Հորիզոնական
1-Տարին 12-ի բաժնող միաւոր,կայծակ:2-Մեծ մայր,տարի,կարթ:3-Անձնական դերանուն մը,խոնարհ,հակ.ստացական ածական մը: 4-Թաքուն պայթուցիկ:5-Յորդ,արեւելահայերէնով՝ըսէ՛: 6-Նուագարանի թել,տհաս խաղող:7-Կիլիկիոյ նշանաւոր նաւահանգիստներէն: 8-Անձնական դերանուն մը,թնդանոթ,համեմ մը: 9-Բարակ անձրեւ,ստացական ածական մը,պոչ:10-Թատերախաղ,կոհակ:

ՈՒղղահայեաց
1-Տարուան չորս եղանակներէն մին,առոգանութեան նշան մը:2-Պտոյտ,եւս,պնդացած ջուր: 3-Ստացական ածական մը,ժողավրդական ասոյթ,հակ.համեմ մը: 4-Անզօր:5-Բիծ,քաջ:6-Մանր մժեղ,մթնոլորտ:7-Անկախ:8-Աչք,հակ.լոկ,նաեւ: 9-Երկու եղբօր կիներ(իրարու նկատմամբ), ցաւի ճիչ,պոչ: 10-Թռչիլ,փորոտիք:

Ծանօթ.-«ու» եւ «իւ» բաղադրեալ ձայնաւորները նկատի առնուած են իբր մէկ տառ: