Saturday, August 31, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 15 Օգոստոս 2013

1
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ 
2          Խմբագրական 
3          Տեղական Լուրեր- Էջ 3
8          Հայկական Մշակութային Լուրեր -
10         Մարիամ Մայր Քրիստոսի – 
12         Զրոյցներ հայերէնի մասին (Է.) – 
14        Անդրանիկ Ծառուկեան – 


Ուրախութեամբ կը յայտարարենք 12-րդ կարգի Պետական Քննութեանց յաջողած Քեսապի աշակերտներու անուանացանկը:
Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն
Ցողիկ Աշըգեան,Վարդինէ Պէօճիքեան,Մարի Գազազեան,Նարէ Պետիրեան,Փաթիլ Քորթմոսեան, Էլիզապէթ Չէլէպեան, Վանա Դանիէլեան, Դալար Թրթռեան,Օսան Քիլաղպեան ,Նարեկ Մահտեսեան, Ծերոն Ինճէճիկեան,Պայքար Ղազարեան,Դրօ Աշըգեան:
Պետական Վարժարանէն
Մեղրի Դանիէլեան
Ազատ դիմողներ՝
Վանիա Փօլատեան, Վահան Մանճիկեան ,Սեդրակ Ղազարեան , Անթօ Յովսէփեան
Կը շնորհաւորենք բոլոր յաջողակ աշակերտները եւ կը մաղթենք անոնց նորանոր յաջողութիւններ:

2

Խմբագրական

Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան մէջ զանազան աղէտներու, փորձանքներու, հալածանքներու եւ կոտորածներու հանդիպելէ ետք, կը շարունակէ աւելի քան չորս հազար տարի մաս կազմել Աշխարհիս բազմաթիւ ժողովուրդներու շարքին:
Շատ ազգեր եւ ժողովուրդներ, որոնք եղած են աւելի հզօր քան հայը, որոնք ունեցած են աւելի մեծատարած հայրենիք քան մերը, այսօր գոյութիւն չունին Աշխարհիս վրայ ու անցած են պատմութեան էջերուն մէջ:
Հայը շնորհիւ իր անկոտրում կամքին , կառչած մնալով իր իւրայատուկ եւ հարուստ մշակոյթին ու զԱստուած ունենալով իբր ապաւէն, կարողացած է դիմանալ եւ դիմադրել ամէն մեծ աղէտի :
Այսօր մեր երկրին մէջ դարձեալ մեծ սպառնալիքներու առջեւ կը գտնուինք, դարձեալ վտանգուած՝ բայց կը շարունակենք տակաւին գոյատեւել ու մեր մշակոյթը վեր պահել, փաստը՝.-տեսէ'ք մեր վերջին լրատուներուն տեղական լուրերու բաժինները. պիտի կարդաք հոն թէ տակաւին կը շարունակուին Քեսապի մէջ մշակութային ձեռնարկները, ազգային եւ կրօնական առիթներու յատուկ, թէեւ սահմանափակ միջոցներով. կը շարունակեն տակաւին Քեսապի հայ երեք վարժարանները գործել,ուսում եւ կրթութիւն ջամբելով մեր զաւակներուն, նոյնիսկ կիսաքանդ Հալէպի մէջ մեր զանազան միութիւնները որոնց կարգին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մշակութային ձեռնարկներով կրկին ժպիտ գծելու մեր ժողովուրդին դէմքերուն վրայ. այս ամէնը որպէս միակ փրկութեան լաստը, շարունակելու հայու երթը, մեր սուրիական հայրենիքին մէջ:
Կառչած մնանք ուրեմն մեր հարուստ մշակոյթին,մեր կամքը աւելի զօրացնենք, ու տեսէք ինչպէս կը գոյատեւենք ու կը պահենք մեր սիրելի Քեսապի ու նոյնքան սիրելի Հալէպի գաղութները, որովհետեւ ձախորդ օրերը երազի նման պիտի անցնին ու երթան:Պիտի չվհատի՛նք:
խմբագրութիւն
Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ ,Պրն.Րաֆֆի Ճուրեան- Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան:
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com

3

Տեղական Լուրեր

-28-Յուլիս-2013-ին, Քէօրքիւնէի հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը Քէօրքիւնէի վերանորոգուած երիցատան մէջ:
Քէօրքիւնէի գրեթէ բոլոր ժողովուրդը,մեծ ու պզտիիկ, ներկայ էր եկեղեցւոյ պաշտամունքին, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթը:
Պահ մը երկրի տագնապալի վիճակէն ու մտահոգութիւններէն պարպուելով, Քէօրքիւնացիներ զիրար վայելեցին եւ շատ հաճելի ժամանակ անցուցին միասին, հաղորդակցելով ու բաժնեկցելով իրենց ուրախութիւնը, Աստուծոյ փառք տալով վերանորոգ երիցատան համար:



-3 Օգոստոս 2013-ին , երեկոյեան ժամը 7:00-ին ,Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազդուրման կայանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Ե.Ը.ի կազմակերպած՝ «Դասախօսութիւն-զրոյց»ի շարքին 6րդ-ը , որուն նիւթն էր «Յարաբերութիւն»,զոր ներկայացուց տիկին Անի Թրթռեան-Պոյմուշագեան:

