Wednesday, January 30, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 8 Յունուար 2013

1
                               ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ
2       Խմբագրութեան Խօսքը 2
3       Արամ Ա.Վեհափառին Պատգամը – 2013ը Հայ Մօր Տարի 3
5       Բարի եկար Նոր Տարի - Սեւան Պետուրեան Աշըգեան 5
6       Տեղական լուրեր 6
8       Հայկական մշակութային լուրեր 8
11      Յովսէփ Ղազարեանի կեանքն ու գործը -Սալբի Ղ. Պետիրեան 11
13      Գաւառական գրականութիւն եւ Համաստեղ - Ր. Ճուրեան 13
15      Առաջին Սէրը - (Ամփոփում) Վահան Մանճիկեան 15
17      Զրոյցներ Հայերէնի մասին Գ. - Լեւոն Հախվերտեան 17
19      Ինչո՞ւ կը սիրեմ Հայաստանը - Շիրազ Աթիկեան 19
19      Մտածումներ ու խոհեր - Զօհրապ Այնթապլեան 19
20     Մատենադարան - Վանիկ Գլնճեան 20
22     Թէքնոլոճի 22
23      Հայերէն Ճիշդ Գրենք եւ Խօսինք 23
24      Ժամանց - Խաչբառ թիւ 8 եւ թիւ 7ի լուծումը 24


Խմբագրութեան խօսքը

Յարգելի ընթերցող
«Կասիոս» գրական լրատուի առաջին էջի տարեթիւը արդէն փոխուած է. 2012-ն եղած է 2013. սա նշանակութիւն ունի մեզի համար.թէեւ ամբողջ տարի մը տակաւին չէ անցած առաջին թիւի հրատարակումէն բայց արդէն ութ թիւեր լոյս տեսան , շատ անգամ դժուար պայմաններու մէջ ու երբեմն մի քանի լեզուական կամ ուղղագրական սխալներով,բայց խմբագրական կազմին համար այս ութ թիւերը մեծ իրագործում էին, միշտ ունենալով առաջադրանքը հասնելու կատարելագոյնին ու անթերիին:
Նախորդող այս շրջանին, ամէն ամիս մեր տպագրած երկու հարիւր թիւերը սպառեցան քեսապի մէջ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր թիւ ելեկտրոնային միջոցաւ ցրուեցաւ ի սփիւռս աշխարհի հարիւրաւոր հայորդիներու: Անոնցմէ ոմանք շատ քաջալերական եւ յուսադրիչ նամակներով մեզ ուրախացուցին եւ մեր առաջադրանքը առաւել ամրացուցին, կը սպասենք նոյն քաջալերութիւնը տեսնել ու շօշափել քեսապի մեր ընթերցիղներէն ու համագիւղացիներէն. Կը սպասենք նաեւ ունենալ առաւել թիւով մասնակցութիւն մեր տեղական գրիչներուն ,որոնց համար միշտ բաց բեմ կը մնայ մեր լրատուն :
Կը մաղթենք որ 2013ը բարեբեր ու խաղաղ տարի մը կ'ըլլայ բոլորիս, ու բարգաւաճ ՝ մեր լրատուին:
Այս թիւը մամուլի տակ էր արդէն երբ իմացանք եւ հպարտութեամբ կարդացինք հետեւեալ լուրը .«Տոքթոր Ռազմիկ Ստեփան Փանոսեան տնօրէն՝ «Կիւլպենկեան» հաստատութեան, հայկական համայնքներու բաժանմունքին»: Ներկայ թիւին մէջ կ'արտատպենք մեր ստացած լուրը ,խոստանալով
մանրամասնութիւններուն եւ Քեսապի զաւակ՝ դոկտ. Ռազմիկի կենսագրութեան անդրադառնալ յաջորդիւ:
                                                                                                                                    Խմբագրութիւն

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ , Տիկ. Անի Չիւրիւքեան- Աբէլեան - Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան , Պրն. Րաֆֆի Ճուրեան :
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com



3
 
ՊԱՏԳԱՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ-
2013ը՝ Հայ Մօր Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն.

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լեցուն բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, իրենց մաղթելով աստուածային բարիքներով ու շնորհներով լեցուն տարի մը։
Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, Մեր նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը նուիրենք մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող ընդհանրական մտահոգութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը։ Այս առիթով, մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով, հաւաքաբար թէ անհատաբար, լուսարձակի տակ առնելու տուեալ թեման՝ իրապաշտ քննարկումով, լուրջ արժեւորումով եւ մեր համայնական կեանքը աւելի՛ ծաղկեցնելու նպատակասլաց մօտեցումով։

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր

4

որոշադրիչ ու եզակի դերը, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2013 տարին կը հռչակենք՝ «ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ»:
Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՛չ միայն ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլ մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն իր օրինակելի վարքագծով, ամուր կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգաշինութեան ու այրենաշինութեան սրբազան առաքելութեան բերած իր ամբողջանուէր ու յանձնառու մասնակցութեամբ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը։
Արդ, ներկայ տարուան ընթացքին անհրաժեշտ է համապարփակ մօտեցումով վերարժեւորել հայ մօր տիպարը, յատկապէս պարզելով ներկայ ժամանակներուն անոր դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ շեշտելով մեր կեանքը յուզող տագնապներուն դիմաց իրեն վիճակուած ճակատագրական դերը։

Ներկայ տարին «Հայ Մօր Տարի» հռչակելով, Մեր սպասումն է, որ՝
ա. Անդրադառնանք մեր կեանքէն ներս հայ մօր վիճակուած նուիրական առաքելութեան։
բ. Վերահաստատենք հայ մօր նկատմամբ մեր ունեցած խորունկ սէրն ու յարգանքը։
գ. Յիշեցնենք միաժամանակ հայ մօր իր եզակի դերն ու ճշմարիտ դիմագիծը միշտ պայծառ պահելու հրամայականը։
Հետեւաբար, Մեր այս սպասումներու լոյսին տակ, Մեր հայրական թելադրութիւնն է ուղղուած մեր թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց ու մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ նախաձեռնութիւններով վերաշեշտեն, վերյիշեցնեն ու վերարժեւորեն հայ մօր տիպարը՝ իր հարազատ պատկերով ու առանցքային դերով մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ։
 Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային շնորհներով շնորհազարդէ մեր մայրերը, որպէսզի վերանորոգ նուիրումով անոնք կարենան քրիստոնէական հաւատքով թրծել եւ ազգային արժէքներով ու իտէալներով կազմաւորել իրենց զաւակները։
Հայրական ջերմ սիրով, Աղօթարար՝
                                                             ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 
                                                             ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ 
                                                                     1 Յունուար, 2013

 5

Բարի Եկար Նոր Տարի
Բարի' եկար, դուն Նոր Տարի,
Սուրիան երկիր մեր սիրելի,
Վիրաւոր է, կը տուայտի:
Մանուկներ կան, ժիր, խնդալի
Կը սպասեն երգ, ծառ աստղալի
Եւ Կաղանդ Պապ նուէրով լի:

Այս դիպուա՞ծ է, թէ՞ պատահար,
Թէ՞ հայու բախտ, ճակատագիր,
Թէ՞ պատմութեան կոպիտ կատակ.
«Երազային Հալէպ» քաղաք,
Երէկ դեռ շէն, կայտառ ու տաք,
Այսօր աւեր, սուգ ու դատարկ:

Դարաւոր նոյն ոսոխը նենգ,
Վայրագ, ինչպէս դար մը առաջ,
Կը խլէ դեռ հայու արեւ:
Աստուծոյ Սուրբ օրհնեալ աջով,
Մեր անսասան խրոխտ կամքով,
Պիտի աճինք խիտ շարքերով:

Պիտ նորոգենք, կառուցանենք,
 Եկեղեցի, դպրոց ու շէն,
Սերունդները մեր վեհօրէն,
Կուռ գունդերով պիտ տողանցեն,
Դէպի ապագան ազգաշէն,
Պիտի ցնծանք անոնց երթէն:

Թշնամիին աչքին դուն փուշ,
Մեր սրտին լար, վարդը քնքուշ,
Քեսա'պ, դուն իմ շքեղ օրրան,
Զաւակներդ քեզ պահապան,
Կառչած լանջին Կասիոս լերան,
Պիտի մնաս միշտ անսասան:
                                                    Սեւան Պետուրեան Աշըգեան

6

Տեղական լուրեր

- Ս.Օ.Խաչի "Մեղրի" մասնաճիւղի վարչութիւնը,հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն,այս տարի եւս կազմակերպեց ամանորի հաւաքոյթ՝ Ուրբաթ 21/12/2012-ին,Քեսապի ժողովրդային տան սրահէն ներս:

Դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ օգնութեան խաչը իր գործնէութիւնը կը շարունակէ, պատշաճեցնելով անոր հեւքն ու ընթացքը ժամանակի ու իրավիճակի թելադրանքներուն,միշտ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ կը ջանայ յոյս, լաւատեսութիւն սփռել շրջապատին,յատկապէս իր անդամներուն:

Այս տարուան ձեռնարկը տարբեր մթնոլորտ ու բնոյթ ունէր,հոն կը բացակայէր ամէն տարուան ճոխութիւնն ու շքեղութիւնը,ուրախ երգն ու պարը,խանդավառութիւնը.բոլոր ներկաներուն դէմքերուն վրայ կ՛ուրուագծուէր թեթեւ ժպիտ մը փորձելով թաքցնել անոր ետին մտավախութիւն,թախիծ,ապագայի անորոշութիւն:Այնուամենայնիւ բոլորը ունէին փափաքն ու կամքը միասին ըլլալու,իրարմով զօրաւոր զգալու,իրարու զօրակցելու,մոռնալով լոկ պահ մը,առօրեան ու անոր հարցերը:Ներկաները հետեւեցան յայտագրին նստած գողտրիկ սեղաններու շուրջ,որոնց ուտեստները պատրաստած էին իրենք՝ ընկերուհիները:

Վարչութեան բարեգալուստի խօսքը փոխանցեց՝ ընկհ. Յասմիկ Սաղտըճեան,ան ըսաւ.-«Ամանորն ու Ս. Ծնունդը տարուան

7

ամենաիմաստալից ու ամենասպասուած ու հրաշալի տօնը,այս տարի կը տօնենք արտակարգ պայմաններու մէջ,սակայն կարեւոր է,որ մենք այսօր բոլորս հաւաքուած ենք հոս մէկ անգամ եւս փաստելու որ հայուն կամքը անկոտրում է,որ մենք դիւրին-դիւրին չենք նահանջեր դժուարութիւններու ու տագնապալից իրավիճակներու դիմաց»:Ընկերուհին իր խօսքը փակեց եկող տարուան համար յուսադրիչ բարեմաղթութիւններով ու գեղեցիկ բանաստեղծութեամբ մը:Ընկհ. Սիւզի Աթիկեան ներկայացուց Նոր Տարի (ամանոր կամ կաղանդ) պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը,հայերուն մօտ:Ընկերուհին նաեւ խօսեցաւ մկրտութեան խորհուրդին մասին:

Դաստիարակչական յանձնախումբէն ընկերուհիներ Յասմիկ Թութիկեան եւ Սեւան Աշըգեան փոխանցեցին կաղանդ մամային 2013-ի «գուշակութիւնները» որոնք կը խոստանային բարի
բախտեր,յաջողութիւններ եւ ուրախ անակնկալներ:Ընթերցուեցաւ նաեւ կաղանդ մամայէն յղուած բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Սուրիահայութեան «բարի եկար Նոր Տարի» խորագրով:Ինչպէս նաեւ բաժնուեցան ներկաներուն յանձնախումբին պատրաստած թերթիկները:
Թէ կաղանդի զանգակները,գուլպաները եւ կաղանդի կոճղը ինչ կը խորհրդանշեն՝ բացատրեց ընկհ. Ռահել Շեխուկեան:
Դաստ. յանձնախումբէն՝ ընկհ. Անի Աբէլեան խօսեցաւ Քրիստոսի ծնունդին խորհուրդին մասին,յատկապէս խաղաղութեան մասին եւ եզրակացնելով ըսաւ,թէ ան որ իր սրտին մէջ ունի փրկիչը,ա՛ն է որ ունի իսկական խաղաղութիւնը:
Իսկ թէ Օձի տարին ինչ կը խոստանայ իւրաքանչիւր կենդանակերպի տակ ծնուածներուն,այդ մասին պատմեց ընկհ. Յասմիկ Սաղտըճեան:
Կաղանդ պապային նուէրներով՝ վիճակահանութեամբ բախտաւորուեցան կարգ մը ներկաներ:
Ձեռնարկի աւարտին վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Սօնա Կիւզէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց ներկայութեան ու քաջալերանքին համար,գնահատեց աշխատողները ու մաղթեց որ 2013-ը ըլլայ խաղաղ տարի մը ու բերէ ամենայն բարին:
Ներկաները սրահէն բաժնուեցան լաւատես տրամադրութեամբ, վաղուան հանդէպ յոյսով ու բարի ակնկալիքներով:
                                                                                                                         Սեւան Պ. Աշըգեան

8

-«Թողուցէք որ մանուկները ինծի գան»
Ընդառաջելով Յիսուս Քրիստոսի այս հրաւէրին , տասը փոքրիկներ ընդունեցին Յիսուսը իրենց սրտերուն մէջ ստանալով առաջին Ս.Հաղորդութիւնը , կիրակի 3Օ դեկտեմբեր 2012-ին, Քեսապի Հայ Կաթ. Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝հայր Գարեգին վրդ. Քէօշկերեանի:
Եկեղեցին լի էր հաւատացեալներով եւ մանաւանդ փոքրերուն ծնողներով ,որոնք եկած էին մասնակցելու եւ ներկայ գտնուելու իրենց զաւակներուն մեծ ուրախութեան :
Ամիս մը տեւող պատրաստութենէ ետք, զոր կատարած էին վարդապետը եւ Քեսապի Հ.Կ.Մ.-ի պատանեկան միութեան խորհուրդի անդամները ,10 փոքրերը նախօրօք խոստովանելէ ետք, մօտեցան Ս. խորան եւ ընդունեցին իրենց շատ սպասած հիւրը:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից վանքին մէջ փոքրերուն համար աւանդական նախաճաշը եւ հիւրասիրութիւն բոլոր ներկաներուն:

Հայկական մշակութային լուրեր
-«Ուրբաթագիրք»-ի տպագրութեան 500-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ,ԶմմառուՎանքի մէջ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ձեռնարկ ՝ «Ձեռագիր և Հնատիպ Մատեաններ» ցուցահանդէսը, որը յաւերժացաւ փառապսակ Ցուցակով մը՝ «Երեք դարեան հաւատարմութեան վկայ Զմմառու Մայրավանքի Ձեռագիր և ՏպագիրՄատեաններ» խորագրով, հայերէն և ֆրանսերէն լեզուներով:
Շքեղ ցուցակ մը ամբողջովին գունազարդ ու պատկերազարդ, 48 մեծաչափ էջերով: Ան լոյս տեսաւ Զմմառու Վանքի Վարչութեան և Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի աշխատակազմի համատեղ գործակցութեամբ: Ցուցակը կը բովանդակէ ներբողեան Յառաջաբան մը Զմմառու Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ և Վանքի Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի կողմէ, Մաշտոցեան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Պրն. Գէորգ Տէր Վարդանեանի բացատրական միահամուռ խօսքը Զմմառու մատենադարանին ձեռագիրներու մասին , Տիկ. Շողիկ Բելդէքեանի «Պատմական ակնարկ հայ տպագիր գիրքի մասին» խորադէտ գրութիւնը:

9

Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ 16-րդ դարու աշխարհի հայ տպարաններու կարեւոր օճախները մատնանշող վիթխարի քարտէս մը , Կիւթէնպէրկեան տպարանի տպագրիչ բոլոր սարքերուն յիշատակելի պատկեր մը և կոթողական «Ուրբաթագիրք»-ի Զմմառեան օրինակը, ինչպէս նաեւ Զմմառու Մատենադարանի Ձեռագրատան ոսկեզօծ ու որդան կարմիրով քաջարհեստ մանրանկարներու եւ նախշազարդերու գոհարներ ու Հնատիպներու բազմազան օրինակներ:

-«Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն»ը հրապարակեց «Հայաստան» հանրագիտարանը, Երեւանի մէջ: 21 Դեկտեմբեր 2012-ին: Հրատարակչութեան պատասխանատու՝ Յովհաննէս Այվազեան
ներկայացուց զայն հանրութեան : Աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ հայկական պետութիւնը, անոր առաջին օրերէն մինչեւ այսօր: «Հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը, արուեստները, գիտութիւնները, կրթական մարզը, Սփիւռքը եւ զանազան նիւթեր ընդարձակ ձեւով արծարծուած են» նշեց Յ. Այվազեան:

Հայասատանի երրորդ հանրապետութիւնը ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը կը գրաւեն անոր մէջ մեծ տեղ: «Հայաստան» հանրագիտարանը որ կը հաշուէ 1160 էջեր հրատարակուած է գործակցաբար հրատարակչութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ 1200 տպաքանակով:Անոր ելեկտրոնային տարբերակը մատչելի կ՝ըլլայ մօտ օրէն:

-Հայաստանի նամակատնային ընկերութիւնը կ՝ոգեկոչէ Պերճ Պռոշեանի (Բուն անունով Յովհաննէս Տէր Առաքելեան , ծնած՝ 1837-ին Աշտարակի մէջ եւ մահացած 1907-ին Պաքուի մէջ) յիշատակը , լոյս ընծայելով անցեալ Դեկտեմբերին յատուկ դրոշմաթուղթ մը անոր ծննդեան 175րդ տարեդարձին առթիւ: Դրոշմաթուղթը, որուն արժէքն է 170 դրամ ,լոյս տեսած է 40 000 օրինակով: Պռոշեան նկատուած է մեր մեծագոյն վիպասաններէն, նաեւ ան կը համարուի ,Սունդուկեանին հետ, հիմնադիրը կովկասահայ թատրոնին :

10

Կասիոս Լրատուի ջանասէր սիրելիներ,
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան մաղթանքներէ ետք անմիջապէս յայտնեմ շնորհակալութիւնս ձեր հայանպաստ աշխատանքին համար, նամանաւանդ այն բաժիններուն ու յօդուածներուն համար որոնք կ՛արծարծեն Քեսապի վերաբերեալ նիւթեր: […]
Շնորհակալութիւն եւ ջերմ քրիստոնէական ողջոյն:

                               Ձերդ' Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան

Ռազմիկ Ստեփան Փանոսեան Նշանակուած Է
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէն


«Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութիւնը յայտարարեց դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի նշանակումը իբրեւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Լիզպոնի մէջ: Ան պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը 1 փետրուար 2013-ին: Այս մասին կը յայտնէ «Օրեր» պարբերականը:
Փանոսեան իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսութեան եւ քաղաքական գիտութեան դպրոցին մէջ, ուր նաեւ դասաւանդած է: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի հայկական նիւթերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հայ ազգային ինքնութեան նուիրուած ու մասնագիտական ջերմ գնահատականի արժանացած հատոր մը: Ան լայն փորձառութիւն կուտակած է աւագ կառավարման մէջ, ներառեալ` բազմամիլիոն տոլարնոց ծրագիրներու եւ միջազգային զարգացման նպաստներու պարագային:
Երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ Քաղաքականութեան, ծրագիրներու եւ ծրագրումի տնօրէն` Մոնրէալ գտնուող քանատական կառավարական կազմակերպութեան մը: Աշխատած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին համար: Կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն:
«Կ՛ընդունիմ այս պաշտօնը խայտանքով ու խոնարհութեամբ», ըսաւ Փանոսեան: «Ասիկա սփիւռքի ամէնէն կարեւոր պաշտօններէն մէկն է:

11

Պատրաստ եմ շարունակելու իմ նախորդներուս աշխատանքը եւ ա՛լ աւելի ամրացնելու ու ընդարձակելու «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան գործը` կեդրոնացած ու համակարգուած ձեւով, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն հետ»:

Մարթին Եսայեան` Հայկական համայնքներու բաժանմունքին պատասխանատու հոգաբարձու եւ հիմնարկութեան հիմնադիր Գալուստ Կիւլպենկեանի թոռնորդին, ըսաւ. «Մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի, որ դոկտ. Փանոսեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին տնօրէնը նշանակուած է: Ան բացառիկ փորձառութեամբ կու գայ այս պաշտօնին եւ մեզի կը բերէ անհրաժեշտ միջազգային ու համադրական հեռանկար: Նշանակումը հետեւած է միջազգային փնտռտուքի մը, որուն ընթացքին բազմաթիւ արժանի թեկնածուներ ընդգրկուած էին»:
                                                                                                                            «www.aztagdaily.com»


Նախորդ թիւով փորձած էինք ծանօթացնել մեր ընթերցողներուն քեսապի տաղանդաւոր զաւակներէն՝ բանաստեղծ Վրէժ Թուրեանը.այս թիւով կ՝ընենք նոյն փորձը տալով մեր ընթերցողներուն ակնարկ մը կեանքին եւ գործունէութեան վրայ՝ ազգային գործիչ եւ մշակ հանգուցեալ Յովսէփ Ղազարեանին որուն մահուան առաջին տարելիցը կը զուգադիպի այս օրերուն:(խմբ.)

Յովսէփ Ղազարեան , անդրանիկ զաւակը Յովհաննէս Ղազարեանի եւ Արաքսի Գարամարտեանի: Ծնած է 1 Մայիս 1953 –ին Գարատուրան : Նախնական ուսումը կը ստանայ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանէն ապա գիւղի պետական միջնակարգ դպրոցէն , զոր կ'աւարտէ գերազանց արդիւնքով.( երկրորդը Լաթաքիոյ եւ շրջանին) :
Երկրորդական ուսումը շարունակելու համար կը փոխադրուի Հալէպ եւ կը յաճախէ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը : Իր ուշիմութեամբ եւ համարձակութեամբ կը գրաւէ ուսուցիչներուն եւ Տնօրէնին ուշադրութիւնը : Երկրորդականի պետական քննութիւններու արդիւնքը կ'ըլլայ գերազանց :

12

Յովսէփ իր բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Հալէպի պետական երկրաչափական համալսարանի շինարարական բաժնի մէջ , ապա կը կատարէ 5 տարուայ ծառայութիւն պետական «Զինուորական հաստատութեան» մէջ :

Ինչպէս ամէն տեղ եւ միշտ Յովսէփի ուղղամտութիւնը եւ անփոփոխ սկզբունքը հոս ալ զինք կը հասցնեն բարձր դիրքերու : Առաքելութեամբ մը դէպի Դամասկոս ճամբորդած միջոցին ինքնաշարժի զօրաւոր արկած մը կ'ունենայ . հրաշքով կ'ազատի . այդ արկածը քսանհինգ տարի ետք պատճառ պիտի ըլլար անդարմանելի հիւանդութեան :

Յովսէփ ժուժկալ էր իր առօրեայ կեանքին մէջ . բայց ագահ եւ անկուշտ էր իր հոգին : Անոր ընդհանուր գիտելիքները վերջ չունէին ըլլան գրական , գիտական կամ արուեստի մարզերուն մէջ : Քաջածանօթ էր գրաբարին , եկեղեցական եւ կրօնական օրէնքներուն , միջնադարեան եւ դասական երաժշտութեան:

Կը կարդար քաղաքական , վերլուծական , փիլիսոփայական գրքեր , Հայկական եւ միջազգային գրականութիւն : Այդ էր պատճառը որ զինք կը կոչէին « Շարժող - քալող հանրագիտարան » :

Բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ ազգային կեանքին մէջ . եղաւ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի խնամակալութեան անդամ , Բերիոյ հայոց թեմի ուսումնական խորհուրդի անդամ , դատաստանական խորհուրդի վերաքննիչ ատեանի անդամ , Գաւառական ժողովի անդամ ապա Գաւառական ժողովի ատենապետ . ան եղած է նաեւ հիմնադիր անդամ Սուրիահայ գրողներու համախումբին :
Յովսէփ Ղազարեան գրող էր եւ հմուտ հրապարակախօս : Գրած է բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ: 1991 –ին հրատարակած է «ընտրեալք» բանաստեղծական շարքը : Ան հարիւրաւոր դասախօսութիւններ տուած է Սուրիոյ , Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ :

Քեսապահայութիւնը վերջին անգամ վայելեց Յովսէփին դասախօսութիւնը 2010 –ին Թարքմանչացի տօնի առթիւ:
Շատ հպարտ էր իր Քեսապցի ըլլալուն : Անսակարկ ծառայեց իր գիւղին :
Ամէն կառոյցի մէջ ՝ եկեղեցի , դպրոց, ակումբ , Յովսէփին շունչը եւ հոգին կան : Մեծ օժանդակութիւն ունեցաւ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի բացման :

 13

Ան Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան 100 Ամեակի յոբելենական յանձնախումբի ատենապետն էր , ինչպէս նաեւ դասախօս էր Համազգայինի Քեսապի մասնճիւղի հայագիտական հիմնարկին մէջ:

Անոր ծրագիրներէն շատեր կիսատ մնացին , երազներ չիրականացան : Ան մեկնեցաւ իր սիրելի Քեսապէն Դեկտեմբերին . Գարնան վերադառնալու յոյսով : Բայց ճակատագիրը , որուն ինք բնաւ չէր հաւատար փոխեց կեանքի ընթացքը :

Իբր հասուն մարդ , որ գիտէ տիրապետել իր բոլոր զգացումերուն , ան արհամարհեց հիւանդութիւնը , պայքարեցաւ անոր դէմ , մնաց միշտ լաւատես եւ անընկճելի , ափսոս միայն հոգիով : Անոր տառապած մարմինը հանգչեցաւ 9 Յունուար 2012 –ին : Յաջորդ օրը ազգային թաղման կարգով ամփոփուեցաւ Հալէպի հայոց գերեզմանատան մէջ , իր շատ սիրելի Յակոբ Օշականի եւ Օրդ. Քարէն Եփփէի դամբարաններէն ոչ հեռու :
                                                                    Սալբի Ղազարեան Պետիրեան

Գաւառական գրականութիւն եւ Համաստեղ

Մեր գրասէր ընթերցողներուն կու տանք հակիրճ ակնարկ մը գրական այս շարժումին մասին եւ միանգամայն կը ներկայացնենք այդ շարժումին հետեւող՝ Համաստեղի կեանքն ու գործը: Ապա կու տանք Համաստեղի երկերէն՝ «Առաջին սէրը» վէպին ամփոփումը զոր կատարած է մեր աշխոյժ եւ ընթերցասէր աշխատակից՝Վահան Մանճիկեանը որուն ընթերցասիրութիւնը եւ գրականութեան հանդէպ սէրը,կը մաղթենք որ վարակիչ դառնան մեր քեսապցի երիտասարդներուն :(խմբ.)

Գաւառական գրականութիւն անունին տակ կը հասկնանք այն գրական շարժումը, որ հայ գաւառներէն եկաւ: Ատոր առաջին շարժումը, պայքարի ձեւով յայտնուած, կարելի է ըսել թէ կապուած է Թլկատինցիին հետ: Սա՝ Խարբերդ նստած եւ ներշնչուած ժողովրդական բնիկ հոգիէն, տուաւ այնպիսի էջեր, որոնք նորութիւն թուեցան պոլսահայ գրագէտներուն համար. Իր «Էմիլէ ամերիկացի միսիոնարուհի տիպարը», հրատարակուած Պոլսոյ թերթերէն մէկուն մէջ, յանկարծ ուշադրութիւն արթնցուց ,գաւառէն եկած թարմ ու հայաշունչ ոճովը:Նոյն փորձը ըրած է Թլկատինցիէն առաջ եւ միաժամանակ, Խրիմեան Հայրիկ, Գարեգին Սրուանձտեանց, Գեղամ Տէր Կարապետեան, բայց Թլկատինցիին ցնցիչ արուեստը՝ փոխեց

14

պոլսահայ գրականութեան ուղղութիւնը, արեւմտեան վէպերու եւ պատմուածքներու նմանութիւններէն անցնելով գաւառական հում նիւթի, որ կը պարունակէր ազգային ոգի ու կեանք:Թլկատինցիին աշակերտը՝ Ռ. Զարդարեան , շարունակեց այդ ուղղութիւնը. Յետոյ երկուքէն ալ ազդուած՝ բայց ինքնատիպ Համաստեղը տուաւ զմայլելի էջեր , պատկերացնելով Խարբերդի բնագաւառը եւ ապրումները կենդանի ոճով:

ՀԱՄԱՍՏԵՂ (1895-1966)

Ծնած է Խարբերդի Փարչենճ գիւղը , 1895-ին: Գիւղի դպրոցէն յետոյ հետեւած է Խարբերդի Կեդրոնական Վարժարանին , ուսուցիչ ունենալով Թլկատինցին:Վարժարանի շրջանը լրացնելէ յետոյ ,տարի մը ուսուցչութեամբ զբաղած է , եւ 1914-ին անցած է Ամերիկա բայց երբեք չէ մոռցած հայրենի գիւղը, գիւղի յիշատակները, որոնք հետագային կենդանութիւն ստացան իր գրիչին տակ ՝զմայլելի արձակով մը: Ո՞վ կրնար երեւակայել որ իրեն համար կազմակերպուած հանդէսի մը պահուն վերջ պիտի ունենար իր կեանքը:1966 Նոյեմբեր 26-ին, Լոս Անճէլըսի մէջ Համաստեղ փակեց իր աչքերը այն նուիրական պահուն,երբ բոլոր ներկաներուն եւ ազգին իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէր,յուզուած,սրտատրոփ վիճակի մէջ: Իր գրական սկզբնաւորութիւնը կատարեց 1917-ին բանաստեղծութեամբ մը «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ:Իր առաջին հատորները եղան Գիւղը 1923-ին ,Անձրեւը 1929-ին, որոնց մէջ կու տայ պատկերներ,տիպարներ, Խարբերդի գիւղերէն հանուած, այնքան կենդանի եւ այնքան ճշմարիտ՝ որ ատոնք կրնան զարդարել թանգարաններ, հայ գիւղացիին նուիրուած այլեւայլ պատկերներով:Այս առաջին գործերէն յետոյ, Համաստեղ քանի մը տարի լռեց.կարծուեցաւ թէ վերջացած է իր արտադրութեան թափը:Սակայն 1931-ին«Հայրենիք» ամսագրի սիւնակներու վրայ երեւցաւ իր մեծ վէպին յայտնութիւնը, Սպիտակ ձիաւորը, որ յետոյ առանձին երկու հատորով հրապարակ ելաւ 1952-ին: Այնուհետեւ յաջորդեցին իր Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքները 1955ին, Աղօթարանը 1957-ին, Այծետոմար1960-ին,Առաջին սէրը 1966-ին, որոնց մէջ ան կը յայտնուի միշտ նոյն տաղանդաւոր գրագէտը, առնելով նիւթը մերթ գիւղէն, եւ մերթ քաղաքային կեանքէ, նոյնիսկ ամերիկեան միջավայրէ, բայց դրոշմելով անոնց վրայ իր շնորհալի անհատականութիւնը, լի կեանքով եւ ջերմ զգայնութեամբ: Համաստեղ զգայուն բանաստեղծ մըն է միեւնոյն

15

ժամանակ:Բանաստեղծական աւիւն մը,շունչ մը ունի որ կը տարածուի իր բոլոր գրուածքներուն վրայ: Այս իրողութիւնը գլխաւոր պատճառներէն մէկն է այն գրաւչութեան , որ կը գտնենք Համաստեղի ամբողջ գրականութեան մէջ:

Համաստեղի լեզուն եւ ոճը միաձուլուած են, իրար կը լրացնեն,իրարմէ կը բխին: Եւ այս լեզուն եւ ոճը Համաստեղին կը պատկանին, անոր յատուկ են: Լեզուն հարուստ է եւ մեր արդի լաւագոյն աշխարհաբարն է իր հայեցի նկարագրով:Հարուստ եւ պատկերալից այս լեզուն սահուն է եւ ճկուն , միեւնոյն ժամանակ ՝պարզ է եւ վճիտ:Հաճելի սրամտութիւն մը միշտ կայ իր գրչին ծայրը:Բանաստեղծութեան աւիշը եւ սրամտութիւնը փոխն ի փոխ անոր գրականութիւնը կը գեղեցկացնեն:
Համաստեղ ազդած է հայ նորագոյն արձակագիրներէն շատերուն վրայ՝ հանդիսանալով անոնց վարպետ ուսուցիչը միանգամայն:
                                                                                                                 Րաֆֆի Ճուրեան


ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ
(Ամփոփում)

Այս վէպին մէջ Համաստեղ կը խօսի սիրոյ պատմութեան մը մասին.վէպին հերոսն է «Վահրամ»ը:Ան Պատանի տարիքին,կը սիրահարուի իր գիւղի ամենէն գեղեցիկ աղջկան՝ «Մարանին»,բայց Վահրամին հայրը՝ «Օվան Աղա» զինք կը ղրկէ Էրզրում ուսանելու համար:Վահրամ կը մեկնի ունենալով ինչպէս Մարանն ու անոնց ծնողները այն յոյսը թէ ուսումը աւարտելէն ետք պիտի վերադառնայ իրենց գիւղը եւ ինքն ու Մարանը պսակուին:Հազիւ մէկ տարի անցած Վահրամի մեկնումին կը սկսի մեծ եղեռնը:Վահրամ Ռուսաստան կը փախչի.անոր մայրը,Մարանին մայրն ու Մարանը կը բռնեն գաղթի ճամբան:Երկու սիրահարներուն մայրերը կը նահատակուին արհաւիրքի ճամբուն վրայ:Վահրամին հայրը կը սպաննուի գիւղի միւս տղամարդկանց հետ,իսկ Մարանին հայրը արդէն 1895 ջարդերուն սպաննուած էր:

Վահրամ կ՛անդամակցի Մուրատին կամաւորական գունդին,բայց «Թիֆոյ»ի բռնուելով կը թողու Մուրատի գունդը,եւ հետագային կը մեկնի Ամերիկա: Տարիներ ետք լուր կ՛առնէ թէ Մարանը նախ «Մուսուլ» քաղաքին մէջ արաբի մը հետ ամուսնացած ապա հայ մը զինքը փախցուցած է Հալէպ,անոր հետ ամուսնացած եւ ունեցած երեք

16

զաւակներ:Վահրամ իսկոյն կը մեկնի Հալէպ, կը հանդիպի Մարանին եւ ուրիշ կարգ մը գիւղացիներու եւ կ՛որոշէ վերջնականապէս թողուլ Մարանը ու գաղթել Հայաստան ըսելով՝«կ՛ուզեմ այնտեղ,Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին հետ ըլլալ:Տանիլ մեր ժողովուրդի արեւոտ օրերն ու լուռ տառապանքները:Գուցէ տառապանքով աւելի լաւ կարենամ ըմբռնել չարչարուած Մարանը» :
−«Առաջին Սէրը» վէպը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ «Գիւղին Մէջ»եւ «Վահրամ Ամերիկայի Մէջ»:
Առաջին բաժնին մէջ Համաստեղ կը նկարագրէ Վահրամին հայրը, մայրը , ընկերները , Մարանն ու իր մայրը, Վահրամի մանկութիւնը , պատանեկութիւնը , մեկնումը Էրզրում, եղեռնը,փախուստը դէպի Ռուսաստան,մեկնումը դէպի Ամերիկա,կը նկարագրէ նաեւ դէպքեր որ կը պատահին Վահրամին հետ,կամ Վահրամին ու Մարանին հետ,որոնցմէ կարեւորները կը յիշեմ.
-Վահրամին հօր՝Օվան Աղային մասին կ՝ըսէ Համաստեղ.«Օվան Աղան,ծանր շուքով,հաստ պեխերով ու ծանր ուսերով մէկն էր:.....Գեղին ունեւոր երեցփոխն էր ու խանութպանը՝.....: Աշխարհ
տեսած մարդ էր:Կը խօսէր Խրիմեան Հայրիկէն,Մինաս Չերազէն,Գազէզ Արթին Փաշայէն:Յաճախ կը սիրէր իր խօսքերուն մէջ յիշել «Հարիսային առակը»:
-Վահրամին մայրը նկարագրելով կ՛ըսէ հեղինակը.«.....Շուշան խաթունը աւելի ծանօթ էր իբր «Քաղքըցի»:
«Քաղքըցին»՝սպիտակ,արեւ չտեսած մարմնով,հաճելի գիրութիւնով ու կանացի աղուոր գիծերով կին մըն էր»:
Իսկ Մարանին մասին.
«.....Եւ Մարանն էր որ զարթնեցաւ իր (Վահրամին) արբունքին հետ:Մարանը գեղի էն աղուոր աղջիկներէն էր»:
Գիրքին նկարագրական ամենագեղեցիկ պատկերն է հետեւեալ դէպքը. Վահրամ գիւղին աղբիւրը կ՛երթայ ջուր խմելու եւ հոն կը հանդիպի Մարանին որ կը լուացուէր աղբիւրին ջուրով.Վահրամ չի կրնար բան մը ըսել Մարանին,այլ կ՛երկարէ ձեռքը անոր մազերուն՝ «Աղբիւրի գուռին մէջ աղուոր աղջիկ մը իր ոտքերը կը լուար՝ երկու ձեռքերով ծաղկաւուն փէշը վեր բռնած:.....Օ՜հ,այնքա՜ն գեղեցիկ էին անոր երկար մազերու երկու հիւսկերը:.....Մարան զգաց,որ Վահրամ

17

իրեն կը մօտենար:.....Վահրամ բռնեց Մարանի կուրծքին ինկած մազերու հիւսկը...»:
Այս դէպքէն ետք Վահրամին ու Մարանին մէջ սէրը կ՛արթննայ .բայց մեծ կոտորածը կու գայ ու կը խլէ ամէն բան:
Վէպին երկրորդ բաժնին մէջ, Վահրամը մեծ մարդ է արդէն,կ՛աշխատի ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ,կ՛իմանայ Մարանին մասին, իսկոյն կ՛որոշէ մեկնիլ Հալէպ փնտռելու իր աննման Մարանը:
Հալէպի մէջ կը գտնէ Մարանը ու նամակի մը մէջ ուղուած իր ամերիկացի ընկերոջ հետեւեալը կը գրէ.«Բակին մէջ թեթեւ մը կլորցած կռնակով եւ լայն տախտակէ կողերով կին մը տեսայ .անոր տանջուած աչքերուն մէջ վառող այն շողը՝ որ կու գար կարճ պահի մը համար,մեզի այնպէս կարծել կու տար,թէ այգիի ճամբուն վրայ էր որ մենք կը հանդիպէինք իրարու ուր մեր պատանեկութիւնն էր ծաղկազարդ»:
Բայց ափսոս ուշ էր արդէն.բարբարոսները սիրոյ լեզուէն չէին հասկնար:
                                              Ամփոփեց՝ Վահան Մանճիկեան



Զրոյցներ հայերէնի մասին -3-
Ի՞նչ բան ՝ բերանացի խօսքը ունի , իսկ գրաւորը՝ ոչ:
Հնչող խօսքի առաւելութիւնները


Ի՞նչպէս կ'ըլլայ որ մենք ինչ- ինչ հնչիւններ կ'արտասանենք եւ ատոնց շնորհիւ կարելի կ'ըլլայ իրարու միտքերը , յոյզերը , մտադրութիւնները , տրամադրութիւնը , ամէ՛ն բան հասկնալը :
Խորհա՞ծ էք երբեք այդ մասին :

Ռուս գրող մը կ'ըսէ խօսակցութեան մարդկային պարզ գործողութեան մասին . «Հիւրս , տարբեր ուժ ու բարձրութիւն ունեցող հնչիւններ արձանագրելով , պիտի յայտնէ իր միտքերը :Իսկ ես պիտի լսեմ օդի այդ հնչիւնային տատանումները ու պիտի հասկնամ անոնց իմաստը ... եւ իր միտքերը պիտի դառնան ի՛մ միտքերս ... Ո՜հ , մեզի համար ո՜րքան խորհրդաւոր , ո՜րքան տարօրինակ , ո՜րքան անըմբռնելի են կեանքի ամենէն պարզ երեւոյթները »:
Խորհրդաւո՜ր , անըմբռնելի՜ : Հոս ի՞նչ խորհրդաւոր բան կայ որ. Մարդիկ են , սանկ խօսին . ատկէ դիւրին գո՞րծ , ատկէ ալ պարզ բա՞ն :

18

Սակայն եկուր տես որ խօսելու , իրար հասկնալու այդ շնորհքը մարդ արարածին մեծագոյն յայտնագործութիւնը կը նկատուի :

Նախապատմական ժամանակներէն ի վեր ի՛նչպէս գոյացած են լեզուի մը հնչիւնային իմաստաւորումները, ձայնային քերականական օրէնքները ,- ասոնք շատ բարդ խնդիրներն են , զորս արծարծած են գիտնականներու բազմաթիւ սերունդներ , եւ որոնք առիթ տուած են անթիւ վիճաբանութիւններու , տարբեր տեսակէտներու , կարծիքներու բախումի :
Անվիճելին այն է թէ նախ բերանացի խօսքը եղած է , յետոյ միայն՝ գրաւորը , բերանացիէն շա՜տ շատ վերջ: Գիտնականներ կ'ըսեն թէ գրաւոր լեզուն արուեստական լեզու է . մարդիկ են զայն յօրինած, ինչպէս անիւը եւ լծակը , նետը եւ աղեղը : Գրաւոր լեզուն կարելի չէ առանց մեծերուն օգնութեան գիտնալ, մինչդեռ բերանացին երեխան կը սորվի բնականօրէն , առօրեայ կեանքի մէջ: Կը սորվինք գրաւոր լեզուն ՝ բերանացիէն միայն 5-6 տարի վերջ:
Ուրեմն կրնանք ըսել , բոլորս ալ մանուկ հասակէ խօսիլ կը գիտնանք : Սակայն ինչո՞ւ միեւնոյն լեզուն մէկը աղէկ կը խօսի միւսը՝ գէշ : Դիւրի՞ն բան կը կարծէք այնպէ՛ս խօսիլը որ ձեր խօսքը բարեհնչիւն ըլլայ , յստակ, կենդանի եւ բնական , լսողներուն հիացումը յարուցանէ :
Դիւրին չէ . այլապէս հազարաւոր գիրքեր պիտի չգրուէին բերանացի խօսքին վարպետութեան ՝ հռետորական արուեստին , բեմական խօսքին , բանախօսելու արուեստին մասին:
Ի՞նչ բան է որ բերանացի խօսքը ունի , իսկ գրաւորը՝ ոչ:
Ամենէն առաջ ձայնը , չափազանց զգայուն ,նուրբ , խորապէս յուզական բան մը որ նոյնիսկ մեր կամքէն անկախաբար յայտնի կ'ընէ մեր տրամադրութիւնը : Հեռաձայնով կը խօսիք ձեր բարեկամին հետ եւ ըսենք թէ չէք ուզեր որ գուշակէ ձեր գէշ տրամադրութիւնը : Սակայն միւս ծայրէն արդէն կը լսէք . բան մը պատահած չըլլայ , ձայնդ տեսակ մը կու գայ ինծի ...
Որքա՛ն կ'ուզես պահէ , ձայնը կը մատնէ : Ամենէն նուրբ երաժշտական գործիքն իսկ չունի յուզական այն հարստութիւնը , ինչ որ ունի ձայնը :
Կ'ըսեն թաւիշ ձայն , կրծքային ձայն , թաւ ձայն , լեցուն ձայն , սրտագին ձայն , եւ հակառակը ՝ չոր ձայն , գլխային ձայն , ապակիէ

19

ձայն ...: Այսպէս՝ առօրեայ կեանքի մէջ: Տակաւին կան մասնագիտական բնութագրութիւններ ՝ պասօ , պարիթոն , թենոր , սօփրանօ , ալթօ ...: Դերասանական արուեստն ալ անքակտելիօրէն կապուած է բերանացի խօսքին ու ձայնին տիրապետելու արուեստին հետ :Մենք աղէկ կը յիշենք մեր սիրած դերասաններուն ձայնը նաեւ , խօսելու կերպը , արտասանութեան ելեւէջները : Սակայն ինչո՞ւ միայն դերասաններունը :
Գոյութիւն ունի տեսողական եւ լսողական յիշողութիւն : Մարդիկ կան որոնց լսողական յիշողութիւնը զօրաւոր է . տարիներով չհանդիպած մարդուն միայն ձայնը լսելով՝ անոնք կրնան գուշակել թէ խօսողը ով է :
Պատճառը այն է որ ամէն մարդ իր ձայնը ունի , անկրկնելի իւրայատկութիւններով , բոլոր թելերով կապուած իր յուզական աշխարհին հետ , կապուած ա՛յնքան սերտօրէն որ կարելիութիւնը կու տայ գիտնալու թէ անկե՞ղծ կը խօսի թէ կը ստէ :
Ի՞նչն է որ կը մատնէ մարդը : Իր ձայնին երանգը:
Համադրեց ՝ Սօսէ Պետիրեան


