Tuesday, April 30, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 11 Ապրիլ 2013

1
ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ
                                               ՔԵՍԱՊ

2

 


ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
2      Խմբագրութեան խօսքը
3      Տեղական լուրեր
5      Հայկական մշակութային լուրեր
8    
ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ «ՄԻՇԸՆԵՐԻ ՀԵՐԸԼՏ»ի 1915-1918 
     ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ        ՄԱՍԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
13     ՔԵՍԱՊԻՑ ՄԻ ԲՈՒՌ ՀՈՂ ԲԵ՛Ր
                        Սպարտակ ՂարաբաղցեանԴիմատետրէն
18    ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ-ՍԻԱՄԱՆԹՕ  
                Համադրեց ՝ Յասմիկ Սաղտճեան
20     ԱՓ ՄԸ ՄՈԽԻՐ, ՀԱՅՐԵՆԻ՜ ՏՈՒՆ    Սիամանթօ
22     Տեսիլք                                            Յուշիկ Յ.Ղազարեան
 23 
ԱՊՐԻԼ 24                                      Զօհրապ Այնթէպլեան
24  ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ    ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ


Խմբագրութեան խօսքը

Երկու տարի ետք «Ապրիլ 24» երու ոգեկոչման հանդիսութիւնները պիտի կատարուին յոբելինական շուքով : Հարիւրամեակին տեղի պիտի ունենան ժողովրդային ձեռնարկներ , բողոքի ցոյցեր , գիտաժողովներ , այսինչ նահանգին կամ այնինչ երկրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու աշխատանքներ , օտար երկիրներու քաղաքական անձիք Հայաստան հրաւիրելու եւ մեր դրախտավայրը անոնց ցոյց տալու եւ զանոնք լաւագոյնս հիւրընկալելու գործունէութիւն , խաչքարերու զետեղում աշխարհի զանազան խորհրդարաններու , հանրային պարտէզներու կամ հաստատութիւններու մէջ , պիտի հրատարակուին գիրքեր օտար եւ հայ հեղինակներու կողմէ , վաւերագրական ցուցահանդէսներ ՝ քիչ մը ամէն կողմ , ֆիլմերու ցուցադրութիւն եւ... այլ եւ այլք : Վերազարթնումի նպատակով քարոզչացուցական այս գործունէութիւնը խիստ կարեւոր է, սակայն ոչ բաւարար : Ոչ բաւարար , այն իմաստով, որ բոլորս գիտակից ենք ճերմակ ջարդի պատճառած աւերին սակայն հանդիսատեսի հոգեբանութեամբ նստած կը դիտենք թէ «թշնամին» ինչպէ՞ս ապագայ հայ «գլուխներ»ը մէկիկ մէկիկ վար կ'առնէ իր «կացին»ով մեզ տասնամեակ մը վերջ թողելու ՝ «անգլուխ» : Սփիւռքի մէջ ժամանակը մեր մատներու արանքէն աւազի նման կը հոսի ի վնաս մեր լեզուին , գիրին , գրականութեան , երաժշտութեան , հոգեւոր կրթութեան : Տարակոյս թող չունենայ մեր ընթերցողը որ այս ընթացքով 1915ի ջարդերու հարիւրամեայ , երկուհարիւրամեայ , երեքհարիւրամեայ ոգեկոչում կրնայ տեղի ունենալ 2015ին , 2115ին , 2215ին ալ , ատոնք կրնան կազմակերպուիլ նոյնիսկ ոչ հայերու կողմէ սակայն ճերմակ ջարդի հարիւրամեակի «յոբելինական հանդիսութիւններ» անտարակոյս որ պիտի կազմակերպէ թուրքը : Այսօր արդէն ,շնորհիւ մեր առօրեայ թափթփածութեան եւ երբեմն անմիաբանութեան, թուրքին մենք իրաւունք տուած ենք մեր նահանջով հրճուելու:

Աւետարանական հոգեւոր երգարանի մը մէջ կը կարդանք սա իմաստուն տողերը քաղուած Աւետարանի , Պօղոս Առաքեալի նամակներէն
«Շուտ ընտրէ ուղիղ ճամբան        Սուղ է ժամանակ
Չփախած առիթ պայման              Սուղ է ժամանակ»:
 Թող Եղեռնի 98ամեակը մեզի խթան հանդիսանայ որ 100 ամեակին մենք պատրաստ ըլլանք Ճերմակ Ջարդի կանխարգիլման ծրագրի գործադրման:
Խմբագրութիւն

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ , Տիկ. Անի Չիւրիւքեան- Աբէլեան - Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան , Պրն. Րաֆֆի Ճուրեան :
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com
 
3

Տեղական լուրեր

-Ս.Ե.Մ-ի Շանթ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի 23 Ապրիլ 2013-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկում Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Յայտագիրը ընդգրկեց կենդանի պատկեր, տեսերիզի ցուցադրութիւն, երգ եւ ասմունք, որոնց ընթացքին երիտասարդները ներկայացուցին հայ ժողովուրդին կրած դժոխային պայմանները 1915-ի սեւ օրերուն, ցեղասպան թուրքին գործած անմարդկային արարքները եւ հայ ազգը ոչնչացնելու իր անիրաւ ծրագիրը: Սակայն, ինչպէս միշտ, մեր երիտասարդները շեշտեցին, թէ անցնող 98 տարիներու ընթացքին հայը բնաւ չէ մոռցած իր դատը եւ կը շարունակէ պահանջատիրութեան պայքարը անկոտրում կամքով ու հաւատքով, արիասիրտ ու անսասան քայլերով հասնելու իր սուրբ նպատակին եւ ողջ հայութեան մեծագոյն յաղթանակին:

-Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2013-ին, Քեսապի երեք համայնքները Հայ Աւետ.Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչեցին 1915-ի Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը:

Պատուելի Սեւակ Թրաշեան բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ ամեակները քննարկումի եւ արժեւորումի առիթներ են իւրաքանչիւր հայու համար, մեր բոլոր եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար: Ան ըսաւ. « Այսօր Եղեռնի 98-րդ ամեակին, հարց կու տանք, թէ հայ ժողովուրդը իր բոլոր կազմակերպութիւններով, կառոյցներով եւ ղեկավարներով, որքանով կրցաւ սատարել հայապահպանման վեհ ծրագրին: Որպէս պահանջատէր ազգ, անպայման պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր ուխտին հասնելու համար մեր իրաւունքներուն եւ արդար դատի հատուցման»:

Համօ Սահեանէն «Դարերդ Հայերէն Են Գալու» համադրութիւնը իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Տիկ. Սիլվի Աբէլեան Ճղլեան: Երեք երիտասարդներ նուագեցին «Տլէ Եաման» եւ «Օտարութիւն» երգերը. Մեներգեց՝ Զուլալ Պոյմուշաքեան, նուագակցութեամբ Ռազմիկ Մելքոնեանին եւ Վահան Սաղտճեանին: Ժողովուրդը հաւաքաբար երգեց «Զինուորի Մօր Երգը», եւ «Տէր Ողորմիա՛» շարականը:

Օրուան Խորհրդածութիւնը ներկայացուց Արժ. Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան, որ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ հայ
 
4

ժողովուրդին հանդէպ գործուած մեծ ոճիրին, որ կ'երկարէր 1884 - 1922 թուականներուն, ուր մօտաւորապէս երկու միլիոն հայ կը նահատակուէին ցեղասպան թուրքին ձեռամբ եւ կը կատարուէր 20-րդ դարու մարդկութեան առաջին մեծագոյն ցեղասպանութիւնը: «Այսօր, մէկ դարը բաւարար է, որ Միջազգային Ատեանը իրաւական ճշգրիտ գնահատականը կատարէ: Հակառակ բոլոր աղէտներուն, դժբախտութիւններուն եւ դժուարութիւններուն հայ ժողովուրդը կ'ապրի հպարտ, մեծ համբերութեամբ եւ լաւատեսութեամբ, իր դատի լուծումը տեսնելու ցանկութեամբ»: Ան աւելցուց ըսելով. «Արդ, անպատճառ հաւատարիմ պիտի մնանք մեր անմեղ զոհերու արեան կանչին եւ պիտի պայքարինք մինչեւ հասնինք մեր նպատակին, պիտի շարունակենք պահանջատէր մնալ մեր ոտնակոխուած իրաւունքներուն մինչեւ ամբողջական յաղթանակ: Հայկական հարցին լուծումը հայ ժողովուրդի յարատեւման միակ ուղին է: Հետեւաբար, այս օրը մեր մեծ երազներու հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը եւ անոնց գործադրման ի տես մեր պատրաստակամութիւնը յայտնելու օր է »:

Փակման խօսքին մէջ, Գերապատիւ Հայր Գարեգին Վրդ. Քէօշկերեան անդրադարձաւ այն ահռելի վտանգին եւ յարձակումներուն, որոնք կը խաթարեն մեր երկրորդ հայրենիքը՝ Սուրիան: Ան ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի սեմին մեր թշնամին մտայղացում մը ունեցած է, քանդել եւ բնաջնջել ուրիշ ժողովուրդ մը , ուրիշ երկիր մը՝ մեր երկիրը: Բայց, Աստուծոյ կամքով, յաղթական դուրս պիտի գանք միասնականութեամբ, պայքարով եւ հաւաքաբար աղօթելով»:

Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման այս ձեռնակը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով, որմէ ետք բազմութիւնը ուղղուեցաւ Քեսապի գերեզմանատուն, Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն յուշակոթողին շուրջ, ուր ծաղկեփունջեր զետեղուեցան եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն զոհերու հոգիներուն:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ ստացած ենք սիրալիր եւ քաջալերական նիւթական նուիրատուութիւն մը Ս.Օ.Խ.-ի Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութենէն, որ միշտ եղած է ու կը մնայ նեցուկ մշակութային բոլոր ձեռնարկներուն:
 
5

Հայկական մշակութային լուրեր

Հայաստանի գրողներու միութեան նշանաւոր «Գրական Թերթ» շաբաթաթերթը, ունեցաւ իր համացանցային կայքէջը:
Հայաստսանի գրողներու միութեան պաշտօնաթերթ՝ «Գրական թերթ»ը ունի իր կայքէջը: Անոր պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Մարտ ամսուան 26-ին: Ըստ գլխաւոր խմբագրապետ՝ Կարինէ Խոթիկեանի, շաբաթական տպուած հազար օրինակները կը ծախուին ամբողջութեամբ: Շնորհիւ նոր կայքէջին «Գրական թերթ»ը մատչելի պիտի ըլլայ աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ աշխարհի տարածքին:

«Կը մտահոգուէինք, թէ «Գրական թերթ»ի ելեկտրոնային տարբերակին լոյս տեսնելէն ետք , անոր տպուած հրատարակութիւնը անհետանար, ընթերցողներու չգոյութեան պատճառով, բայց մեր այդ մտահոգութիւնը դարմանելու համար, որոշուեցաւ կայքէջին մէջ յօդուածները հրապարակել, տպուած օրինակի հրատարակութենէն մէկ շաբաթ ետք». կ'ըսէ Կարինէ Խոթիկեան: «www. Grakantert.am » կայքէջը պիտի պարունակէ նաեւ արխիւային գրական նիւթեր, անցեալի գրագէտներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն մասին:
«Գրական թերթ»ը լոյս տեսած է առաջին անգամ 1932-ին , Երեւանի մէջ. սկզբնական շրջանին ամսական երեք թիւով, ապա ամսական , իսկ ներկայիս շաբաթական դրութեամբ:

«Histoire de l’Arménie, des origines à nos jours» գիրքի ներկայացում
«Պատմութիւն հայոց ,սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը»
Երկուշաբթի 8 Ապրիլ 2013-ին, Համազգայինի «Փարիզի» մասնաճիւղը ներկայացուց Անի եւ Ժան Փիէր Մահէ-ի գիրքը « Histoire de l’Arménie, des origines à nos jours », հրատարակուած Փէրէն հրատարակչատան կողմէ:

Ձեռնարկի բացումը կատարեց Անահիտ Տէր Մինասեան: Ան ներկայացուց գիրքին հեղինակները եւ բարձր գնահատեց անոնց ներդրումը մասնագիտական մարզէն ներս: Արեւելեան մշակոյթներու մասնագէտ՝ Անի եւ Ժան Փիէր Մահէ, տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած են կովկասեան ժողովուրդներու պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Հրատարակած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւներ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի գանձերուն: Անոնք կը տիրապետեն զանազան լեզուներու, որոնց շարքին նաեւ՝ հայերէնին, զոր
 
6

սորված են 70-ական թուականներուն, երբ հաստատուած են Սովետական Հայաստան՝ աշխատելու համար Երեւանի մատենադարանը:

Ապա խօսք առաւ Ժան Փիէր Մահէ եւ ներկայացուց գիրքը, որ 700 էջերու մէջ կ՝ամփոփէ 3000 տարուան հայոց պատմութիւնը։ Ան ամբողջական պատկեր մը կու տայ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր հանգրուաններուն՝ ծագումէն մինչեւ այսօր:

Ընդհանրապէս հայոց պատմութեան գիրքերը կը պատրաստուին քանի մը մասնագէտներու համագործակցութեամբ, այս մէկը գրուած է մէկ շունչով, առանց պատմութեան կտրատումներու: Թագաւորութիւններ, տոհմեր, իշխանական տուներ…: Հայերը զիրենք կառավարող իշխանութիւններուն հետ, դիմագրաւած են օտար արշաւանքներ, հսկայ կայսրութիւններ, կրցած են համակերպիլ եւ պահել իրենց ինքնութիւնը:

Գիրքին վերջին մասը կ'անդրադառնայ Հայաստանի երիտասարդ Հանրապետութեան դիմագրաւած նոր դժուարութիւններուն՝ տնտեսական դժուարութիւններ, արտագաղթ, Ղարաբաղի հարց, եւ այլն։

Հռոմի նորընտիր Պապը փափաք յայտնած Է հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին տակ թաղուելու:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հռոմի նորընտիր Ֆրանսիս պապը 2005 թուականին Պուէնոս Այրէսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակին առիթով մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրման ատեն ըսած է, որ կը փափաքի թաղուիլ այդ յուշարձանին տակ։ Այս մասին գրած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրադեանը «Մեր բարեկամ Պապը» խորագիրով յօդուածին մէջ բացայայտելով արժանթինցի Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի ելոյթի մանրամասնութիւնները: «Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցու նորընտիր Սրբազան պապը մեր բարեկամն է՝ անձնապէս իմ, Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի: Իմ ծանօթութիւնը նորընտիր պապի հետ սկսուել է 2005 թուականից, երբ նշում էինք Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակը եւ այդ առիթով Պուէնոս Այրէսի Մայր տաճարի մէջ զետեղեցինք Հայաստանից բերուած մի խաչքար՝ մեր նահատակների յիշատակին: Խաչքարի բացման ու օծման արարողութեանը մասնակցեց նաեւ այդ օրերին Արժենթինայի
 
7

արքեպիկոպոս եւ Պուէնոս Այրէսի առաջնորդ կարդինալը՝ գերապատիւ տէր Խորխէ Մարիօ Բերգոլիոն, որը, ի միջի այլոց, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցու եւ հայ ժողովրդի նահատակութեան մասին խօսելուց բացի, կոչ արեց Թուրքիային ընդունել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ խաղաղ լուծում փնտռել Հայկական հարցին: Նա շեշտեց նաեւ Հայ եկեղեցու Առաքելականութիւնը, Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալների շնորհիւ, իսկ խաչքարի բացումից յետոյ ասաց նաեւ, որ փափաքում է մի օր թաղուել այդ խաչքարի տակ: Տեղին է յիշեցնել, որ Մայր տաճարի ներսում թաղուած են Բուենոս Այրեսի նախկին առաջնորդները: Ֆրանցիսկոս պապը միշտ էլ մասնակցել է ու ելոյթ է ունեցել ապրիլեան նահատակներին նուիրուած Մայր տաճարի մեր հոգեհանգստեան արարողութիւններին եւ այժմ վստահ եմ՝ որպէս Հռոմի ու Կաթողիկէ աշխարհի վեհապետ պապ պէտք է շարունակի մտածել ու գործել չքաւորների եւ տառապեալների համար եւ պաշտպան կը մնայ անարդարութեան զոհ դարձած բոլոր ազգերին, որոնց թւում նաեւ՝ հայ ժողովուրդին եւ հայոց դատին: Յաջողութիւն եւ երկար կեանք ենք մաղթում մեր բարեկամ կարդինալ Խորխէ Մարիօ Բերգոլիոյին եւ մանաւանդ Հռոմի այժմեան Ֆրանցիսկոս Պապին», գրած է Գիսակ արք. Մուրադեան:

Յայտարարութիւն
Մանկավարժ-Հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2013-2014 տարեշրջանին համար կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ Սփիւռքի ամբողջ տարածքէն:
Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներուն ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով Հայերէնագիտական մարզի մէջ: Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը: Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապ հաստատել Համազգայինի Կեդրոնական գրասենեակ (Պէյրութ), նոյն ե-նամակի հասցէով կամ հեռաձայնել 00961-4-715684 թիւին եւ կամ դիմատետրի (FB) Hamazkayin Central հասցէին։

 
8

ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ «ՄԻՇԸՆԵՐԻ ՀԵՐԸԼՏ»ի 1915-1918 ԹԹ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարը ամբողջական ու աւարտուն դառնալու համար, տակաւին կը սպասէ բազմաթիւ յայտնաբերելի նորանոր փաստաթուղթերու լոյսին ընծայման...:
Փաստաթուղթեր եւ վկայագրութիւններ, որոնք առ այսօր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, կը մնան թաքնուած՝ Հ. Ցեղասպանութեան հետ առնչուած պետութեանց, հաստատութեանց արխիւներուն, մամլոյ էջերուն եւ անձնական յուշագրութեանց մէջ...: Այդ թղթածրարին մէջ, թանկարժէք յաւելում մը կը բերէ՝ հմուտ պատմաբան, վաստակաւոր կրթական մշակ եւ մտաւորական Փրոֆ. Դոկտ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՔԱՍՈՒՆԻ, իր հեղինակած՝ «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ «ՄԻՇԸՆԵՐԻ ՀԵՐԸԼՏ»ի 1915-1918թթ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ» բովանդակալից եւ ծաւալուն գիրքով, հրատարակուած 2012-ին, Պէյրութի մէջ: Գիրք, որ նոր լոյս կը սփռէ Հայոց Ցեղասպանութեան մտայղացման, ծրագրաւորման եւ գործադրութեան համապարփակ ճանաչողութեան ուղղութեամբ... քննական հայեացքով ներկայացնելով հայ ընթերցող հանրութեան՝ այն էական նեցուկն ու զօրավիգը, զորս ընծայեցին անհատներ, կազմակերպութիւններ ու պետութիւններ, յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի փրկութեան նուիրական գործին, անոր անպատմելի ողբերգութեան տարիներուն, ի հակադրութիւն սառնասիրտ դաժանութեամբ յառաջ տարուող պետական քաղաքականութեանց...: Գիրքը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր մասերէ:

Առաջին մասը կ'ընդգրկէ այն տեղեկագրութիւններն ու վկայագրութիւնները, որոնց օտարազգի միսիոնարներն ու անոնց գործակիցները, երիտթուրքերու իշխանութեան խիստ գրաքննութեան պայմաններուն տակ, արձանագրած են` Ամերիկեան Միսիոնարական Պորտին կողմէ հրատարակուած ամսագրին՝ «Missionary Herald»-ին մէջ 1915-1918թթ., ուր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեանց մասին կան այնքան սարսռալից, այլեւ աղբիւրագիտական տեղեկութիւններ, որոնց անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը ջանասիրաբար կատարած է Տիկ. Եւնիկէ Տօգուզլեան-Եագուպեան: Ընթերցողը հիացումով եւ երախտագիտութեամբ կը համակուի գիրքին մէջ յիշատակուած այն բոլոր միսիոնարներուն եւ անոնց գործակիցներուն հանդէպ, որոնք ի հեճուկս թուրքին յարուցած
 
9

մշտական խոչընդոտներուն, ի գործ են դրեր ամէն ճիգ ու ջանք՝ ինչ-որ կերպով սատար կանգնելու մեր ժողովուրդին, անոր Գողգոթայի ճանապարհին վրայ, մերթ իրենց հայանպաստ քարոզչական աշխատանքով, մերթ ալ ուղղակի նպաստելով անոր կրթա-դաստիարակչական, հոգեմտաւոր զարգացման ու լուսաւորութեան գործին, անոր գոյատեւման պայքարին, ի մասնաւորի որբահաւաքի եւ որբախնամի նախախնամական աշխատանքին: Իրազեկ կը դառնանք այն փաստին, որ Ամերիկեան Պորտը, որ նաեւ գլխաւոր կազմակերպիչն էր Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստի Յանձնախումբին, բազմաթիւ միջոցառումներով ու գործակցութիւններով, անընդհատ պիտի շարունակէր իր նպաստը, նախ՝ Արեւմտեան Հայաստանի ու Հայկական Կիլիկիոյ մէջ, ապա՝ տեղափոխուելով Կովկաս եւ Արեւելեան Հայաստան, պիտի շարունակէր իր ծառայութիւնները հոն եւս, մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի առաջին տարիները, ու ապա նաեւ՝ Միջին ու Մերձաւոր Արեւելք, ուր իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէր յաջորդ տասնամեակներուն ալ: Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ժամանակն է, ինչպէս կը գրէ յարգելի հեղինակը իր «Փոխան-Յառաջաբան»ին մէջ, «որ հայ պատմագրութիւնը իր պարտքը հատուցանէ եւ արդարութիւն ընէ Աստուծոյ Խօսքով զինուած այս ֆիտայիներուն հանդէպ», քանզի՝ ինչպէս ի յայտ կու գայ «Միշըների Հերըլտ»ի տեղեկագրութեանց էջերուն մէջ, օտարազգի միսիոնարներէն շատեր աւելի քան ֆիտայիներ են եղած՝ նուիրուած հայափրկութեան, հայակրթութեան, հայապահպանման եւ հայ արդար դատի բարձրաձայնումի սուրբ գործին...: Այդ միսիոնարները դեռ 19-րդ դարուն ոտք դրած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւետարանչական առաքելութեամբ եւ տասնամաեակներ շարունակ, ամբողջական նուիրումով ծառայեր են հայ ժողովուրդին, երբեմն մինչ ի մահ զոհաբերուելով անոր փրկութեան ի խնդիր: Դոկտ. Երուանդ Քասունի յատկանշականօրէն կը նշէ, որ Միսիոնարութիւնը միշտ ալ պահեց իր լաւատեսութիւնն ու հաւատքը, որ Դաշնակից պետութիւններու յաղթանակը պիտի երաշխաւորէր բռնագաղթուած ժողովուրդին տունդարձը եւ աւերուած հայրենիքին վերաշինութիւնը: «Պտուղը ամբողջովին չէ փճացած: Բաւական կորիզ կը մնայ, եւ այդ կորիզները կամ պիտի վերացանուին իրենց նախկին դաշտերուն մէջ, կամ ապագային պիտի հունձք տան Արարատ Լեռան հովանիին տակ», կը կարդանք «The Missionary Herald»-ի Յուլիս 1916-ի տեղեկագրութեան մէջ: Սրտայոյզ ու սրտակեղեք են անոնց տեղեկագրութիւնները, ուր անոնք հարազատի մը չափ ու դեռ աւելի կը կիսեն հայուն ցաւն ու տագնապը, կը սրբեն անոր արցունքները, կը կապեն անոր վէրքերը, կը
 
10

կերակրեն ու կը պատսպարեն զայն, գորովանքով հոգ կը տանին որբացած մանուկներուն մանաւանդ, քանզի կը հաւատան. «Այս երեխաներուն մէջ է, որ հայ ազգի գոյատեւումի յոյսը կապուած է» (The Missionary Herald, Մայիս 1917):

Երկրորդ մասը ամբողջութեամբ յատկացուած է քննական ակնարկով ներկայացնելու այն անձնաւորութիւնները՝ օտարազգի, թէ հայազգի, աշխարհագրական վայրերը, դէպքերը եւ թուականները, որոնք անմիջականօրէն կ'առնչուին առաջին մասին հետ, եւ միահիւսուելով Ա. մասին մէջ տեղ գտած վկայագրութեանց հետ, հնարաւորութիւն կ'ընձեռեն, որ ընթերցողը համընդգրկուն ընկալումը ունենայ 1894-1923 ժամանակաշրջանի պատմական հոլովոյթներուն, որոնք էական են լրիւ ըմբռնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը, հուսկ վերապրումը մեր ժողովուրդի մնացորդացին: Քննական այս ուսումնասիրութիւնը հիմնաւորուած է ՝ սկզբնաղբիւրներու, մենագրութիւններու եւ յօդուածներու հարուստ մատենագիտութեամբ մը, ինչ որ զայն կ'ընծայէ անաչառ, անկողմնակալ եւ հաւաստի աշխատասիրութիւն մը, յոյժ գնահատելի ու երախտարժան...:

Յայտնապէս, Դոկտ. Երուանդ Քասունիի միտք բանին է՝ իր քննական ակնարկով, 1915-1918-ի տեղեկագրութիւններն ու վկայագրութիւնները ներկայացնել պատմական աւելի համապարփակ շրջագիծէն ներս, իրադարձութեանց կամ եղելութիւններու նախընթաց ու յետագայ ժամանակագրութեամբ, իրողութեանց հոլովոյթն ու ընթացքը պատմական լայն համապատկերին մէջ դնելու համար: Այսպէս, ան իր քննական ակնարկը կը սեւեռէ՝ 1915-1918 ժամանակաշրջանը կանխող տարիներուն, ներառելով 1894-96-ի Համիտեան կոտորածները, 1909-ի Կիլիկիոյ Աղէտը, ապա՝ յետագայ տարիներուն, մինչեւ Հայաստանի Խորհրդայնացումը, մինչեւ Լոզան: Ընթերցողը գլուխ առ գլուխ եւ էջ առ էջ, համապարփակ ընկալումը կ'ունենայ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան, զայն նախորդող եւ յաջորդող տարիներու իրադարձութեանց....: Արդարեւ, Հայկական Հարցը լուծելու միջոց էին Համիտեան կոտորածներն ու Ատանայի ջարդերը: Իսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմը լաւագոյն առիթը պիտի ընծայէր համաթուրանական Իթթիհատականներուն՝ գործադրութեան դնելու հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնը: 20 Յունուար 1913-ին, Էնվեր կ'առաջնորդէր օրուան կառավարութեան տապալումը եւ իշխանութեան կը բերէր Էնվեր-Թալէաթ-Ճեմալ եռեակը, Թուրքիա կը զինակցէր Գերմանիոյ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, զոր պատեհ առիթ նկատելով, բռնապետական եռեակը կը հրահանգէր 1915-1918թթ. Հայ
 
11

ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը: Էնվեր յետոյ պիտի յոխորտար. «Առանց թուրք զինուորի մը կորուստին, ես ոչնչացուցի թրքութեան թշնամի հայերը»: Այնուհետեւ դարձեալ, թրքական նպատակի հետապնդումը կը շարունակուէր....սակայն, Սարդարապատի մէջ, «Հայերի սխրագործութիւնները կանխեցին Երեւանի, Արարատեան դաշտի, Սեւանի աւազանի շրջանների զաւթումը թուրքերի կողմից»:

Պարտութեան մատնուած թուրքերը տակաւին իրենց կամքը կը թելադրէին՝ սեփական ժողովուրդէն կտրուած, թրքական բանակին դէմ տարուած Սարդարապատեան յաղթանակին անիրազեկ, Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդի ղեկավարութեան: Կը ստորագրուէր Պաթումի պայմանագիրը, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պարփակուէր 9000 քառ. քլմ. տարածութեան մէջ, 6 քլմ. երկաթուղիով եւ 324,285 բնակիչով:
10 Օգոստոս 1920-ին կը ստորագրուէր Սեւրի դաշնագիրը, որ կը ճանչնար ԱՄՆ նախագահ Ու. Ուիլսընի՝ անկախ Հայաստանի համար գծած սահմանները: Սակայն. «Ցուլ մը մուտք գործեց Սեւրի յախճապակիի խանութը եւ փշրեց ամէն ինչ: Ցուլը՝ Մուսթաֆա Քեմալ Փաշան էր, աւելի ուշ, ծանօթ՝ Քեմալ Աթաթուրք անունով»: Հետեւաբար, պատերազմին պարտուած Թուրքիան պիտի կարենար ոտքի ելլել, եւ Քեմալական Թուրքիան պիտի ուրանար Սեւրի Դաշնագիրը Լոզանի մէջ, ուրանալով Հայ Դատի եւ Արեւմտեան Հայաստանի գոյութիւնն իսկ: Իսկ յաղթական Դաշնակիցներ, արեւմտեան շահադէտ ու նենգ դիւանագիտութեամբ, մոռացութեան պիտի տային իրենց փոքր դաշնակիցը, անտեսելով անոր արդար Դատը եւ իրենց մէջ պիտի բաժնէին պատերազմական աւարը...Կիլիկիան ալ յանձնելով Քեմալականներուն՝ թուրք-ֆրանսական դաւադիր բանակցութիւններով:

Գիրքի ընթերցման աւարտին, ոչ միայն լայնահորիզոն ընկալումը կը ձեռքբերես հայ ժողովուրդի Գողգոթայի ճանապարհին, այլեւ խորունկ երախտապարտութեամբ կը համակուիս բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք գերագոյն նուիրումով ու անմնացորդ սիրով իրենց առաւելագոյնը մատուցեր են հայափրկութեան եւ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած տարագիր մնացորդացի վերականգնումի սրբազան գործին: Այսպէս՝ Բարի Սամարացիի իրենց ձեռքը երկարեր են հայութեան՝ «Միշըների Հերըլտ»ին մէջ տեղ գտած անձնդիր, խորապէս մարդասէր ու հայասէր միսիոնարները, անհատներն ու կազմակերպութիւնները եւ տակաւին Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի եւ Եգիպտոսի ասպնջական իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբ ժողովուրդները, որոնք իրենց տան դռներն են բացեր հիւրընկալելու բռնագաղթուած տարագիր հայը, անոր շնորհեր են աշխատանքի, ուսման ու տուն-տեղ ըլլալու
 
12

արտօնութիւն, պարգեւեր են քաղաքացիութեան իրաւունք ու վերահաստատեր են անոր մարդկային արժանապատուութիւնը, ինչպէս կը գրէ հեղինակը իր գիրքի ներածութեան մէջ: Եւ ասիկա ի հակադրութիւն օսմանեան, երիտթրքական թէ քեմալական Թուրքիոյ վարած հայաջինջ քաղաքականութեան եւ եւրոպական շահադէտ ու շահամոլ դիւանագիտութեան...:

Գիրքը անաչառ, կշռադատ վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական մէկ հատուածին...., որ կը դառնայ միաժամանակ ուսանելի դաս պատմական խորունկ ինքնաճանաչման հայ ներկայ եւ գալիք սերունդներուն համար: Նմանապէս՝ հայոց ցեղասպանութեան աղբիւրագիտական հազուագիւտ մատեան է ան, զոր պատմաբանն ու հետազօտողը կրնան լիովին օգտագործել, կարելի ճշգրտութեամբ կառուցելու համար՝ այս թեմային հետ առնչակից իրենց թէզը: Իսկ հայ հանրութեան համար, ընդհանրապէս, անիկա կրնայ ծառայել որպէս ուղենիշ եւ ուղեցոյց՝ իր ազգային-հաւաքական ապագան կերտելու համար: Երախտարժան այս ազգօգուտ ու հայանուէր աշխատութեան համար, մեր խորազգած շնորհակալութիւնները կը յայտնենք յարգելի Դոկտ. Փրոֆ. Երուանդ Քասունիին, իրեն մաղթելով քաջառողջութիւն, ստեղծագործական բեղուն աշխատանք, անխոնջ եռանդ ու կորով:
ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱ՛Ր, ՅԱՐԳԵԼԻ՛ ՄՇԱԿ:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ- http://www.azadkhosk.com/

Ամերիկեան Մէյն նահանգը եւ ֆրեզնօ քաղաքը կ'ընդունին եւ կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան Մէյն նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը միացեալ բանաձեւ մը ընդունած են եւ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Աւելի՛ն, ծերակուտականները կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` աջակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ժողովրդավարական անկախութեան:
Մէյն Միացեալ Նահանգներու երրորդ նահանգն է, որ այսպիսի բանաձեւ կ՛ընդունի: Նախապէս այսպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսեց:
Իսկ, Երեքշաբթի 23 Ապրիլին,Ֆրեզնօ Քաունթին դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի առաջին շրջանը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