4

Հիւր դասախօսուհին սկսաւ յարաբերութիւն բառին իմաստէն ,նախ բացատրեց թէ մարդկային կարեւոր պէտքերէն է որովհետեւ մարդը առանձին չի կրնար ապրիլ ու բնականաբար պէտք ունի յարաբելելու իր շրջապատին հետ : Ապա անդրադարձաւ նոր սերունդի յարաբերութեան նոր ձեւերու մասին ,որոնք ընդհանրապէս ելեկտրոնային են զերծ զգացումներէ եւ արտայայտութիւններէ , ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ , դէմ առ դէմ յարաբերութեանց մէջ դժուարութիւններու յարուցման: Անկէ ետք տիկին Անի մանրամասն անդրադարձաւ ճիշդ ու մնայուն յարաբերութիւն ունենալու կարեւոր կէտերուն վրայ:Ան հարցումներ ուղղելով ներկաներուն յաջողեցաւ միասին հասնիլ այն կէտերուն որոնց կը կարօտի ուղիղ յարաբերութիւն հաստատելը. Ինչպէս՝ փոխադարձ յարգանքը, վստահութիւնը, անկեղծութիւնը ,զիրար ունկնդրելը , յարգել իրար տեսակէտը : Դասախօսուհիին գրաւիչ եւ հաճելի ոճը առիթ բացաւ ներկայ երիտասարդներուն մասանակցելու զրոյցին եւ կարծիքներու շինիչ փոխանակումէ ետք ներկաները գոհունակ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն :

-Կիրակի 4 Օգոստոս 2013-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քեսապի Հայ Աւետ. Նահատակաց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միսաքեան» Մշակութային Կեդրոնի աշակերտական ելոյթը:
Սուրիական եւ մայր Հայրենիքի զոյգ քայլերգներէն ետք կեդրոնի գործավար՝ Տիկ.Անի Պոյմուշաքեան բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ «Միսաքեան» կեդրոնը եօթ տարիներու ընթացքին անխնայ ջանքերով եւ անխոնջ թափով երաժշտական ընդունակութիւն վայելող քեսապցի մանուկներ,պատանիներ եւ
 


5

երիտասարդներ կը զինէ երաժշտագիտութեամբ:«Քեսապցին կը շարունակէ իր գոյերթը եւ ապրելու մարտահրաւէրը Սուրիական վիրաւորուած հայրենիքի հողերուն վրայ իր հզօր կամքով, ազգասէր,հայրենասէր եւ մշակութասէր նոր սերունդով,քաջ եւ ողջամիտ ծնողներու քաջալերանքով,աստուածապաշտ մամիկներու աղօթքներով եւ մանաւանդ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ առաջնորդութեամբ:»
Աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին հայ եւ օտար երաժշտական կտորներ եւ երգեր, ոգեւորելով ներկաները իրենց բացառիկ կատարողութեամբ շնորհիւ ուսուցիչ՝ Ֆատի Մսթրիհի բծախնդիր աշխատանքին :
Ձեռնարկի աւարտին,Պատուելի Սեւակ Թրաշեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներն ու ծնողները եւ ըսաւ. « Ստեղծագործութեան տիեզերքի գաղտնիքներէն մին է երաժշտութիւնը: Նախքան այս աշխարհի ստեղծուիլը երաժշտութիւնը կայ:Աստուծոյ խօսքին մէջ կը կարդանք, որ երկինքին մէջ նուագարաններ կան եւ հրեշտակները կ'երգեն:Աստուած այս շնորհքը մարդ արարածին ալ շնորհեց: Մեր աշակերտները այս շնորհքով օժտուած արտայայտեցին իրենց տաղանդները եւ մեզ փոխադրեցին մեղեդիներու եւ ներդաշնակութեան աշխարհը հեռու պատերազմի աղմուկէն»:

-Հովանաւորութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, աջակցութեամբ Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանին եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին Կիրակնօրեայ դպրոցին, այս ամիս դարձեալ տեղի ունեցաւ «Քէրմէս» 5-6-7 Օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00 – 8:00 եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:Քաջալերական էր ուսուցչակազմին պատրաստած նոր խաղերը եւ անակնկալները:Փոքրիկներուն խնդուքին հետ հնչուած մանկական երգերը եւ գեղեցիկ գծագրութիւններով զարդարուած իրենց դէմքերը ծաղկեցուցին շրջափակը: Խամաճիկներուն ներկայութիւնը մեծ հրճուանք պատճառեց թէ փոքրերուն եւ թէ մեծերուն,անոնք փոքրիկներուն մէջ շրջելով շատ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին անոնց հետ խաղալով ,նկարուելով եւ շաքար բաժնելով:Ինչպէս անցեալ անգամ, այս ամիս ալ տեղի ունեցաւ ուտելիքի եւ գիրքերու վաճառք:

6




- Ազգ.Ուսումն.Միացեալ Ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 14 Օգոստոս 2013 –ին կէսօրէ ետք ժամը 6:00 – ին «Սարդարապատ» սրահին մէջ:
Սուրիական եւ մայր հայրենիքի քայլերգներէն ետք հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսքը կատարեցին 12-րդ կարգի աշակերտներէն Ցողիկ Աշըգեան եւ Նարեկ Մահտեսեան,որոնք իրենց ընկերներուն անունով խոստացան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ ըլլալ պատուաբեր զաւակներ իրենց ծնողներուն,Ճեմարանին, ազգին ու հայրենիքին:
Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Վարուժան Փանոսեան ընթերցեց 2012 – 2013 տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ պարգեւատրեց 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու հայերէն լեզուին մէջ գերազանց աշակերտները,ինչպէս նաեւ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու առաջնակարգ աշակերտները: Նուէրները հոգացած էր Գարատուրանի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը:
Հոգաբարձութեան խօսքը ներկայացուց Տիկ.Անի Գազազեան Աշըգեան. ան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ կրթական հաստատութիւն մը պահելը միշտ դժուար գործ եղած է սփիւռքի մէջ : Ազգ. Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանի նպատակն ու առաքելութիւնը, ուսում տալու կողքին, հայ մարդ պատրաստելն է ազգային ու

7

մարդկային արժէքներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քեսապի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, Լոս Անճըլեսի Ուսումնասիրաց միութեան, Քանատայի Քեսապցիներու համահաւաքին,Արաբական Էմիրութեան մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, ՀՕՄ-Ի մեծ ընտանիքին, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմնին, որոնց նիւթական ներդրումին շնորհիւ Ճեմարանը կարողացաւ ամբողջացնել տարեշրջանը: Ան շնորհաւորեց բոլոր Քեսապահայութիւնը ըսելով. «Հակառակ երկրի ահռելի վտանգներուն եւ տագնապներուն, այս տարի ճեմարանը փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց Պաքալորիայի Պետական քննութիւններուն մէջ,Սուրիոյ հայկական ճեմարաններուն մէջ առաջին տասնեակին մէջ դիրք գրաւելով»:




Շրջանաւարտները շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին յայտագիրը,ուր արտայայտեցին իրենց սէրն ու հաւատքը իրենց հայրենիքին հանդէպ,ինչպէս նաեւ շեշտեցին թէ իրենց հաստատ քայլերով պիտի քալեն դէպի բարձր գագաթներ,հայու անսասան նկարագրով եւ ապագայի տեսլականով:
Ապա տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ.Եպս.Սարգիսեանի սրտի խօսքն ու պատգամը որը ,ճանապարհի վտանգին եւ սպառնալիքներուն պատճառով չէր կարողացած այս տարի ներկայ գտնուիլ անձամբ վկայականաց բաշխման հանդիսութեան:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Բերիոյ Հայոց թեմը իր բոլոր կառոյցներով եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններով վերամուտը ապրեցաւ որոշ դժուարութիւններով : Սակայն, մեր ժողովուրդի հաւատքը,Ազզգային Վարչութեան եւ մեր ժողովուրդի առաջնորդող պատասխանատուներու կամքը այնպէս մը տնօրինեց,որ կարողանանք

8

հակառակ կրակին,պատերազմին,նեղութեանց,տագնապներուն մեր ուսումնակրթական տարին իր ընթացքը ապրեցնել եւ իր աւարտին հասցնել»:Սրբազան հայրը գնահատեց եւ շնորհաւորեց ծնողները,հոգաբարձութիւնը,տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն պատուիրեց, որ անոնք հակառակ մեր բոլոր տագնապներուն,աղմուկին,դուրսէ եւ ներսէ եկած տեսակ տեսակ զրոյցներուն ամէն բանէ վեր գիտութեան,իմաստութեան,զարգացումին եւ յառաջդիմութեան հետամուտ ըլլան:Ան շեշտեց նաեւ թէ հայ ժողովուրդը իր մեծ հաւատքով է, որ ամէն նեղութեանց մէջէն յաղթական դուրս կու գայ,մանաւանդ որ ամբողջ հայութիւնը մեզի զորավիգ կը կանգնի, նիւթական աջակցութեամբ, Սուրիահայ համայնքը հաստատ եւ ամուր պահելու համար:Իսկ Սուրիոյ մէջ ապրողները հերոս ժողովուրդ են որովհետեւ իրենց ուսումնակրթական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքը կը շարունակեն դիմագրաւելով ամէն տեսակի դժուարութիւն:Սրբազան հայրը օրհնեց ներկաները եւ կոչ ուղղեց համայն քեսապահայութեան որ իրենց աջակցութիւնը ամբողջական կերպով կատարեն իրենց աւանին,հայրենի գիւղին եւ ընդհանրապէս Սուրիահայութեան:
Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Պրն.Վարուժան Փանոսեանի եւ Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեանի ձեռամբ:2012 – 2013 տարեշրջանի շրջանաւարտները կոչուեցան Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին կրթական նախարարին անունով՝ ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ Սերունդ:Արժանապատիւ Տէրհայրը իր սրտի խօսքին մէջ յիշեցուց շրջանաւարտները, որ միշտ երախտագէտ ըլլան Քեսապին,իրենց ճեմարանին եւ ուսուցիչներուն, որոնք ամբողջութեամբ կը նուիրուին իրենց աշակերտներուն տալով անոնց այն ջահը , որ պիտի լուսաւորէ իրենց ապագան դառնալու օր մը, Քեսապի զարգացած ղեկավար սերունդը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցին, որ մեր կեանքին մէջ էական տեղ կը գրաւէ եւ ու՛ր մեր զաւակները կը սորվին իրենց հայրենասիրութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը: Տէրհօր օրհնութեամբ եւ պահպանիչով վերջ գտաւ հանդէսը եւ բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները Ճեմարանի բակին մէջ մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձրագոյն վկայականներ:

-17 Օգոստոս 2013 –ին կէսօրէ ետք ժամը 5:00 –ին տեղի ունեցաւ «Ձեռագործներու եւ Անուշեղէններու Ցուցահանդէս Վաճառք»ի բացման հանդիսութիւնը Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահին

9

մէջ կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ձեռարուեստի յանձնախումբին:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան ներկայութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութեան, Շրջ.վարչութեան անդամ ընկհ.Նայիրի Մելքոնեանին , Քեսապի մէջ գործող բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն,ընկերուհիներուն եւ համակիրներուն:

Ս.Օ.Խաչի քայլերգէն ետք Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Յասմիկ Թութիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ այն ընկերուհիներուն,որոնք սիրայօժար պատրաստեցին համեղ քաղցրեղէններ եւ ոեւէ ջանք չխնայեցին մեր աւանդական ցուցահանդէսի պատրաստութեան ու յաջողութեան, հակառակ ներկայ բոլոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն:




Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան բարձր գնահատեց «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անձնուէր ընկերուհիները զանոնք նմանցնելով այն բարի սերմերուն, որոնք հողին մէջ իյնալով բարեբեր արդիւնք կու տան:Ան ըսաւ.«Ս.Օ.Խաչը միշտ կ'աշխատի ժողովուրդին աջակցութեամբ եւ

10

ժողովուրդին աջակցութեան համար: Կանացի այս հզօր միութիւնը մեծ դեր ունի հայ մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն ինքնուրոյնութիւնը պահելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու աշխատանքին մէջ:Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղը հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն կը շարունակէ ծաղկեցնել եւ զարգացնել մշակութային կեանքը իր հաստատ հաւատքով եւ իր ազգին ծառայութեան անկոտրում կամքով:Ան օրհնեց ընկերուհիներուն աշխատանքը եւ խաղաղութիւն մաղթեց մեր շատ սիրելի Սուրիական հայրենիքին:
Ցուցահանդէսը բաց պահեց իր դռները երեք օրերու տեւողութեամբ,ուր ցուցադրուեցան եւ վաճառուեցան հայկական եւ օտար ձեռագործներ:

-Կիրակի 18 Օգոստոս-ին Ս.կոյս Աստուածածնայ տօնն էր. ամէն տարի Քեսապի մէջ այս տօնը մեծ շուքով կը տօնուէր ,մեր երկրի խաղաղ օրերուն. այս տարի մեծ հանդիսութիւններ եւ սկաուտական տողանցքներ չկային թէեւ ,բայց Վերափոխման տօնը դարձեալ տօնուեցաւ մատաղօրհնէքով եւ պատարագներով:



17 Օգոստոս 2013 –ին կէսօրէ ետք ժամը 6:00 –ին Էսքիւրանի Ս.Աստուածածին մատուրին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը:Կիրակի,18 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:00 –ին Ս.Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի Ս.Պատարագը մատուցուեցաւ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,որուն

11

ընթացքին կատարուեցաւ մատաղի,խաղողի եւ բըկեղի օրհնութիւնը: Եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին խնդրելով Աստուծմէ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն:
Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ եւ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք,որմէ ետք ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը զիրար շնորհաւորեցին եւ աւելի լաւ օրերու մաղթանքներ փոխանակեցին:
Մեռելոցի Ս.Պատարագ մատուցուեցաւ Երկուշաբթի 19 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:30 –ին , Գարատուրանի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ , որուն ընթացքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ խաղողի օրհնութիւն:

Հայկական մշակութային լուրեր

Լոյս Տեսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Հարցեր Եւ Հայեցակէտներ» (Իշուզ Էնտ Փերսփեքթիվզ) Հատորը
Քանի մը օր առաջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի 242 էջերէ բաղկացած անգլերէն գիրքը` «Հարցեր եւ հայեցակէտներ» (Իշուզ էնտ Փերսփեքթիվզ): Սոյն հատորը կը բաղկանայ զանազան առիթներով վեհափառ հայրապետին տուած դասախօսութիւններէն ու գրութիւններէն, որոնք կը շօշափեն աստուածաբանական, կրօնագիտական, մշակութային ու միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր ու նիւթեր: Հատորին մէջ յատկապէս կարեւոր տեղ կը գրաւեն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան, վերջին տարիներուն տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ Հայ դատին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ:

12

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Յուշամատեաններու Երկրորդ Հատորը` «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»
Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:
Արդարեւ, յուշամատեաններու շարքին առաջինն էր «Ատանայի հայոց պատմութիւն» հատորը: Երկրորդը` «Պատմութիւն Տարօն աշխարհի», որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1956-57 թուականներուն` խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան:
Հատորը իր մէջ կը պարունակէ Տարօն աշխարհի, Մշոյ դաշտի, Սասունի եւ շրջակայքի աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները, դիւցազնապատումն ու եղեռնապատումը, ինչպէս նաեւ «վերակենդանացումի ճիգերը եւ անոնց տխուր ու ողբերգական կորուստը»: Յարգելի խմբագիրը կատարած է լեզուական, շարահիւսական եւ կէտադրական սրբագրութիւններ: Տեղանուններու եւ անձնանուններու պարագային միատեսակութիւն որդեգրուած է, եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամբողջացուած են տեղանուններու, անձնանուններու, նկարներու եւ քարտէսներու ցանկերը:
Յայտնենք, որ Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» (2 հատոր), «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» յուշամատեանները:

«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնը Հրապարակեց Հայոց Լեզուի Ուսուցման Ծրագիր Մը` Մանկապարտէզի Դասարաններուն Համար
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013

13

թուականի Յուլիսին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած` Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:
Սոյն աշխատութիւնը` «Նախադպրոցականներու կրթութեան ազգային ծրագիր» անունով, հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած «Հայ մանկավարժ» հանդէսի թիւ 5 համարին մէջ: Ծրագիրին հեղինակն է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան` աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ յառաջացած էր յատուկ այս նպատակով:
Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած այս ծրագիրը, աւելի քան 100 էջ ծաւալով, կ՛ընդգրկէ հայ մանուկներու հոգեկերտուածքի ձեւաւորումի եւ զարգացումի խնդիրներ` հաշուի առնելով ինչպէս ազգային, այնպէս ալ համամարդկային արժէքները: Անիկա ուղղուած է մանկապարտէզի փոքրիկներու առողջ եւ երջանիկ մանկութեան ապահովումին, զգայարաններու եւ հոգեկան հոլովոյթներու զարգացումին, ընկերային-մշակութային յարաբերութիւններու ձեւաւորումին, ինքնաճանաչումին ու ինքնակողմնորոշումին, սեփական անձին գնահատումին, կենցաղային-աշխատանքային տարրական կարողութիւններուն ձեւաւորումին եւ զարգացումին, ուսումնական գործունէութեան նախապատրաստումին, կարդալու եւ գրելու տարրական կարողութիւններու ձեւաւորումին:
Ներկայացնելով այս ծրագիրը` կ՛ակնկալուի, որ ան ծառայէ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմաններու բարելաւման` հանդիսանալով օգտաշատ ուղեցոյց հայերէնի ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրը օգտագործող ուսուցիչները, անոր գործածութեան լոյսին տակ յառաջ եկած դիտողութիւններով ու առաջարկներով, կրնան մեծապէս նպաստել անոր բարելաւման գործին:Սոյն ծրագիրը ուղեցուցական արժէք կը ներկայացնէ նաեւ հայկական սփիւռքի մէջ նախադպրոցական համակարգի հայերէնի ուսուցիչներուն համար, հաշուի առնելով այն լայն ընդհանրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին սփիւռքահայ` մանաւանդ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն մէջ:
Ծրագիրը ձեռք բերելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէնութեան (Հեռաձայն` 961 1 570 555 ):

14

Անարատ Կոյս Աստուածածին Մարիամ Սրբուհի Եւ
Մայր Քրիստոսի



Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին դարեր շարունակ հաւատքի ու յոյսի որպէս մեծագոյն օրինակ ծառայած է քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Անոր դերը մեծ եղած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար ու անոր հաւատքի զարգացման մէջ եղած է ներշնչում ու աղբիւր հաւատքի ամրութեան։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին, ըլլալով Քրիստոսը ծնող ու սնուցանող մարդկային եւ հողեղէն էակ, իր բացարձակ առաքինութեան ու հաւատարմութեան որպէս արդիւնք, նմանցուած է երկնային էակներուն եւ հոգեղէններու դասին ու իր երկինք վերափոխմամբ միացած է անոնց։ Հայ եկեղեցին(…)ամէն տարի արժանաւորապէս կը յիշատակէ Աստուածամօր երկինք վերափոխուելու տօնը, որ դասուած է Հայ եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներու շարքին։ Երբ կը խորհրդածենք Սուրբ Աստուածածնի մասին, մեր մտքի հորիզոնը կը կեդրոնանայ Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մօտ Սուրբ Կոյսին ունեցած ու վայելած արժէքին, որ դարեր շարունակ արժանացած է յատուկ պատիւի, սրբութեան ու աւանդութեան։ Հայ եկեղեցին շատ յստակ համոզում ու անկէ յառաջացող կեցուածք ունի Սուրբ Կոյսին նկատմամբ, որ շաղախուած է հայոց ազգի դարաւոր պատմութեան ու ամէնօրեայ կեանքին։ Սուրբ Աստուածածինը՝ Մայր մայրութեան։ Շարականագիրը կը փառաբանէ Սուրբ Կոյսը միաձայնելով երանելի առաքեալներուն ու սուրբ կոյսերուն ըսելով. «Օրհնեալ ես Ամէնօրհնեալդ ի կանայս» (Օրհնեա՜լ ես, ով կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ)։ Սուրբ Աստուածածինը իր մնայուն ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը ունեցած է եւ ունի իւրաքանչիւր հայ եւ հաւատացեալ ընտանիքէ ներս, ըլլալով Մայրը մայրութեան, օրինակն ու բարձրարժէք էակը հայ մայրերուն, պատուոյ ու համբերութեան աղբիւրը հայ մայրերուն ու նաեւ հաւատարմութեան գերօրինակ դաստիարակիչը հայ ընտանիքներուն։ Քրիստոնեայ ընտանիքներ ու մանաւանդ

15

մայրեր, ահաւասիկ քսան դարեր ներշնչուած մնացին Ս. Կոյսի առաքինութիւններէն եւ կրեցին այդ առաքինութիւնները որպէս պսակ իրենց ընտանիքի պատիւին։ Սուրբ Աստուածածինը՝ զԱստուած ծնող ու անարատ Կոյս։ ԶԱստուած ծնիլ կը նշանակէ արժանանալ այնպիսի պատիւի ու օրհնութեան, որուն ոչ ոք գէթ արժանացած է ու պիտի արժանանայ։ Աստուած ընտրեց Սուրբ Կոյսը որպէսզի Իր փրկագործական ծրագիրը լրման հասցնէ։ Փրկութիւնը ի զօրու պիտի դառնար Քրիստոսի մարդեղութեամբ, ուստի այդ Փրկիչը ծնողը անբծութեան մէջ մնաց յաւիտեան, որովհետեւ ան ծնունդ տուաւ անոր, որ անարատ կեանք մը ապրեցաւ ու մեզ հրաւիրեց նոյն կեանքը որդեգրելու։ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի անարատ կուսութիւնը հարցման ենթակայ նիւթ մը չէ, այլ շատ յստակ հաւատքի հանգանակ մըն է, որ առաւել ամրութիւն ու հաստատակամութիւն կը պարգեւէ մեր հաւատքին, հանդէպ Աստուծոյ Ամենակարողութեան ու մեր հաւատքի վեհութեան։ Շարականէն առնելով այս հաստատումը, կրնանք եզրակացնել, թէ ինչ է Հայ եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը ու կեցուածքը Սուրբ Աստուածածինին հանդէպ. «Երիս խորհուրդըս սոսկալիս ի քեզ տեսանի Աստուածածին. յղութիւն անսերմնական. ծնունդ անարատ. կուսութիւն յետ ծննդեան մնալով անապական. օրհնութեամբ զքեզ Աստուածածին մեծացուցանեմք»։ (Ո՜վ Սուրբ Աստուածածին, քու մէջդ երեք սոսկալի – սքանչելի- խորհուրդներ կը տեսնուին. անսերմ յղութիւն, անբիծ ծնունդ, եւ ծնունդ տալէ ետք մնալով անաղարտ կուսութեան մէջ. օրհնութեամբ քեզ կը մեծարենք Աստուածածին)։
Հայ շարականները իրենց ծով հարստութեամբ մեծագոյն ազդակն են Հայ եկեղեցւոյ սքանչելի Աստուածաբանութեան, որուն կարեւորութիւնը յոյժ արժէքաւոր է մանաւանդ ներկայ մեր դարուն մէջ, հասկնալու ու արժեւորելու Հայ Եկեղեցւոյ վեհութիւնն ու սրբութիւնը։
Սուրբ Աստուածածինը՝ Բարեխօս։ Բաղդատելով Սուրբ Կոյս Աստուածածինը նախամօր Եւային հետ, կը տեսնենք թէ Աստուածածինը իր անձով, կենցաղով ու կոչումով, մարդկութեան վրայէն հանեց առաջին անհնազանդութեան մեղքը եւ արժանի դարձուց Աստուածահաճոյ կեանքի։ Ինչպէս Քրիստոս Ադամական մեղքէն ձերբազատեց մարդկութիւնը, այնպէս ալ Սուրբ Աստուածածինը որպէս իգական ներկայացուցիչը մարդկութեան, յետս կոչեց Եւայի կողմէ գործուած մեղքն ու անոր արդիւնքները։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները այլեւս կեանքի մասին սկսան խօսելու ու ոչ թէ մահուան. կեանք մը, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ Սուրբ Աստուածածնին նկարագիրը։
Սուրբ Կոյսը մարդկութեան համար դարձաւ բարեխօս, Քրիստոս Աստուծոյ մօտ։ Իր երկինք վերափոխումով, Սուրբ Կոյսը իր Որդիին մօտ որպէս բարեխօս կը կանգնի, ինչպէս Կանայի հարսանիքին բարեխօսեց Քրիստոսի, որ հնարք մը գտնէ գինիի չգոյութեան եւ ուստի Քրիստոս իր առաջին հրաշքը կատարեց ջուրը գինիի վերածելով (Աւետարան ըստ Յովհաննու 2։1-12)։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հոյակապ կերպով կը ներբողէ Սուրբ Աստուածածնին, զայն որակելով որպէս Հրեշտակ՝ մարդոցմէ, մարմնատեսիլ Քերովբէ, երկնաւոր Թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդը, մաքուր՝ ինչպէս լոյսը…

16

(Նարեկացի Բան Ձ)։ Նարեկացին կը խնդրէ բարեխօսութիւնը Սուրբ Աստուածածնին, որ ընդունի իր մաղթանքները, աղերսները, խօսքերն ու պաղատանքները, որպէսզի կարենայ ապրիլ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համար։ Հայ ժողովուրդը յատուկ աւանդութիւն մը վերապահած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, որն է Խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը, որ խորհրդանիշն է բերքերու օրհնութեան ու առատութեան։ Սուրբ Աստուածածինը, որպէս պտղատու տունկ, «ո՜վ տունկ կեանքի օրհնուած պտուղին (Նարեկացի Բան Ձ)» ծնունդ տուաւ քաղցրագոյն էակին, որ իր կեանքով իմաստաւորեց համայն մարդկութիւնը ու կոչեց զայն քաղցրացնելու այս աշխարհը, բարի գործերով, սիրով ու խաղաղութեամբ։ Առաւել, խաղողի հիւթով կը պատրաստուի գինին, զոր Սուրբ պատարագի ընթացքին կը փոխակերպուի Քրիստոսի սրբարար ու մաքրիչ Արեան, որուն միջոցաւ հաւատացեալները արժանի կը դառնան մեղքերու թողութեան։ Ուստի այսօր, որպէս Հայ եկեղեցւոյ ու ազգի ժառանգորդները, մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է պահել, արժեւորել ու իմաստաւորել մեր աւանդութիւնները, զանոնք չնկատելով ժամանակավրէպ արժէքներ, այլ անոնց միջոցաւ արտայայտել մեր յարգանքն ու նուիրումը մեր դարաւոր հաւատքին հանդէպ, որուն միջոցաւ լուսաւորուեցաւ մեր ազգը ու արժանացաւ օրհնութեան ու յաւերժութեան։ Թող Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման Տօնին առթիւ օրհնութիւն հեղու մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին վրայ, ըլլալու վերանորոգ հաւատքի ջահակիրներ՝ լոյս ու հաւատք սփռելով մեր շրջապատին։
Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան

Զրոյցներ հայերէնի մասին (Է.)
Հայոց լեզուի արեւելեան ու արեւմտեան ճիւղերուն մասին . Ի՞նչ տարբերութիւն

Երբ արեւմտահայ դասական գրողները կը կարդաք կամ կը լսէք իրենց ստեղծագործութիւնները – Պետրոս Դուրեան , Յակոբ Պարոնեան , Միսաք Մեծարենց – Ի՞նչ զգացումներ կ'ունենաք :
Կը յիշէ՞ք «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ուն պերճաբան ճառախօսը . «Կար ժամանակ մը ուր խաւարը լուսոյ դէմ կը կռուէր , տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ , հրամայականը սահմանականին դէմ , սուրը գրիչին դէմ , ատելութիւնը սիրոյ դէմ ,կրակը ջուրին դէմ , միսը բանջարեղէնին դէմ . Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները . անոնք անցեալ են , մենք՝ ապառնի , անոնք խաւար են , մենք ՝ լոյս , անոնք տգէտ են , մենք ՝ գիտուն , անոնք սուր են, մենք ՝ գրիչ ...»:
Պիտի ուզէի՞ք որ դատարկահունչ խօսքի այս փայլուն ծաղրը արեւելահայերէնի վերածուէր : Ո՛չ , պիտի պատասխանէիք հաւանաբար : Եւ արդար պիտի ըլլայիք : Ինչո՞ւ : Որովհետեւ Դուրեանին քնարական նուրբ հիւսուածքը պիտի խաթարուէր , Պարոնեանին երգիծական փայլը պիտի