Ինչու՞ կը սիրեմ Հայաստանը

Շատ կը սիրեմ իմ հայ ազգս որովհետեւ ան եղած է միշտ պայքարող ժողովուրդ:
Հայ ազգը շատ դժուարութիւններէ անցած է ,բայց քանի որ ունի զօրաւոր կամք ՝կրցած է յաղթահարել այդ բոլոր դժուարութիւններուն:Մեր ազգը հալածուած է զանազան թշնամիներու կողմէ, որոնք ուզած են խլել մեզմէ մեր կրօնքը, լեզուն ու հողերը,բայց մենք յաղթահարած ենք այդ բոլորին:
Ի՞նչպէս կրնամ չսիրել իմ լեզուս ,երբ ջարդի ժամանակ հայ մայրերը իրենց մանուկներուն սորվեցուցած են այբուբենը ՝գրելով զայն աւազի վրայ եւ գաղտնաբար սորվեցուցած են նաեւ «Հայր Մեր»ը:
Եթէ հայ լեզուն չըլլար , պիտի չըլլային նաեւ Յ. Շիրազը, Պ. Սեւակն ու Թումանեանը ...եւ անոնց անգերազանցելի գործերը, որոնք կը մրցին աշխարհիս մեծագոյն գրագէտներուն հետ.պիտի չըլլային նաեւ Կոմիտասն ու Սայաթ Նովան ու անոնց աշխահահռչակ մեղեդիները:

20

Եւ այսպէս հայ ազգը միշտ հպարտ է իր լեզուով, մշակոյթով ու անցեալով.ան սիրուած ժողովուրդ է բոլոր աշխարհէն ,մանաւանդ Սուրիոյ արաբ ժողովուրդէն , որոնք միշտ սիրած ու յարգած են մեզ իբր շինարար եւ խաղաղասէր ժողովուրդ:
                                                                 Շիրազ Աթիկեան –Զ.կարգ
Մտածումներ եւ խոհեր

-Երանի ունենայի այնքան շատ ոսկի , որ զայն բաշխէի աշխարհի բոլոր չքաւորներուն , անտէրներուն եւ կարօտեալներուն ու անոնց ուրախութեան ու ցնծութեան արցունքներուն դիմաց , ես ալ այնքան շատ ժպտէի եւ ուրախանայի :
-Ուշադիր ու խոհեմ պէտք է ըլլալ կեանքի ընթացքին , ամէն բան ճակատագրին վերագրելու չէ :
- Ինչ որ առի , իւրացուցի . կը զարմանամ որ գնաց.
Ինչ որ տուի , նուիրեցի . վստահ եմ որ ան մնաց .
Արեւի պէս շողշողաց:
                                                                       Զօհրապ Այնթապլեան

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Երեւանի գեղատեսիլ բարձունքներէն մէկուն լանջին,վեր կը խոյանայ հայկական ճարտարապետական նորագոյն կոթողներէն մէկը՝ Մատենադարանի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական ինստիտուտի շէնքը,որտեղ կը պահուին եւ կ՛ուսումնասիրուին հայ հոգեւոր մշակոյթի գրաւոր գանձերը՝ հայերէն հին ձեռագրերը:
Դարերու պատմութիւն ունի Մատենադարանը:5-րդ դարուն Էջմիածնի մէջ կը գործէր գրատուն մը,որուն հիման վրայ հետագային բարձրացաւ լուսաւորութեան ու գիտութեան ներկայ կեդրոնը:
«Մատենադարան» բառը հին հայերէն է՝ կազմուած «մատեան» (գիրք,գրուածք) եւ «դարան» (պահարան) բառէն:
Տպագրութեան գիւտէն առաջ եւ անկէ վերջ եւս երկար ժամանակ հայերը,ինչպէս շատ այլ ժողովուրդներ,գիրքը կը գրէին ձեռքով,եւ կը

21

կոչուէր ձեռագիր կամ գրչագիր մատեան:Հին ժամանակ կը գրէին մագաղաթի իսկ 10-րդ դարէն սկսած՝ նաեւ թուղթի վրայ:
405 թ. Հայերէն գիրերու ստեղծումէն յետոյ Հայաստանի մէջ դարերու ընթացքին գրուած են հազարաւոր մատեաններ, որոնք պահուած են վանքերու եւ մենաստաններու կողքին գործող գրատուներուն եւ մատենադարաններուն մէջ,սակայն մեծ մասը ոչնչացուած է օտար բռնակալներու ձեռքով:
17-րդ դարու հայ պատմիչ Առաքել Դավրիժեցին,նկարագործած է նոյն դարուն Էջմիածնի մատենադարանի կողոպուտը:Մատենադարանը վերջին անգամ աւերուած է 1804 թ.:
1828 թ. Մատենադարանին մէջ մնացած էր միայն 1809 միաւոր ձեռագիր,մինչդեռ անկէ յետոյ անցած գրեթէ մէկ հարիւրամեակի ընթացքին հաւաքուած մատեաններու թիւը արագ աճեցաւ եւ 1914 թ. արդէն կազմեց 4660 միաւոր:
Ձեռագրերն աւելի կազմակերպուած ուսումնասիրելու նպատակով 1939 թ. Մատենադարանն Էջմիածնէն տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ տեղաւորուեցաւ Ալ. Միասնիկեանի անուան հանրային գրադարանի շէնքին մէջ:
1945-1957 թուականներուն ճարտարապետ Մ. Գրիգորեանի նախագիծով կառուցուեցաւ Մատենադարանի ներկայ վեհաշուք շէնքը իր պատկառազդու գլխաւոր ճակատով,ուրտեղ կանգնեցուած են հայ միջնադարեան գրականութեան, արուեստի, գիտութեան մեծ
գործիչներ՝Մովսէս Խորենացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մխիթար Գոշի,Թորոս Ռոսլինի,13-րդ դարու բանաստեղծ Ֆրիկի,14-15-րդ դարերուն ապրած մեծ մտածող Գրիգոր Տաթեւացիի արձանները,իսկ քիչ մը ներքեւ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը:
1959 թ. ձեռագրերը փոխադրուեցան իրենց նոր հանգրուանը,ուր կան անոնց պահպանութեան եւ ուսումնասիրութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները՝ կայուն ջերմաստիճան ու խոնաւութիւն, ձեռագրերու վերականգման արհեստանոցներ, գիտական աշխատանքի համապատասխան աշխատասենեակներ ու դահլիճներ: Նոյն թուականին Մատենադարանը դարձաւ հին ձեռագրերու ինստիտուտ,իսկ 1962 թ. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 ամեակի առթիւ,կոչուեցաւ անոր անունով: Մատենադարանին մէջ ծաւալած գիտական աշխատանքներու շնորհիւ մենք նորանոր տեղեկութիւններ