 
13

ՔԵՍԱՊԻՑ ՄԻ ԲՈՒՌ ՀՈՂ ԲԵ՛Ր

Զանգահարողը ընկերս էր Մոսկուայից: Ձայնը տխուր էր, կերկերուն, գրեթէ անճանաչելի: Մի կերպ հասկացրեց, որ մայրը՝ տիկին Մարթան, վախճանուել է: Աճիւնը Հայաստան էր փոխադրելու, հօր՝ քեռի Վարդանի կողքին ամփոփելու: Խնդրեց կարգի բերել գերեզմանատունը:

Յիշողութեանս մէջ տիկին Մարթայի բարեհամբոյր դիմագծերը արթնացան, նրա հնամենի կարի մեքենան, որ 1947-ին հետն էր բերել Սիրիայից՝ մի կտոր հաց վաստակելու համար: Նրա ձեւած ու կարած հագուստները ոչ մի տեղ չէիր գտնի: Պատուիրատուին գոհացնելու համար աչք էր կուրացնում, գիշերներ լուսացնում: Տիկին Մարթան պատուիրատուների մի նեղ շրջանակ էլ ունէր՝ պաշտօնեաների կանայք էին. նրանց համար յատուկ գին էր սահմանուած...:

Քեռի Վարդանը թղթախաղի մոլի սիրահար էր: Ես նրա խաղընկերն էի: Ծանր էր տանում, նեղւում էր, երբ պարտւում էինք.
«Ոչինչ, քեռի՛ Վարդան, միշտ հօ մենք չենք յաղթելու»,- փորձում էի հանգստացնել նրան:
 «Էս թոյլիկների՞ն էլ պարտուենք»,-հեգնանքով ասում էր նա:
«Թղթախաղի մէջ թոյլ, ուժեղ չկայ. ում լաւ թուղթ եկաւ, նա էլ կը յաղթի»,- եզրակացնողը նրա որդին էր՝ Վազգէնը, ով կեանքում ոչ մի անգամ թուղթ չէր խաղացել:
«Դու մի՛ փիլիսոփայիր, գնա՛ մօրդ ասա՛ սուրճ թող եփի»: Վազգէնը հլու, հնազանդ գնում էր խոհանոց. մենք նոր խաղ էինք սկսում:
«Քեզ տեսնեմ, փաշաս, ռեպիկոն պիտի անենք»,-ոգեւորուած ասում էր քեռի Վարդանն ու դողդոջուն մատներով վերցնում խաղաթղթերը…: Թղթախաղից չէինք կշտանում: Օր էր լինում տիկին Մարթան կարի մեքենայի մօտ էր լուսացնում, մենք՝ թղթախաղի սեղանի շուրջ…: Տիկին Մարթան գոնէ պատուիրատու ունէր, մենք ի՞նչ ունէինք…:

Քեռի Վարդանն ու տիկին Մարթան Քեսապից էին եկել: Սիրիայի ու Թուրքիայի սահմանագլխին ծուարած մի գողտրիկ աշխարհ է Քեսապը՝ բնակեցուած զուտ հայերով: Փոքրիկ Հայաստան էր յիշեցնում Քեսապը: 1947-ին հարիւրաւոր հայեր Քեսապից գաղթեցին խորհրդային Հայաստան: Վարդան եւ Մարթա Գազազեանների նորաստեղծ ընտանիքն էլ նրանց մէջ էր: Եկան, շատերի նման յուսախաբ եղան, բայց լռեցին: Մի քանի տարի Ալավերդիում բնակուեցին, յետոյ տեղափոխուեցին Կիրովական(Վանաձոր), այնտեղից էլ՝ մայրաքաղաք՝
 
14

Երեւան: Մեր թաղում գնեցին Ամերիկա մշտական բնակութեան մեկնող ՊԷյրութցի Նշանի տունը:
«Մի ախպարը գնաց, միւս ախպարը եկաւ», կատակել էր թաղեցիներից մէկը:
«1947-ին երբ եկանք, մեզ հայրենադարձ էին ասում. մենք ի՞նչ հայրենադարձ,- թաքուն բողոքում էր քեռի Վարդանը,
իմ հայրենիքը Քեսապն է, Յարութի հայրենիքը՝ Խարբերդը,
Ասատուրի հայրենիքը՝ Տիգրանկերտը... »:

Քեռի Վարդանի թուարկած տեղանունները եթէ կողք կողքի դնէիր, կը ստանայիր մի մեծ կորսուած հայրենիք՝ Արեւմտեան Հայաստան
անունով:
Քեսապցի Վարդանի ու Պէյլանցի Յարութիւնի տները կողք կողքի էին, մի թափանցիկ ցանկապատ էր բաժանում նրանց: Ջերմ ու հարեհաս հարեւաններ էին, բայց տարին մէկ երկու անգամ մի վէճ էր թեժանում Վարդանի ու Յարութի միջեւ, որը շատերի համար անհասկանալի էր ու այդպէս էլ մութ մնաց: Լեզուակռիւ էր, վէճ՝ իրենց անհասկանալի բարբառներով՝ Քեսապի ու Պէյլանի: Նա սրա Քեսապն էր փնովում, սա՝ նրա Պէյլանը...

Մի օր հերթական վէճից յետոյ Յարութը որոշել էր քարէ պատ շարել թափանցիկ ցանկապատի փոխարէն, ու երբ բանուորները մի երկու շարք պատել էին արդէն, փոշմանել էր՝ ասելով.
«Վարդա՛ն, եթէ կ'ուզես, մնացածը դու շարէ, իմ հերսը անցաւ»: Պատն այդպէս անաւարտ էլ մնաց:
Պէյլանցի Յարութիւնն էլ բռնեց Ամերիկայի ճամբան: Քեսապցի Վարդա- նը տխրեց, գնաց բարի ճանպարհ ու մնաս բարով ասելու Յարութին:
Գնաց ու որքան ուզեց զսպել, սեղմել, ցոյց չտալ յուզմունքը, չստացուեց. դէմքի ակօս կնճիռներով արցունքի անթաքոյց առուակներ հոսեցին...:

Տասնամեակներ անց, Նիւ Եորքում, երբ մանկութեանս ընկերոջը՝ Վարուժին, հարցրի. -
«Ի՞նչն էր հօրդ ու Վարդանի վէճի պատճառը»:
-«Դեռ յիշո՞ւմ ես»,- զարմացաւ Վարուժը: -
«Մոռանալո՞ւ բան է»: -
«Հօրս ու Վարդանի վէճը չէր միայն, Բէյլանի ու Քեսապի վէճն էր նաեւ:
Աշխարհի որ ծայրում էլ լինի քեսապցին ու պէյլանցին, երբ հանդիպեն,
 
15

կ'ողջագուրուեն, սեղան կը նստեն, կ'ուտեն, կը խմեն ու կը յիշեն կորուստները, կը յիշեն ու կը վիճեն, կը վիճեն ու կը մեղադրեն միմեանց, բայց թէ ի՛նչ օգուտ՝ եղածը եղած է...»: -«Պատճա՞ռը... պատճառը ո՞րն է...», այրուող հետաքրքրութեամբ հարցրի ես: Ընկերս շարունակեց.
-«Թուրքի դէմ կռուելու համար պէյլանցիները զէնք են խնդրել քեսապցիներից»: -
«Չե՞ն տուել»: -
«Տուել են,- ծիծաղելով շարունակեց Վարուժը: -
«Տուել են. հրացաններ են տուել՝ առանց փամփուշտի...»: Յարութիւնը իր կորսուած հայրենիքի համար մեղադրում էր Վարդանին,
Վարդանը՝ գարատուրանցի հնչակ Վահէին, Վահէն՝ դաշնակցական Հրայրին, Հրայրը՝ պոլսեցի Արթինին, Արթինը՝ ուրֆացի Նշանին...:
Այսպէս իրար մեղադրելով, քով քովի չգալու արդիւնքում կորցրինք մի մեծ Հայրենիք, որի անունն Արեւմտեան Հայաստան է...: Քեռի Վարդանը հիւանդացել, անկողին էր ընկել: Գնացի տեսութեան:
Ասացի, որ մի քանի օրից Սիրիա եմ գնում՝ գործուղման: «Ի՞նչ բերեմ քեզ համար, քեռի Վարդան», հարցրի: -
«Քեսապ կը գնա՞ս»,- քեռի Վարդանի հարցի մէջ խնդրանք կար : -
«Կը գնա՛մ»,-պատասխանս բուժիչ դեղահատ էր նրա համար: -
«Երանի՜ աչքերիդ,-կարօտով ասաց նա ու շարունակեց, -
ինձ համար Քեսապից հող բեր, մի բուռ հող...ուրիշ բան չեմ ուզում... »: -
«Մեր տունը «Սեւան» ճաշարանի կողքին էր. տես դեռ կանգո՞ւն է...»,-սա էլ կնոջ՝տիկին Մարթայի խնդրանք- ապսպրանքն էր... Վերադարձիս Դամասկոսի օդանաւակայանում մաքսային ստուգում էի անցնում:
«Արգելուած ապրանք ունէ՞ք»,-հարցրեց մաքսաւորը:
«Չունե՛մ»,- անվարան պատասխանեցի: Մաքսաւորը ձեւի համար բացեց ճամպրուկս, տափ տափեց իրերս, ու այն է ՝ յետ պիտի փակէր, երբ ափը հպուեց հողով լի տոպրակին: Դուրս քաշեց. -
« Սա ի՞նչ է»,- խուզարկու հայացքով նայեց տոպրակին: -
«Հող»,- պատասխանեցի: -
«Հո՞ղ»,-զարմացած ասաց նա ու բացեց տոպրակի բերանը: -
«Ո՞ւր ես տանում»,-հարցրեց:
 
16

-«Հայաստան, քեսապցի Վարդանի խնդրանքն է»: -
«Հողը Քեսապի՞ց է...»: -
«Այո՛, Քեսապից... Չի՞ կարելի...»:
Մաքսաւորը կամուկացի մէջ էր: Տեսնելով, որ ստուգումը երկարում է, մի ուրիշ մաքսաւոր մօտեցաւ՝բարձրաստիճան ուսադիրերով: -
«Հող է տանում Քեսապից,-
զեկուցեց աշխատակիցը, յետոյ շրջուելով ինձ՝ հարցրեց,-
ո՞ւմ համար է ասացիր... »: -«Վարդանի, քեսապցի Վարդանի...»: -
«Քեսապցի Վարդանը քո ի՞նչն է»,-հետաքրքրուեց բարձրաստիճան սպան:
«Իմ քեռին է»:
Սպան խորհրդաւոր, բայց բարի ժպիտ ունէր այդ պահին:
Շատ եմ ճամբորդել,ժպտադէմ մաքսաւորների գրեթէ չեմ հանդիպել.Բոլորն էլ խուզարկու, ինչ որ բան գտնելու մարմաջով տառապող մարդիկ են: Այս մի ժպիտը մինչեւ հիմա էլ յիշում եմ: -
«Իմ մեծ մայրն էլ հայ էր, անունը՝ Աղաւնի, այնպէս որ Վարդանը ոչ միայն քո, այլեւ իմ քեռին է...»:
1915-1923 թուերի ցեղասպանութեան տարիներին մազապուրծ հայերի խլեակները Տէր-Զօրից հասնում են Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա՝ ցրուելով Սիրիայով մէկ...
Արաբները հաց ու ջուր են տալիս, ապաստան, դեղ ու ճար անում փրկուածներին, իրենց ընտանիքներում պահած հայուհիներից շատերին ամուսնացնում իրենց որդիների հետ: Նրանցից մէկն էլ մաքսատան պաշտօնեայի
մեծ մայրն է եղել՝ Աղաւնին:

Խորհրդային տարիներին մեր բոլոր ճանապարհները Մոսկուայով էին անցնում: Այնպէս որ, այստեղ էլ պիտի մաքսային ստուգման ենթարկուէի:Մոսկուայում չստուգեցին, այլ քրքրեցին իրերս ու «գտան» չյայտագրուած արգելուած իրը՝ Քեսապի հողը...: -
«Սա ի՞նչ է»:
-«Հող»: -
«Ձե՞ռք ես առնում»:
Հողով լի տոպրակը յայտնաբերած մաքսաւորը կանչեց օրուան հերթապահին: -
«Ասում է՝ հող է»,- դէմքին քմծիծաղ կար:
 
17

«Փորձաքննութեան տար»,-առաջարկեց հերթապահը:
-«Տարէ՛ք»,-
հանգիստ, անտարբեր թոնով ասացի ես ու սկսեցի անշտապ, հատ-հատ հաւաքել ճամպրուկիս՝ սեղանին թափուած պարունակութիւնը:
Քիչ անց, տոպրակը ձեռքին վերադարձաւ շիկահեր, կարմրաթուշ հերթապահ մաքսաւորը: «Ստուգեցի՞ք»,-հարցրի:
«Ստուգեցինք: Բայց պիտի խոստովանես ՝ մէջն ի՞նչ կայ, որ տանում ես»:
«Կարօտ... յիշողութիւն... արգելուա՞ծ է...»:
Մաքսաւորը քար կտրեց. նրան թուաց, թէ ձեռք եմ առնում: Չհասկացաւ...:Ախր նրա մեծ մօր անունը Աղաւնի չէր...:
Սպարտակ Ղարաբաղցեան -Դիմատետրէն«facebook.com»


ԱՊՐԻԼ 24

1915 թուականը շատ ցաւալի տարի մըն էր ողջ հայութեան համար, որովհետեւ ամբողջ ազգ մը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, տարագրուեցաւ իր պապենական հողերէն եւ զոհ տուաւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ: Թուրքը, կազմակերպուած ձեւով ուզեց բնաջնջել հայ ազգը, նախ՝ հաւաքեց ու չարչարելով մեռցուց գրագէտները, ինչպէս՝ Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Գրիգոր Զօհրապ եւ ուրիշներ: Ապա, աշխատանքի պատրուակով երիտասարդներ ու տղամարդիկ հեռացուց իրենց տուներէն ու խումբ-խումբ ենթարկեց մահուան: Չխնայեց ո՛չ կիները, ո՛չ փոքրիկները, ո՛չ ալ ծերունիները, որոնք բոլորն ալ իրենց օճախներէն տեղահան եղան եւ Սուրիական անապատներուն մէջ անօթի ու ծարաւ ջարդուեցան: Թուրքը օգտագործեց իր բոլոր ուժերը, որպէսզի յաջողցնէ հայը ոչնչացնելու իր մեծ ծրագիրը: Տարիները կը թաւալին, եւ օրերը կը մեղմացնեն ամէն ցաւ, բայց Ապրիլ 24-ը իւրաքանչիւրի միտքին ու սրտին մէջ կը մնայ ու պիտի մնայ: Ամէն օր կը յիշենք ու պարտաւոր ենք յիշեցնել Մեծ Եղեռնը եւ թուրքին վայրագութիւնը ամբողջ աշխարհին: Մենք՝ պատանիներս, կը հաւատանք որ ուշ կամ կանուխ պիտի վերադարձնենք բռնագրաւուած մեր հողերը եւ տէր պիտի կանգնինք մեր իրաւունքներուն:
Անթառամ Թրթռեան Է. կարգ
 
18

ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ
(1878-1915)
ՍԻԱՄԱՆԹՕ

«Զգացնել տուր թշնամիիդ, որ ամէն վարկեան պատրաստ ես պատերազմելու
եւ նա կը հրաժարւի զինու ուժով քեզ անհանգստացնելու մտքից»:

Սիամանթօ

2013 թ.-ին կը լրանայ հայկական ազատամարտի դիւցազներգակ բանաստեղծ, քնարերգու, հայկական բանաստեղծութեան ամենէն ինքնատիպ դէմքերէն մէկուն՝ Սիամանթոյի ծննդեան 135-ամեակը:
Բուն անունով՝ Ատոմ Եարճանեան: Ան ծնած է 1878թ. Օգոստոս 15-ին Արեւմտեան Հայաստանի Ակն քաղաքը, Եփրատ գետի ափին: Եարճանեանները Ակնայ երեւելի ընտանիքներէն էին: Ինչպէս կը վկայէ Ա.Չօպանեան. «Ատոմի մայրը՝ Նազենի, ազնիւ հայուհի ու մանաւանդ հայ մօր մտատիպար էր»: Ատոմ կը յաճախէ եւ կ'աւարտէ տեղւոյն Ներսիսեան դպրոցը, ուր Ակնայ առաջնորդ Գ.Սրուանձտեանցի կողմէ կը ստանայ Սիամանթօ անունը: 1892թ. պատանի Ատոմ իր հօր հետ կը տեղափոխուի Կ.Պոլիս, ուր կ'ուսանի Գում Գաբուի Միրիճանեան, ապա՝ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ։ Ռ. Պէրպէրեանին շունչին տակ, Ատոմ խորացուց իր գրական գիտելիքները ու զարգացուց իր արուեստագէտի ճաշակը:
1895թ. համիտեան ջարդերուն հետեւանքով Եարճանեանները վերջնականօրէն կը փոխադրուին Ակնէն՝ Պոլիս: Իր տեսուչին պնդումներով նոյն տարուան ամառը Ատոմ իր հօրեղբօր հետ կը մեկնի Եգիպտոս, իսկ 1897-ին հետեւելով իր բարեկամներուն խորհուրդին, կ'անցնի Եւրոպա՝ Ժընեւ: Ժընեւի մէջ Ատոմ կ'ընդունուի տեղւոյն համալսարանի ծաղկաբուծական բաժինը, սակայն անոր էութիւնը ամբողջապէս կլանուած էր գրականութեամբ ու արուեստով: Աշնան կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի գրական բաժնին, որպէս ազատ ունկնդիր։ Այդ շրջանին Փարիզը կը հանդիսանար հայկական մշակոյթի կեդրոններէն մէկը, ուր ապաստանած էին Թուրքիայէն հեռացող կարգ մը գրագէտներ եւ մտաւորականներ: Սիամանթօ կը հետաքրքուէր մասնաւորաբար գիտութեամբ, փիլիսոփայութեամբ ու համաշխարհային գրականութեամբ: 1898թ. Ս.Պարթեւեանի «Վաղուան Ձայնը» պարբերականին մէջ կը տպուի անոր առաջին քերթուածը՝ «Աքսորուած խաղաղութիւն», իսկ տարիներ անց՝ 1907թ. «Մահուան Տեսիլք»-ը
 
19

խորագրով պիտի բանար «Հոգեւարքի եւ Յոյսի Ջահեր» ժողովածուն: Սակայն, լոյսի եւ գեղեցկութեան քաղաք Փարիզը իսկական քաւարան մըն էր Սիամանթոյի պէս նիւթական անձուկ վիճակի մէջ գտնուող մտաւորականներուն համար:

1901թ. Մինաս Չերազի յանձնարարութեամբ կը մեկնի Ռումանիա՝ հարուստ հայու մը ագարակին մէջ աշխատելու, ուր ագարակատիրոջ կծծիութեան պատճառով անասելի զրկանքներ կը կրէ եւ շուտով կը վերադառնայ Փարիզ, ուր 1902թ. լոյս կը տեսնէ «Դիւցազնօրէն» գրքոյկը: Շարքին մէջ հայրենիքի տառապանքէն աւելի յեղափոխութիւնը կ՝երգէ: Ան նկարագրութիւնն է՝ նուիրումի մը, ճակատամարտի մը եւ յաղթանակի մը:

1904թ. ի յայտ կու գան հիւծախտի նախանշանները եւ կը սկսի խուլ պայքար մը բանաստեղծին եւ հայ բանաստեղծութեան ոխերիմ թշնամի թոքախտի միջեւ: Ձմրան կը մեկնի Զուիցերիա, Լէյզէնի բուժարանը, ուր մահուան դէմ լարելով իր բովանդակ ոյժը եւ իր ապրելու կամքով հիացում կը պատճառէ իր բժիշկներուն:

1905թ. ,բաւական կազդուրուած,Սիամանթօ կը վերադառնայ Ժընեւ եւ կը հրատարակէ իր «Հայորդիներ» շարքը: Ան կը մտնէ հայ բանաստեղծութեան ասպարէզը այն օրերուն, երբ հայ տառապանքը իր գագաթնակէտին հասեր էր: Վիշտն ու պայքարը կ'ակօսէին հայրենի հողը, հայ կեանքը ու Ժընեւը, ուր կ'ապրէր Եարճանեան՝ կեդրոնը ըլլալով վշտահարներուն եւ ըմբոստներուն: Զարհուրանքին եւ միեւնոյն ատեն տառապանքին քերթող կը դառնայ Սիամանթօ, միեւնոյն ատեն՝ զօրաւոր քերթողը յեղափոխութեան:

1908թ., Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Սիամանթօ կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը գուշակէ հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագիրը եւ կը ստեղծէ «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» շարքը, ուր նկարագրուած են արեան նախճիրներու դժոխային տեսարանները։ Հայ գաղթականներու կեանքն ու առօրեան ուսումնասիրելու առաքելութեամբ Սիամանթօ 1909-ին կը մեկնի Ամերիկա. իրողութիւնը իրեն կը յուշէր ազգին սպառնացող աղէտը, զանգուածային արտագաղթէն կ'ամայանար Հայաստանը, պէտք էր փրկել ազգը, կապել զայն հայրենի հողին: Հայրենականչի այս գաղափարով Սիամանթօ կառուցած է «Հայրենի Հրաւէր», նամակաշարը։ Տարագիր հայութեան ուղղուած կոչերուն մէջ կ'արտացոլան հայրենիքի մորմոքն ու
 
20

տուայտանքը։ Քերթողը կարծես երկու աշխարհարներուն՝ Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ կանգնած կը տարածէ թեւերը, իրարու քով կը բերէ, մէկ համբոյրի ու ցաւի մէջ կը միացնէ ցիրուցան եղած ողջ ժողովուրդ մը: 1913թ.Պոլսոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ գիրերու գիւտի 1500 եւ տպագրութեան 400 ամեակին նուիրուած աննախադէպ տօնակատարութիւն, որոնց առիթով

Սիամանթօ կը գրէ եւ կը հրատարակէ իր աննման «Սուրբ Մեսրոպը» երկարաշունչ քերթուածը: Նոյն տարին կ՝այցելէ Հայրենիքի պատմական վայրերը՝Օշական, Էջմիածին, Անի, կը տեսնէ Մասիսի վեհափառ գագաթը: Կովկասէն կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Ապրիլ 24-ին կը ձերբակլուի եւ 23 հայ մտաւորականներու հետ միասին, Այաշէն Էնկիւրի երկարող ճամբուն վրայ կը խողխողուի թուրք ոճրագործներու կողմէ:
Սիամանթօ երբեք չերգեց անհատական յոյզեր, ապրումներ, այլ տուաւ բացառապէս տառապանքը իր ժողովուրդին եւ մարտնչումը հայ հերոսներուն: Բոլորովին ինքնատիպ ոճով, վառ երեւակայութեամբ ու գունեղ պատկերներով փառաբանեց արի ընդվզումը, հայորդիներու մղած դիւցազնամարտը: Անոր ստեղծագործութիւնը իրական արուեստագէտի կնիքն ունի եւ կը կազմէ հայ նոր գրականութեան գեղեցկագոյն էջերէն մէկը: Իր բանաստեղծութիւններէն շարք մը թարգմանուած են ռուսերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի։
Համադրեց ՝ Յասմիկ Սաղտճեան


ԱՓ ՄԸ ՄՈԽԻՐ, ՀԱՅՐԵՆԻ՜ ՏՈՒՆ
Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես՝ երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու յոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ'ունկնդրէի...

               Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ,
               Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
               Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի...
               Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։
 
21

Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ,
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ'աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ'առնէր...

               Փշրեցա՞ւ, ուրե՛մն, այն հայելին ոսկեծիր,
               Որուն եթերային խորութեանը մէջ,
               Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
               Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին...

 Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,
Ու կոտրտեցա՞ն պարտէզիս ուռին եւ թթենին.
Եւ այն առուակը որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ...

               Օ՜, այն վանդակին կ'երազեմ յաճախ,
               Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
               Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
               Զարթնումի ժամուս ՝ յստակօրէն կը կարգճէր...

 Հայրենի՛ տուն, հաւատա՛ որ մահէս յետոյ
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ, իմ հոգիս
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դԺբախտի երգը եւ արցունքը լալու...

               Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
               Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
               Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
               Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու...

Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի տուն,
Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ,
Քու յիշատակէ՛դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՛դ,
Ափ մը մոխիր... իմ սրտիս վրան ցանելու...
                                           Սիամանթօ
 
22

Տեսիլք

Երաժշտութիւնը հանդարտ ՖոնոկրաՖէն կը սահէր…: Եւրոպա իր վերջին այցելութենէն բերած էր այս ձայնապնակը. Չայքովսկիի մէկ ստեղծագործութիւնը…: Այս գիշեր ձայնապնակէն կարծես ճակատագիրն էր, որ կը նուագէր…:

Երկար նայեցաւ դիմացը դրուած ճերմակ էջին…: Պէտք է գրել, բայց ճակատագրական պահի տիրապետող զգացումը միտքը կը պղտորէր: Գինիի ազդեցութեա՞ն տակ, երաժշտութեա՞ն, թէ՞ մոմի թմրեցնող բոցին՝ ինքն ալ չգիտցաւ, բայց ճակատագրի ձայնը ճերմակ թուղթին վրայ վերածուեցաւ տեսելքի. այնքա¯ն իսկական, այնքան ահարկու եւ ինք անզէն մարդ մը՝ ճերմակ թուղթին դիմաց ճակատագրի աղմուկը տիրապետեց…: Ի՛ր իսկ աչքերով տեսաւ փոթորիկը, տեսաւ ինչպէ՛ս ինքը մինակ անօգնական կեցած էր անոր դիմաց՝ վախով ու անխախտ յամառութեամբ… ապագան ամբողջութեամբ այս պահուն թաւալած էր աչքերուն առջեւ…:
Երաժշտութիւնը կը շարունակէր սահիլ ՖոնոկրաՖէն… :
Արդէն եղած էր այն, ինչ որ պէտք է ըլլար…:
Չէր դիմադրած, հակառակ ոստիկաններուն կոպտութեան… ԷՖէնտի կանչած էին զինք ու էՖէնտիի մը անվայել ձեւով քաշքշած ու կառքին մէջ նետած էին…: Դաստակներուն պլլուած պաղ մետաղէն ծայր առած սարսուռ մը անցաւ մարմնէն: Կառքին մէջէն լսեց ոստիկաններուն փնտռտուքին աղմուկը… ամէնուն մէջէն յստակ լսեց իր գրասեղանին տքոցը, ճերմակ էջերու պատռուիլը․․․:
Շոգեկառքին անիւները միօրինակ ռիթմով մը կ'աղմկէին… :
Չայքովսկիին եղանակին ռիթմով: Գլուխը յենեց շոգեկառքի պատուհանին: Երկար դիտեց ընկերները։ Անոնք բոլորը իրենց ետեւ ձգած էին տապալած գրասեղաններ եւ ճերմակ էջեր…:
Շոգեկառքի ռիթմի՞ն ազդեցութիւնն էր, թէ՞ մահամերձ մարդու մարգարէութիւն մը, ինքն ալ չէր գիտեր, բայց գիտակցութեան փայլատակումի մը մէջ, ամբողջ ապագայ մը պարզուեցաւ աչքերուն առջեւ…: Ամբողջ ազգ մը կեցած էր փոթորիկին դիմաց. կեցած էր մինակ ու անօգնական, կեցած էր վախով ու անխախտ, լուռ յամառութեամբ: Ապագան ամբողջութեամբ այս պահուն թաւալած էր աչքերուն առջեւ… Յամառ լռութիւնը տիրապետած էր ճակատագրի աղմուկին…:
Յուշիկ Յ.Ղազարեան
 
23

ԱՊՐԻԼ 24

Ոչ միայն այսօր,այլ ամէն ժամ ամէն օր,
Դո՛ւք, միշտ հոգւոյս մէջ սգաւոր,
Երազներուս մէջ ծովեր՝ արիւնի,
Ու գետեր՝ հառաչանքի, արցունքի:
Ո՜հ, ձեր սեւ բախտին ու անողորմ արհաւիրքին,
Վշտիս անզօր կը հեկեկամ դառնօրէն,
Բռունցքս պարզած երկնքին,
Յարգանք ու խաղաղ քուն ձեզ, հա՛յ նահատակներ:
Ահաւասիկ արցունքոտ աչքերով կը խոնարհիմ,
Ձեր անջնջելի ու անթառամ յիշատակին դիմաց,
Ծաղկեփունջեր կը դնեմ ձեր կորած ու անյայտ գերեզմաններուն,
Որ մեր ալ գերեզմանն է:
Աղօթքի մրմունջներով կը խնկարկեմ,ձեր անմահ ու սուրբ
Հոգիները Աստուածային,որ մեր ու գալիք սերունդներուն
Հոգիներուն մէջն ալ պիտի ապրի:
Կը ծնրադրեմ ձեր պայքարի, մարտիրոսութեան,խաչելութեան
Ու տառապանքին ի խնդիր,կը մխամ անվերջ ի տես ձեր
Թափած արեան արցունքին ու պղծումին:
Դո՛ւք, որ բացիք ճամբան դէպի աղբիւրը լոյսին ու յոյսին,
Դո՛ւք, որ տուիք շատ աւելին,սիրեցիք բարին ու առաքինին,
Դո՛ւք, որ կ'ապրիք մեր մէջ անմահօրէն, յաւերժօրէն,
Չենք մոռնար ձեզ ,թէ Աստուած ալ մոռնայ:
Ձեր սերմերէն, արմատներէն ծլանք, որ հայը հա՛յ մնայ,
Կա՛նք, կը մնա՛նք, կը շատանա՛նք ու կը հզօրանա՛նք,
Մօտ է հարիւրամեակը, մերն է արդարութիւնն ու
Յաղթանակը, մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներ,
Մէկ ու կէս միլիոն կայծկլտող աստղեր,
Բիւր փառք ու մեծարանք ձեզ:
                                 Զօհրապ Այնթէպլեան


24


ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ

Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէ դատապարտուած է զանազան մակարդակներով՝ սկսելով առանձին մտաւորականներէ մինչեւ պետութիւններու: Այսօրուան դրութեամբ Մեծ Եղեռնը ճանչցած եւ դատապարտած են աշխարհի 200 պետութիւններէն 22-ը, որոնց մէջ Եւրոմիութիւնը:

ԵՐԿՐՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ
1-Ուրուկուէյ(1965 թուին խորհրդարանի բանաձեւով, իսկ 2004-ին օրէնքով)
2-Կիպրոս(1982 թուին խորհրդարանի բանաձեւով)
3-Եւրոմիութիւնը(1987-ին,1998-ին, 2000-ին, 2001-ին, 2002-ին, 2005-ին Եւրոխորհուրդի բանաձեւով)
4-Արժանթին(1993-ին եւ 2005-ին ծերակոյտի բանաձեւով, 2004-ին՝ օրէնքով)
5-Ռուսաստան(1995-ին Պետ-Տումայի բանաձեւով)
6-Գանատա(1996-ին , 2002-ին եւ 2004-ին խորհրդարանի բանաձեւով)
7-Յունաստան(1996-ին խորհրդարանի բանաձեւով)
8-Լիբանան(1997-ին եւ 2000-ին բանաձեւով)
9-Պելճիքա(1998-ին ծերակոյտի բանաձեւով)
10-Ֆրանսա(1998-ին եւ 2000-ին խորհրդարանի որոշումով, 2001-ին՝ օրէնքով)
11-Շուէտ(2000-ին խորհրդարանի զեկոյցով, 2010-ին խորհրդարանի բանաձեւով)
12-Վատիկան(2000-ին)
13-Իտալիա(2000-ին բանաձեւով)
14-Զուիցերիա (2003-ին բանաձեւով)
15-Սլովակիա(2004-ին բանաձեւով)
16-Հոլանտա (2004-ին բանաձեւով)
17-Լեհաստան(2004-ին բանաձեւով)
18-Վենեզուելլա(2005-ին խորհրդարանի բանաձեւով)
19-Գերմանիա(2005-ին խորհրդարանի բանաձեւով)
20-Լիթիւանիա(2005-ին խորհրդարանի բանաձեւով)
21-Չիլի (2007- ին ծերակոյտի բանաձեւով)
22- Սերպիա 2013-ին