17

կորսուէր , ուրիշ խօսքով՝ գեղարուեստական արժէքները խոշոր կորուստներ պիտի ունենային , ինչպէս որ կ'ըլլայ յաճախ , թարգմանութեանց մէջ:
Արեւմտահայերէնը մեզի՝ արեւելահայերուս համար անորսալի եւ թանկագին հրապոյր մը ունի , զոր մենք երբեք պիտի չուզէինք կորսնցնել :
Սակայն չէ՞ որ կան բառերու գործածութեան եւ շարահիւսութեան տարբերութիւններ:- Կան, ճիշդ է , բայց համն ալ ճիշդ ատոր մէջ է , այդ տարբերութեան :
Ուրեմն տարբերութիւններ կան :Ե՞րբ յառաջ եկան այդ տարբերութիւնները ,եւ ի՞նչ տարբերութիւններ են ատոնք:
Հին հայերէնի՝ գրաբարի մէջ այդ տարբերութիւնները չկային :Ատոնք յստակ չէին նաեւ միջին հայերէնի մէջ , եւ իբրեւ գրական լեզու կը գործածուէր Ժ.-ԺԷ. Դարերու ընթացքին : Այս լեզուն խայտաբղէտ է եւ հարուստ . միջին հայերէնով ստեղծագործած են Շնորհալի , Ֆրիկ , Վարդան Այգեկցի եւ ուրիշներ : Ով որ իրենց ստեղծագործութիւնները կարդացած է , չի կրնար որոշել թէ անոնց լեզուին մէջ ի՞նչն է գերակշռողը , արեւմտահայերէ՞նը թէ՞ արեւելահայերէնը : Որովհետեւ որոշ տարբերութիւն դարձեալ չկայ հոս:
Ատոնք սկսան տարբերիլ ԺԸ. , մանաւանդ ԺԹ. Դարերուն , երբ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը սկսան ձեւաւորուիլ իբր գրական լեզուներ : ԺԹ. Դարուն կէսերը անոնց տարբերութիւնը արդէն իսկ իրականութիւն էր: Լեզուաբաններուն կարծիքով ՝ արեւմտահայերէնը գրաբարին մօտ է իր շարահիւսութեամբ , արեւելահայերէնը ՝ արտասանութեամբ :Երկուքն ալ լաւ են ,կատարեալ , երկուքն ալ ազգային մշակոյթին թանկագին հարստութիւնն են :
Անշուշտ գիտէք թէ ի՛նչ ճակատագիր բաժին ինկաւ արեւելահայ ու արեւմտահայ լեզուներուն , քանի որ գիտէք թէ ի՛նչ եկաւ արեւմտահայութեան գլուխը 1915ի Մեծ Եղեռնէն՝ Հայոց ամենադժուար պատմութեան ամենազարհուրելի աղէտէն վերջ: Արեւմտահայութիւնը կոտորուեցաւ թուրք ջարդարարներու յանցաւոր ձեռքովը , իսկ ազատածները «ցրուեցան ի սփիւռս աշխարհի » , իրենց լեցուն ալ հետերնին տանելով:
Գիտէք անշուշտ նաեւ թէ ի՛նչ բախտ բաժին ինկաւ արեւելահայութեան եւ արեւելահայերէնին : Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուելուն շնորհիւ երկիրը ազատեցաւ վերահաս աղէտէն , մտաւ տնտեսական , մշակութային , կրթական կեանքի նոր ճամբու վրայ . արեւելահայերէնն ալ դարձաւ այդ կեանքի լեզուն , մեր հանրապետութեան պետական լեզուն:
Այսպէս՝ երկուքն ալ կը պահուին , բայց չափազանց տարբեր պայմաններու մէջ , այն աստիճան տարբեր , որքան տարբեր են Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն կեանքը եւ կեցութիւնը:
Համադրեց՝ Սօսէ Պետիրեան

18

Մեր ելեկտրոնային ընթերցողներէն տիար Կարօ Գոնիալեանի խնդրանքին ընդառաջելով , ստորեւ կը կատարենք անոր խնդրած ծանուցումը եւ դիմումը մեր ընթերցողներուն եւ համայն քեսապահայութեան , միանալու Քեսապի հետ առընչուող դիմատետրի չորս խումբերու: (խմբ.)

Kessabtsis you are invited to join the following 4 heritage Face Book groups:
1. Kessab/ Kasab (Arabic: كسب , Armenian: 'Քեսապ')
2. KEORKUNE & KEORKUNETZIS ...to know & to preserve
3. Kessab Cuisine /Քեսապի խոհանոց
4. KESSAB EDUCATIONAL ASSOCIATION (K.E.A.) «Քեսապի Ուսումն. Միութիւն»

https://www.facebook.com/groups/100730440969/
https://www.facebook.com/groups/keorkune/
https://www.facebook.com/groups/129135903911755/
https://www.facebook.com/groups/KEAofLA/

Մեծատաղանդ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի ծննդեան հարիւր ամեակին առթիւ հակիրճ կ'անդրադառնանք անոր կեանքին եւ գործին , նաեւ կը ներկայացնենք հատուած մը անոր «Թուղթ Առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն:(խմբ.)
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
(1913-1989) 
ԿԵԱՆՔԸ
Ծնած է 1913ին, Կիւրին: Հայկական Եղեռնի ողբերգութենէն անմասն չմնալով հանդերձ, մահուընէ ազատած է մազապուրծ։ Իր մայրը՝ Երանուհի, աքսորի տաժանելի ճամբաներէն կրցած է ապահով Սուրիա հասցնել երեխան։
1918-1922, փոքրիկն Անդրանիկ կը տեղաւորուի Հալէպի Հայկազեան վարժարանը։ Հայրը՝ Թորոս Ծառուկեան, եղած է թշանամիին դէմ պայքարող հայդուկ մը։ Թուրք ջարդարարի ժանտարմներու դէմ ընդմիշտ պայքարող հերոս մը եղած է ան։ Պատերազմէն ետք ալ, դեռ ուղիղ վեց տարի, Կիւրինի լեռները եւ հովիտները իրեն կռուան եւ ապաստան ըրած՝ ան կռուած է թուրք դահիճներուն դէմ։

19

Ի վերջոյ բռնուած է եւ բանտարկուած Մարաշի բանտը, ուր եւ նահատակուած է, աշխարհի վրայ միակ ժառանգ թողելով իր տաղանդաշատ որդին՝ Անդրանիկը։
Զարմանալի են կեանքին պարտադրած դէպքերն ու տարօրինակութիւնները։ Ճիշդ այն օրերուն, երբ փոքրիկն Անդրանիկ որբանոցէն դուրս կը հանուի եւ իր վրայէն ընդմիշտ կը հանէ որբանոցի աղքատիկ համազգեստը, Մարաշի բանտէն ազատած եւ Հալէպ հասած մարդ մը այցի կու գայ Անդարնիկի մօրը եւ իր բնակարանը։
Ան կու գայ յայտնելու, որ Անդրանիկի հայրը՝ Թորոս Ծառուկեան, ճանչցուած որպէս հերոս «Չէլօ Թորոս», նոր սպաննուած է Մարաշի բանտին մէջ թուրք դահիճներուն կողմէ։
Հայրը, նախքան իր նահատակութիւնը, խնդրած էր այս հրաշքով ազատած իր բարեկամէն, որ երբ ան ազատի եւ Հալէպ հասնի, անպայման գտնէ իր այրին եւ որդին։ Գրկէ իր որդին կրծքին եւ համբուրէ զինք իր կողմէ։
Անդրանիկի նահատակ հերոս հօր իղձը կը կատարէ բանտակիցը։
Կը պարզուի նաեւ, որ, ինչպէս գրած է ինք՝ Ա. Ծառուկեանը, մինչեւ այն օրը երբ ան որբանոցի մէջ էր՝ որբ չէր, քանի որ հայրը կ՚ապրէր դեռ։
Սակայն յատկապէս այն օրը, երբ որբանոցէն դուրս կ՚ելլէ եւ որբի զգեստները մէկդի կը դնէ, կը պարզուի որ ճիշդ այդ օրն է որ իրապէս որբացած է ան։
Անդրանիկ Ծառուկեան երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի նորաբաց Ճեմարանին մէջ, աշակերտելով Նիկոլ Աղբալեանին եւ Լեւոն Շանթին։ Ժամանակ մը վարած է ուսուցչական պաշտօններ Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ։
1950 թուականէն ետք, ինքզինք ամբողջապէս նուիրած է «Նայիրի» շաբաթաթերթի հրատարակութեան, խմբագրութեան եւ գրականութեան։ Մահացած է Փարիզի մէջ 1989-ին:

ԳՈՐԾԵՐԸ
Հրատարակած է հետեւեալ բանաստեղծական եւ գրական երկերը. «Եղերաբախտ Քերթողներ», «Մոխրամանը» եւ «Առագաստներ» բանաստեղծութիւններու գիրքը։ Ասոնք եղած են իր սկզբնական գործերը։ 1946ին հրատարակած է «Թուղթ Առ Երեւան» ընդարձակ պոէման։

20

1948ին՝ «Հին Երազներ Նոր Ճամբաներ»: 1956ին՝ «Վերջին Անմեղը» (վէպ) եւ «Երազային Հալէպը»: 1983ին «Նոր Հայաստան, Նոր Հայեր»: 1987ին «Սէրը Եղեռնին Մէջ» վէպը։ Ծառուկեանի մահուընէն ետք, իր տիկինը՝ Սօնա Ծառուկեան, լոյս ընծայեց բանաստեղծին մէկ քանի այլ գործերը։




ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ
Ա. Ծառուկեան իր մշակած գրական բոլոր սեռերուն մէջ եղաւ իրաւ յայտնութիւն մը: Գեղարուեստական անթերի արուեստով գրող մը։ Հայ լեզուն գաղտնիք չունի անոր համար։ Ու հայ լեզուն՝ իր գրչին տակ կ՚ապրի միշտ իր փառքը։
Ծառուկեանի ոճը յստակ է, պատկերաւոր, հաղորդական եւ պայծառ՝ իր մտքին պէս։
Անիկա ամէնէն պարզ նիւթերն անգամ գիտէ ճարտարօրէն մշակել ու ներկայացնել զանոնք գրաւիչ եղանակով, գրական արուեստով։

21

ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՐԵՒԱՆ  (հատուած)
Յիշո՞ւմ ես ապա.
Երաշտ մի հովտից, անանուն դաշտից
Պողպատ առ պողպատ
Դարերին նետուած կամուրջ մի հսկայ.-
Օ՜ Սարդարապատ...

Յիշո՞ւմ ես ապա.
Սրտերի գրոհ ու կամքի հեղե´ղ,
Ոգու ուրուակա´ն,
Ու մետաղացած բազուկներ ջրդեղ՝
Հրաբուխներից տեղահան անտա´ռ,
Ու երկնքի դէմ գալարուող թաթա´ռ-
Յիշո՞ւմ ես ապա՝
Մոռացուած մի գիւղ, մի խուլ կայարան-
Ղարաքիլիսա ու Բաշ-Աբարան...
Քաջալանջ Հայկից թող մինչեւ Տիգրան,
Ու պերճ Տիգրանից մինչ Կարմիր Վարդան,
Ու մինչեւ, Գագիկ, ու մինչեւ Թորոս,
Մինչեւ Դաւիթ Բէկ
Եւ մինչեւ, մինչեւ Բաղրամեա´նն հերոս,
Վե´ր կենան մի հեղ,
Հողի տակ ապրող մարտիկները մեր
Վե´ր կենան մի հեղ,
 Եւ Արարատից մինչ անհաս երկինք,
 Ու երկնքներից դեռ մինչեւ աստղեր,
Ու մինչեւ եթեր,
Ու մինչեւ Աստուա´ծ.
Ու համբոյր տան ձեզ,
Ու տան ձեզ պատի´ւ,
Տան Փա´ռք ու պարծանք՝
Հէ´յ Սարդարապատ
Ղարաքիլիսա´,
Հէ´յ Բաշ-Աբարան...

Յիշո՞ւմ ես ապա.
Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ՝
Դրօ´շ Եռագոյն…
Անդրանիկ Ծառուկեան

No comments:

Post a Comment