22

կ՛իմանանք հայ ժողովուրդի հին եւ միջնադարեան պատմութեան, մշակոյթի,գիտութեան վերաբերեալ, կը ստանանք գրական յուշարձաններու նոր հրատարակութիւններ:Կը շարունակուի նաեւ աշխարհով մէկ ցրուած հայերէն ձեռագրերու հաւաքումը:
Տարիէ տարի աւելցող ձեռագրերու ու փաստաթուղթերու պահպանութեան համար Մատենադարանի շէնքին հարող սարալանջին տակ կառուցուած են ստորգետնեայ նոր գրապահոցներ:
1986 թ.ի Յունուարի 1-ի տուեալներով Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագրերու ընդհանուր թիւը 16477 միաւոր է, որմէ 10958-ը՝ հայերէն ամբողջական ձեռագրեր են,2049-ը՝ հայերէն ձեռագրերու պատառիկներ, 2547-ը՝ օտարալեզու՝ արաբերէն, պարսկերէն, թրքերէն, ասորերէն, հապեշերէն, ռուսերէն եւ այլ լեզուներով մատեաններ, 823-ը՝ այլեւայլ նիւթեր: Գիրքերու ճոխ հաւաքածոներ ունի նաեւ Մատենադարանի հայագիտական գրադարանը,որը պարբերաբար կը հարստանայ նորագոյն հրատարակութիւններով: Իր այս հարստութիւններուն շնորհիւ Մատենադարանը այսօր դարձած է համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող գիտական ու մշակութային կարեւոր կեդրոն,որ դէպի իրեն կը քաշէ բազմազան բնագաւառներու մասնատգէտներ:
Ամէն տարի մեր երկրի տարբեր ծայրերէն ու արտասահմանեան երկիրներէն Հայաստան կու գան շատ հետազօտողներ՝ իրենց
ուսումնասիրութիւններուն համար նիւթեր քաղելու Մատենադարանի աղբիւրներէն:
Մատենադարանը նաեւ տեսարժան թանգարան է,որտեղ կան մեր աշխատաւորներն ու դպրոցականները,ինչպէս նաեւ Հայաստան այցելող հիւրերը:
Մատենադարանը մեր ազգային հարստութիւններէն է,հայ ժողովուրդի ստեղծագործ մտքի եւ ազնիւ տքնանքի խօսուն վկան:
                                                                  Համադրեց՝ Վանիկ Գլնճեան

23

Թէքնոլոճի

Նախորդող թիւերէն մէկուն մէջ յիշած էինք համակարգիչի կարեւորագոյն
ստեղնաշարի կարճուղիներէն մաս մը (shortcuts),այս թիւով կը շարունակենք ներկայացնել անոնցմէ ուրիշ բաժին մը: (Խմբ.)


-F1(help key) օգնութեան բանալի
-F2(rename the file) թղթածրարը վերանուանել
-F3(search for a file) թղթածրար մը փնտռել
-Alt+F4(quit programme) յայտագիրը գոցել
-F5(update the active window) բացուած պատուհանը թարմացնել
-F7(spell and grammar check) ուղղագրութիւնը եւ քերականութիւնը ստուգել
-F11(full screen) լման պաստառ
-F12(open save as window) «պահել որպէս» պատուհանը բանալ
-Alt+enter(view the properties of file) թղթածրարին յատկութիւնները ցոյց տալ
-Backspace(deletes word to left of cursor) նիզակին ձախ կողմի բառը սրբել
-Del(deletes selected file) սրբել ընտրուած թղթածրարը
-Shift+del(delete selected file without placing it in recycle bin)սրբել ընտրուած թղթածրարը առանց զայն տեղաւորելու աղբամանին մէջ
-Esc(cancel the current task) ներկայիս առաջադրանքը չեղեալ նկատել
-Alt+ctrl+del(If your computer does not respond to your instructions)եթէ ձեր համակարգիչը չարձագանգեր ձեր հրահանգներուն:




Հայերէն ճիշդ գրենք ու խօսինք

Ը

1-Ը հնչիւնը բառին սկիզբը
Ա) Ը-ը չի գրուիր բառին սկիզբը՝ստորեւ դրուած բաղաձայններու կապակցութիւններէն առաջ. Այսպէս՝ստ-ստանալ, սթ-սթափիլ, զգ-զգալ,սկ-սկսիլ, սք-սքանչելի, զբ-զբաղիլ,սպ-սպասել, սփ-սփոփել, շտ-շտապել,զմ-զմելի:
Բ) Ը-ը կը գրուի բառասկիզբի միւս բոլոր պարագաներուն, գլխաւորաբար Մ եւ Ն բաղաձայններէն առաջ, այսպէս՝ ըմբոստ, ըմպել, ընթրել, ընտանի եւ ըլլալ, ըղձալ, ըսել...
2-Ը հնչիւնը բառին մէջ:

24

Չի գրուիր բառամէջի երկու բաղաձայններու միջեւ, այսպէս՝բազմացնել, թրթռալ, պտտիլ ... Բառամէջի Ը հնչիւնը կը գրուի միայն ՈՒ(Վ) բաղաձայնէն ետք,այսպէս՝պահուըտիլ, կռուըտիլ, նաեւ՝ ՈՒԱՆ հոլովումին բացառական հոլովին մէջ՝իրիկուընէ, կէսօրուընէ, առտուընէ....
3-Ը հնչիւնը վերջին վանկին մէջ:
Չի գրուիր բառի վերջին փակ դիրքին մէջ, այսպէս՝ անգղ, աստղ, բարձր, վագր, դուստր.......
-Բառավերջի Ը ը կը գրուի միշտ իբրեւ յօդ.- ծառ-ծառը, անտառ-անտառը..........
-Ը ը կը գրուի նաեւ
 ՄԸ, ՄԸՆ, անորոշ յօդերուն մէջ
ԸՆԴ, ԸՍՏ միավանկ խնդիրներուն մէջ, այսպէս՝ընդհանուր,ընդդէմ, ըստ ամենայնի, ըստ օրէնքի......
Բնաձայններուն մէջ, այսպէս՝ճը՜ռռ, վը՜զզ, մը՜րթ եւ այլն:
-Օտար բառերու մէջ Ը հնչիւնի նոյն օրէնքները պահած են հին փոխառութիւններու մէջ . բառին սկիզբը չի գրուիր՝Սպանիա, սպունգ. չի գրուիր բառին մէջ երկու բաղաձայններու միջեւ՝կրամ, ֆրանք, կլիմայ...
Ը ը կը գրուի կարգ մը բառերու մէջ ուղղախօսութեան համար, այսպէս՝Ճղըլեան, Գլըճեան...

Խաչբառ թիւ 7 -ի լուծում

Հորիզոնական
1-Դեմիրճեան:2-Ուռ,եզր:3-Պապակ:4-Երկան,ամ:5-Առապար:6-Նեղ,գան,ես:
7-Ալ,պատ:8-Տօնածառ,են:9Անդ,անութ:10-Դպիր:
Ուղղահայեաց
1-Դուրեան,տաղ:2-Եռ,օն:3Կաղանդ:4-Իսպառ,ալ:5-Անագ,ծա:6Ճեպ,պատանդ:7-Եզական,ռուպ:
8-Արկ,թի:9-Եան:10-Համաստեղ:

 25

Խաչբառ թիւ ՕՕ8 Պատրաստեց՝        Րաֆֆի Ճուրեան



Հորիզոնական 1-Բացառիկ:2-Առատ հաւկիթ ածող ,ուղիղ եւ հակ.՝ժխտական պատասխան:3-Խարկուած սիսեռ,կրակ: 4-Մեր նախահայրը:5-Այս,Կիլիկիոյ նշանաւոր նաւահանգիստը,կ՝ըլլան:6-Պատուանուն,արական յատուկ անուն:7-Տարիքով մեծ: 8Արցախ,նօթ մը:9-Կռիւ,աղեղով արձակուող:10-Սկիզբ,դահեկան:

Ուղղահայեաց
1-Հայ գրագէտ մը:2-Հողաշերտ,ձայնաւորներ,ահաւասիկ:3-Սերունդ,իշխեց: 4-Ականջ,հանքային համեմ մը,գետակ:5-Դրական պատսխան :6-Ընտանիք:7-Ցուցական ածական մը,նետ արձակելու գործիք : 8-Ցեղային ընտանիք,անսկիզբ հարիւր տարի,իրերայաջորդ բաղաձայններ: 9-Երթ,դէմք: 10-Հայոց պատմահայրը:
Ծանօթ.-«ու» եւ «իւ» բաղադրեալ ձայնաւորները նկատի առնուած են իբր մէկ տառ: